Հայաստան
Մերձարեւադարձային
Պտուղներ
Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ ջրհեղեղէն փրկած իր միակ որթատունկը Նոյ Նահապետը տնկած է Արարատեան դաշտին մէջ: Կ՛երեւի` այդ պատճառով ալ կ՛ըսեն, թէ հայը եւ որթատունկը միասին աշխարհ եկած են:
Ամէն ժողովրդական բանահիւսութիւն կամ աւանդութիւն ունի իր պատմական ատաղձը: Իրողութիւն է, որ Հայաստանի մէջ խաղողագործութիւնն ու պտղագործութիւնը հին պատմութիւն ունին: Այդ մասին կը խօսին հնագոյն ժամանակներէն մնացած յուշարձանները, մինչեւ այսօր ալ պեղումներէն յայտնաբերուող հնձանները:
Ինչ կը վերաբերի մերձարեւադարձային պտղաբուծութեան` թէ՛ հին եւ թէ՛ նոր է: Օրինակ` նուռը: Ծանօթ է, որ նռնենին Հայաստանի մէջ մշակուած է դարեր առաջ: Զուարթնոցի աւերակներուն մէջ գտնուած քանդակներուն վրայ կան նաեւ նռնենիի ոստեր, իսկ զանազան վայրերու մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին գտնուած են նոյնպէս նռնենիի ածխացած ծաղիկներ:
Այժմ Հայաստանի մէջ նռնենին կ՛աճի հարաւարեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններու` ծովու մակերեսէն մինչեւ հազար մեթր բարձրութեան վրայ: Նռնենին հետզհետէ կը տարածուի նաեւ ուրիշ շրջաններու մէջ:
Մերձարեւադարձային պտղաբուծութիւնը դրուած է գիտական հիմքերու վրայ: Տասնեւհինգ տարիէ ի վեր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի այգեգործութեան եւ պտղաբուծութեան հիմնարկութիւնը կը զբաղի այդ պտուղներուն ընտրութեամբ եւ մշակութեամբ: Առհասարակ Հայաստանի պայմաններուն մէջ նռնենին համեմատաբար շուտ կը պտղաբերէ եւ բարձր ու կայուն բերք կու տայ, նոյնիսկ` քիչ խնամքի եւ մշակութեան պարագային:
Գիտական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ կլիմայական պայմանները թոյլ կու տան մշակելու` նուշ, թուզ, ձիթապտուղ եւ մերձարեւադարձային ուրիշ բոյսեր: 1950-էն ի վեր աշխատանքներ կը կատարուին այդ ուղղութեամբ:
Մերձարեւադարձային բոյսերէն նոր է նաեւ թուզը: Այդ համեղ պտուղը արդէն իր ուրոյն տեղը կը բռնէ հիւսիսարեւելեան շրջաններու պտղաբուծութեան մէջ:
Հայաստանի պայմաններուն մէջ բաւական դժուար է ձիթապտուղի մշակութիւնը: Սակայն տարիներու գիտական հետազօտութիւնները ցոյց տուին, որ երկրին հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ ձիթապտուղը կրնայ պատշաճ տեղ մը գրաւել:
Հիւանդանոցները`
100 Տարի Ետք
Աստղաբաշխները երբ մեր ապագան կը նախատեսեն, հազարաւոր մարդիկ կը հաւատան անոնց գուշակութիւններուն ու կը կարծեն, որ պիտի իրականանան: Սակայն երբ բժշկական գիտութիւնը մեր ապագայի մասին նախատեսութիւններ կ՛ընէ, պարագան կը փոխուի:
Նման նախատեսութիւն մը կ՛ընէ Նիւ Եորք նահանգի Ալպընիի հիւանդանոցի տնօրէնը, որ գիտական տուեալներու վրայ հիմնուած` կը ճշդէ հիւանդանոցներու վիճակը հարիւր տարի ետք: Ստորեւ` ամերիկեան մամուլին մէջ հրատարակուած իր մարգարէութիւնները.
– Վիրաբուժական գործողութիւնները պիտի ջնջուին եւ գործողութեանց սրահները աւելորդ պիտի ըլլան ապագայ հիւանդանոցներուն մէջ: Նոր գործելակերպը (լէյզըրը) պիտի ստեղծէ ապշեցուցիչ կարելիութիւններ: Հետեւաբար հազարաւոր մարդիկ, որ ցարդ կ՛ենթարկուէին վիրաբուժական գործողութեան մը փորձութիւններուն, անոր հոգեբանական ցնցումին եւ զանազան բարդութիւններուն, հարիւր տարի ետք պիտի դարմանուին առանց վիրաբուժի նշդրակին:
– Քաղցկեղը (քանսեր) եւ սրտի հիւանդութիւնները բոլորովին պարտուած պիտի ըլլան: Կարելի պիտի ըլլայ նոյնիսկ լեարդը հանել եւ անոր տեղ արհեստական լեարդ դնել այն դիւրութեամբ, որով այսօր կը կատարուին կարգ մը երկրորդական նշանակութիւն ունեցող վիրաբուժական գործողութիւններ:
– Մեր ջղային հիւանդութիւններն ալ գոյութիւն պիտի չունենան այլեւս: Ներկայիս արհամարհուած քնացումի մեթոտը պիտի տարածուի, բայց պիտի գործադրուի ելեկտրոնային միջոցներով, եւ արդիւնքները աւելի մեծ պիտի ըլլան: Մարդիկ անքնութենէ եւ անձկութենէ պիտի չտառապին այլեւս:
– Անշուշտ հիւանդանոցներ գոյութիւն պիտի ունենան ապագային ալ, բայց հիմակուաններէն բոլորովին տարբեր պիտի ըլլան: Հիւանդները մահճակալին մէջ պիտի պառկին եւ ինքնագործ ելեկտրոնային մեքենաներ բժիշկին տեղեկութիւններ պիտի տան անոնց վիճակին մասին` տաքութեան, սրտի գործունէութեան եւ նոյնիսկ անոր պէտքերուն մասին: Այնպէս որ, բժիշկը պէտք պիտի չունենայ անոնց այցելելու: Պատկերասփիւռի գործիք մը իրեն կարելիութիւն պիտի տայ անմիջապէս իրազեկ դառնալու հիւանդներու առողջական վիճակին ու դարմանումի յառաջդիմութեան մասին: Որովհետեւ վստահ պիտի ըլլայ, որ դարմանումը տեղի պիտի ունենայ անպայման: Մահուան ուրուականը հեռացած պիտի ըլլայ հիւանդանոցներէն: Ընդհանուր առմամբ մարդիկ ալ շատ հազուադէպօրէն պիտի հիւանդանան: Այսպէսով, մարդիկ պիտի նուիրուին իրենց գործին եւ զայն ամբողջացնեն, քանի որ հիւանդութիւնները զիրենք պիտի չհեռացնեն գործէն:
– Լուծուելիք հիմնական հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ սննդականոնի հարցը: Ելեկտրոնային ինքնագործ մեքենայ մը պիտի կրնայ ամէն մէկուն ըսել, թէ ո՛րքան ջեռոյթ գործածած է:
Հոս պէտք է ըսել, թէ բժշկական քննութեան մէջ պիտի տիրապետեն ինքնագործ մեքենաները, եւ հիւանդները պէտք պիտի չունենան յաճախ հիւանդանոցները այցելելու` իրենց հիւանդութեան ախտաճանաչումին համար: Քննութիւնները պիտի կատարուին տեղւոյն վրայ, բացարձակ ճշգրտութեամբ:
– Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ մահուան գլխաւոր պատճառները պիտի անհետանան` հրաշագործ դեղերու պատրաստութեան շնորհիւ:
Ծանօթ է, որ շնորհիւ մանրէասպան եւ այլ դեղերու` թոքատապի ու թոքախտի պատճառով մահերը հարիւրէն 2-ի իջան: Ասկէ ետք աւելի պիտի իջնեն ու պիտի չքանան: Մարդիկ քաղցկեղէ պիտի չմեռնին:
«Լենթերլէ» գործատան ամերիկացի բժիշկները քաղցկեղի դէմ փորձեր կը կատարեն: Ցարդ պատրաստած են հակաքաղցկեղային հինգ դեղեր, որոնցմէ Մեթրոթրիքսանիով` գլխու, ուղեղի, կոկորդի, լեարդի քաղցկեղին վրայ շահեկան փորձեր ու դիտարկութիւններ կատարած է Պոսթընի «Լահեն» դարմանատան տնօրէն տոքթ. Ռոպըրթ Սալլիւան, որ յաջողած է նաեւ սրտի հիւանդութիւններ դարմանել «Աքուամեքս» միզեցուցիչ եւ հակագերճնշումային դեղով:
– Ֆրանսայի մէջ գիտնականները կը կարծեն, թէ այս բոլոր յառաջդիմութիւնները տեղի պիտի ունենան բժշկական գիտութեան մէջ, 2065-էն շատ առաջ:
Թարգմ. ՎԷՆ