50 Տարի Առաջ (23 Սեպտեմբեր 1965)
Յաղթապանծ Արարան (47-րդ Տարեդարձին Առթիւ) Հայ վրիժառու բազուկը, յաւէտ յիշատակելի դիւցազնամարտերու շնորհիւ, փրկեց մեր պանծալի ժողովուրդին պատիւը այնպիսի պահու մը, երբ դարաւոր թշնամին ծրագրած էր ի սպառ բնաջնջել մեզ: Բարբարոս թուրքը իր «քաջութիւն»-ը ցոյց կու տար` վայրագօրէն ջարդելով անզէն ու անպաշտպան հայերը: Դէպի մահ կ՛առաջնորդէր անմեղ կիներու եւ երեխաներու կարաւանները, որոնք Միջագետքի եւ Սուրիոյ կիզիչ անապատներուն մէջ պիտի նահատակուէին` մարտիրոսի լուսապսակը իրենց ճակտին: Բախտորոշ այդ օրերուն հայ ժողովուրդի զաւակները մէկ կողմէ կովկասեան ճակատին վրայ մահու եւ կենաց կռիւ կը մղէին, պարտութեան կը մատնէին անարգ թշնամին եւ անկախ Հայաստան կը ստեղծէին, միւս կողմէ` հեռաւոր Ամերիկայէն եւ Եգիպտոսէն հայրենասէր երիտասարդներ կամաւոր արձանագրուելով,...
Կարդալ ԱւելինDetails



