Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
ՑՈԼԵՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ 7 օգոստոս: Առաւօտեան ժամը` 7:40: Մութին մէջ ժամերով մագլցելէ ետք, սառած ձեռքերով, ցաւող մէջքով եւ ամբողջ մարմինս պատած յոգնութեամբ, վերջապէս կանգնած էի Արարատ լերան գագաթին: Ծովու մակերեսէն 5137 մեթր բարձրութեան վրայ: Եւ պահ մը ամէն ինչ կարծես անհետացաւ: Հասած էի: Կանգնած էի այն լերան վրայ, որուն ամբողջ կեանքիս ընթացքին ակնածանքով նայած էի: Եւ այդ պահուն յիշեցի փոքրիկ աղջիկ...




















