Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ Ֆրանսայի մէջ հայերէնի դասաւանդութեան բազմամեայ փորձառութիւնս կը ստիպէ, յաճախ ստիպած է աւանդաբար փոխանցուող ամրագրուած տեսակէտները վերաքննութեան ենթարկելու, եթէ պէտք է` վերասահմանելու փորձին մէջ մտնելու եւ արդի պայմաններուն համապատասխանեցնել ջանալու: Աշակերտին մէկ անմեղ հարցումը կրնայ անճրկեցնել ուսուցիչը եւ ստիպել, որ ան հասկնայ, թէ հինցած բանալիներով պիտի չբացուին նոր դռները: Այս համածիրին մէջ է, որ կը քննարկեմ «հայերէնը մայրենի լեզու»...