Խմբագրական. Փետրուարեան Դասերը
Փետրուար ամիսը եռախորհուրդ նշանակութիւն ունի, միեւնոյն առանցքով: Նախ կը նշուի Վարդանանքը, յետոյ Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ վերջապէս Արցախի ազատագրական շարժումը: Պարզ է, որ առանցքը բռնատիրութեան դէմ հաւաքական ծառացումն է եւ ազգային արժանապատուութեան գերադասումը: Եռախորհուրդը սակայն երկարաժամկէտ դրուածքով հայկական կողմին կառչած առաջադրանքներուն յաղթանակն է: Եթէ Վարդանանքը ժամանակի հեռաւորութենէն դիտուած ինքնութեան պահպանումն էր եւ կրօնափոխութեան մերժումը, ապա Փետրուարեան ապստամբութեամբ հանրահռչակուած ազատութեան եւ անկախութեան...




















