Լիբանանի Օգնութեան Խաչի
Արծուիկներուն Խարուկահանդէսը
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի արծուիկներուն կազմակերպած խարուկահանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 օգոստոս 1965, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Լիբանանի ամարանոցներէն Տհուր Շուէրի բարձունքին վրայ գտնուող փոքր անտառին մէջ:
Բնութեան ազատ ու գեղեցիկ այս վայրին մէջ, քանի մը շաբաթ միասին անցընելու համար, Հայաշէնի եւ Թրիփոլիի մասնաճիւղերուն մաս կազմող 24 արծուիկներ հաստատած են իրենց բանակավայրը:
Շրջագիծերու մէջ առնուած էջքէ մը ետք, բանակավայրի մուտքին, առաջին ակնարկով այցելողին ուշադրութիւնը կը գրաւեն պաստառի մը վրայ գրուած «Լիբանանահայ օգնութեան խաչի արծուիկներ» վերտառութիւնը եւ արծուիկներուն տասնաբանեան ցուցադրող յստակ գրութիւնները, որոնք ճաշակաւոր դասաւորումով փակցուած են դրան երկու կողմերուն վրայ:
Մուտքէն հազիւ քանի մը քայլ ներս, գետնին վրայ կանաչ շրջագիծով ներկայացուած է լիբանանեան մեծ մայրի մը, որուն կեդրոնը` հողով բարձրացուած մեծ ու փոքր Մասիսներուն քով, բարձրադիր ձողերու վրայ կը ծածանին եռագոյն, լիբանանեան եւ արծուիկներուն դրօշները:
Գրաւիչ տեսարանով փոքր ու սիրուն բանակավայր մըն է, ուր լարուած են վեց վրաններ, որոնցմէ մէկը` վարիչներունը, ամբողջութեամբ եռագոյն:
Աչքի կը զարնեն յատկապէս վերջին ծայր մաքուր ճաշարանն ու խոհանոցը:
Խանդավառ են արծուիկները: Եռանդուն աշխատանքի լծուած` կը պատրաստուին խարուկահանդէսի:
Հոծ բազմութիւն մը, առաւելաբար ծնողներ, լեցուցած են հանդիսավայրը: Ներկայ են Լիբանանի օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լ. Սասունի եւ Տհուր Շուէրի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչը:
Բացուած է խարուկահանդէսը:Հայաշէնի արծուիկներու վարիչ Արշակուհի Տէր Խաչատուրեան հայերէնով եւ արաբերէնով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Տհուր Շուէրի քաղաքապետութեան, որ հոգածու եղած է` արծուիկներուն հայթայթելով ջուր եւ ընելով այլ անհրաժեշտ օժանդակութիւններ:
Արծուիկներ կը խմբերգեն իրենց քայլերգը, ապա Յարութիւն Հապէշեան գործադրութեան կը դնէ ճոխ ու հաճելի յայտագիր մը` մէջ ընդ մէջ հայերէն ու արաբերէն իր սրամիտ պատմութիւններով մեծապէս զուարճացնելով հանդիսականները:
Տեղի կ՛ունենան երգ ու զուգերգ, անակնկալներ, զաւեշտ, ազգային տարազներու ցուցադրութիւն, հայկական ու արաբական պարեր, որոնք խանդավառ ծափերու կ՛արժանանան:
Մթնցած է արդէն: Հանդէսը վերջ կը գտնէ խարոյկի շուրջ կատարուած հնդկական պարով:
Բոլոր արծուիկները անխտիր արժանի են գնահատանքի, յատկապէս Հայաշէնի արծուիկներու վարիչ Արշակուհի Տէր Խաչատուրեան եւ Թրիփոլիի արծուիկներու վարիչ Լուսին Փիլիպպոսեան, որոնք կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ յաջողած էին պատրաստել այս հաճելի խարուկահանդէսը:
Ներկաները բանակավայրէն կը մեկնին գոհ տրամադրութեամբ:
* * *
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի աւելի քան 300 արծուիկները, որոնք մաս կը կազմեն Հայաշէնի, Էշրեֆիէի, Այնճարի եւ Թրիփոլիի մասնաճիւղերուն, Շրջանային վարչութեան անմիջական հոգածութեան տակ գնահատանքի արժանի աշխատանք կը տանին` ստանալով հայեցի ու տոհմիկ անհրաժեշտ դաստիարակութիւնը, որպէսզի դառնան հնազանդ ու հաւատարիմ, ուղղամիտ ու բարեկիրթ, որպէսզի ըլլան տնտեսող եւ գիտնան ուրիշին օգնել, որպէսզի կազմաւորուի իրենց հոգեկան աշխարհը, որպէսզի մտածումով, խօսքով ու գործքով, իբրեւ մաքուր հայուհիներ, դառնան ամէն քաջալերանքի արժանի` իր բազմաճիւղ օգտաշատ գործունէութեամբ ազգապահպանման ծառայող եւ լայն ժողովրդականութիւն վայելող մեր կանացի ամէնէն տարածուն ու օրինակելի կազմակերպութեան Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նուիրեալ ու եռանդուն խաչուհիները:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Պաալպեքի Միջազգային Ֆեսթիւալին
Մեր Մասնակցութեան Առիթով
Անտարակոյս Լիզպոնի 13 հոգինոց հայ գաղութի խանդավառութեան արդիւնք չէին այն խելահեղ եւ յոտնկայս ծափահարութիւնները, որ ձեզ աւելի վճռական եւ աւելի հաւատաւոր դարձուցին Քոլիզէի «Սանթօ Անթոնիօ»-ի կամ «Աւենիտա»-ի շքեղ թատերասրահներուն մէջ, ո՛չ, ձեզ քաջալերող եւ գնահատող բազմահազար ներկաները օտարներ էին, որոնք առաջին անգամ առիթը կ՛ունենային ծանօթանալու բազմադարեան հայ մշակոյթի գանձերուն եւ այդ ինքնատիպ գանձերը շքեղօրէն եւ հարազատօրէն ներկայացնելու որոշում տուած այս տղոց:
Փորթուգալի «Գալուստ Կիւլպենկեան միջազգային 9-րդ ֆեսթիվալ»-ի բացումը կատարելէ ետք, վաղը երեկոյ ձեզի կը վիճակուի փակել Պաալպեքի միջազգային 10-րդ ֆեսթիվալը:
Հոս նոյնպէս, Պաալպեքի հնամեայ սիւներուն տակ հայ մշակոյթին հիացողները միայն հայեր պիտի չըլլան…
Վստահ ենք, սիրելի՛ տղաք, ձեր գիտակցութեան, լայնախոհութեան, վճռակամութեան եւ զոհողութեան ոգիին վրայ: Լիբանանահայ երգ ու պարի անսամպլի կազմութեան առաջին օրերէն հետեւեցանք ձեր քայլերուն, ուրախացանք ձեր յաջողութիւններով եւ չափեցինք ձեր դժուարութիւնները, որոնք շա՜տ շա՜տ էին…
Հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի անգտանելի պիւտճէ…
Տղաք, որոնք իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ իրարու ձեռք սեղմելու առիթը կ՛ունենային…
Յայտագիր, հագուստներ, նուագ, փորձեր, փորձեր, ամրան այս տօթին` գիւղէն քաղաք եւ քաղաքէն գիւղ… ուշ գիշերներ. պարմանուհիներ, որոնք պէտք է միշտ տուն յանձնել… եւ տակաւին, յոգնած մեքանիստ-կօշկակարներ, իրենց մանուկները դրացիին հոգածութեան յանձնած մայրեր…
Հետեւեցանք այս բոլորին, սիրելի՛ տղաք:
Բայց վաղը երեկոյ, երբ Պաալպեքի հնամեայ տաճարները փոխակերպէք Ս. Կարապետը յիշեցնող երեկոներու, հոն ըլլան հայ հովիւները` հաւաքուած իրենց կրակին շուրջ` «Հովիւներու պար»-ով, հոն ըլլան «Ճօճան» պարերը հայաբոյր. հոն ըլլայ իր որկորը լաւապէս յագեցուցած շիրակցին իր «Շիրակի պար»-ով. հոն ըլլան հեզաճկուն աղջիկները մեր նազելի «Եաման եար»-ով. հոն ըլլան Սիփանայ քաջերը «Հեծեալներու պար»-ով եւ վերջապէս հոն ըլլան` Կոմիտասը, Կանաչեանը, Ալթունեանը, Սաթեանը, Աւետիսեանը, Զաքարեանը…
Եւ այս բոլորը հարազատօրէն ներկայացնող` Գեղամները, Արամներ, Սոնաներ կամ Ժանեթներ:
Վստա՛հ եղէք, սիրելի՛ տղաք, որ այս բոլորը ոչ միայն պիտի թնդացնեն սրտերը այն հազարաւոր հայերուն, որոնք պիտի գիտնան գնահատել ձեր այս շքեղ գործը իրենց ներկայութեամբ, այլեւ պիտի ըլլայ պանծացումը եւ ծանօթացումը հայ մշակոյթին միջազգային այս բեմէն, այս հիւրընկալ ափերու վրայ:
Ապրի՛ք, տղա՛ք: