Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Արարատ Միրզոյեանն ու Հաքան Ֆիտանը քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները` մտահոգութիւն յայտնելով իրավիճակի շարունակական սրման կապակցութեամբ: Անոնք կարեւոր նկատած են շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը: Աւելի կանուխ նոյն նիւթով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին...




















