50 Տարի Առաջ (22 Հոկտեմբեր 1965)
Պատմութեան Դասը (Հաճընի Հերոսամարտի 45-րդ Տարեդարձին Առթիւ) Մեր ժողովուրդի վեց հարիւր տարուան ստրկական շրջանի մթասքող պատմութեան մէջ լուսաւոր կէտերէն մէկն է Հաճընի հերոսամարտը, որ մղուեցաւ քառասունհինգ տարի առաջ: Ափ մը հայութիւն, կառչած իր հայրենի լեռներուն, առնական խիզախութեամբ ցցուեցաւ անհամեմատօրէն զօրաւոր թշնամի հորդաներու դէմ եւ որոշեց մեռնիլ իր ընտանեկան բոյներուն մէջ, քան` ձեռք առնել տարագրութեան անարգ ցուպը: Ութ ամիս շարունակ, գիշեր-ցերեկ հայ մարտիկին համազարկը արձագանգեց Հաճնոյ լեռներուն վրայ եւ ձորերուն մէջ` թշնամին գամուած պահելով իր դիրքերուն վրայ եւ յաճախ կրնկակոխ նահանջի մատնելով զայն: Ճիշդ է` ի վերջոյ ինկաւ Հաճընը: Բայց ինկաւ կռուելով եւ հերոսական գուպարներով: Ինկաւ` անմահութեան դափնին իր ճակտին: Այսօր,...
Կարդալ ԱւելինDetails

