Պատառ Մը Հայաստան
Բ.
Երբ դրօշ մը սիրես, ո՜րքան կը գեղեցկանայ ու կ՛աղուորնայ աչքիդ: Մեր ժողովուրդի գոյութեան եւ ուռճացման սնունդ` այս արեւ պաստառին առջեւ ինչպէ՞ս չխոնարհիս ու պատուի չկենաս: Ուրիշ ժողովուրդներ իրենց դրօշին տակ կրցան մեզ բնաջնջելու աստիճան հարուածել: Արդիւնքը եղաւ ամայացած դաշտեր, գիւղեր ու քաղաքներ, որոնցմէ այլեւս ոչ մէկ նպաստ ու երանգ ու արիւն իրենց դրօշին:
Մեղուները անտառի հարստութիւնն են. վա՛յ այն գիւղացիին, եթէ օր մը մեղուէ մը խայթուի եւ անտառի մեղուները փճացնող արշաւի մը սկսի: Ճիշդ է` իր սահմաններուն մէջ կրնայ փճացնել մեղուներուն կեանքը, բայց պիտի դատարկուին նաեւ բոլոր փեթակները, եւ քաղցրութիւն մը պիտի պակսի իր կեանքին մէջ:
Եւ ակնարկս հեռաւոր դրօշին` անկողնիս մէջ տակաւ երկար-երկար կը մտածեմ մեր ժողովուրդի անցեալին ու գալիքին մասին, չեմ ուզեր այս պատուհանի տեսարանէն ու խոկումներէս հեռանալ: Ահա ներս կը մտնէ Անդրանիկը. ութ քիլոմեթր քալած է լեռնային անկանոն, քարքարուտ ճամբաներէ ու Թիթիզեան այգիի բերքէն կողով մը խաղող ու թուզ բերած իրենց գիւղի հիւրերուն: Սուրէնը, որ միշտ բաժնած է ասմունքներուս սեւ աշխատանքը, կողքի անկողինէս ելած` կը նայի բաց աչքերուս ու կ՛ըսէ.
– Արթնցած ես ու ձայն չես տար:
Կը մատնանշեմ պատուհանէն դուրս պարզուող տեսարանը, այն երկար ընթեռնելի աշխարհը, որ Միջերկրականի մօտիկը մնացած պատառ մըն է Հայաստանի:
Ահա այս առաւօտեան զանգերու ղօղանջը, մանաւանդ երբ մանկութենէդ լսած ես զանոնք, որոնք կու գան կիրակի ու տօնական օրերն ու արեւը գունաւորելու գեղեցկացնելով ու երգի վերածելով բնութեան ամէն մէկ շարժումը, ներդաշնակ շնչառութիւն մը պարգեւելով ամէն իրի: Ահա նման հոգեվիճակ մը մեզ կը բարձրացնէ մինչեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ գիշեր մը առաջ նախատօնակ իր խորհուրդին մէջ գրկած էր մեզ կոմիտասեան, սեւակեան պատարագով: Հիմա «Լոյս ի լուսոյ» է եւ կը ծփայ «Խորհուրդ խորին, անհաս անսկիզբ»-ը:
Ակնարկդ ու մտածումդ կ՛ուղղուին խորանին, կը մանկանայ հոգիդ, խաղաղութեան ծարաւ շրթներդ կ՛երկարին աղբիւրին, ուրկէ կը բաշխուին հաց ու գինին` շարականեալ քաղցրութեամբ: Դարերով Աստուծոյ այս խորանէն սնած ու զօրացած պատարագեալ ժողովուրդիդ զաւակներուն պէս, կը մխրճուիս երկրայինին եւ երկնայինին մէջ:
Պատարագիչ սրբազանը` մեր ժողովուրդի սրբազնութեանց խնկարկուն ու զինուորեալ պատգամախօսը, Աստուածածնայ խորհուրդին գունագեղ երանգները կը տպաւորէ մեր միտքերուն մէջ, եւ ո՛րքան կը վերանայ, այնքա՛ն կը սրբանայ պահը, երբ կը զգաս, թէ հաւատացեալ ու ճշմարտապէս լուսաւորեալ ներաշխարհէ մը կ՛արձակուին խորհուրդի մը վերծանման ձայները:
Կը քրտնի եկեղեցին լուսաւոր մոմի արցունքներէն ու հաւատացեալներու ջերմեռանդութենէն: Քիչ անգամ վերացումի այս պահը կը շնորհուի ինծի: Խաղողօրհնութեան ամէն մէկ տառը կ՛ողողէ արտն ու այգին, եւ ծաղկած ու գեղեցկացած է դարերով դրախտը Հայաստանեայց…
Հասուն այգիներ. խուրջիններով շինականներ այգիներու ճանապարհէն կը վերադառնան բերքով բեռնաւոր: Խուրջինի մէկ աչքին մէջ մանուկ մը, միւս աչքին քանի մը քար` իբրեւ հաւասարակշռութեան միջոց: Արագ օրօրումներով հայ շինականը կ՛ուղղուի դէպի պապենական այգին, երկար ճանապարհին սուր քարերու սղոցումին չի դիմանար խուրջինը ու պատռուածքէ մը կը թափին քարերը, խուրջինը կը սահի` ձգելով մանուկը ճանապարհի քարերուն: Մանուկի ցաւած մարմինը կը բարձրացուի հօրը գիրկը, որ կը բարձրանայ Ուսումնասիրաց վարժարանի շեմքին, կը բարձրանայ դպրեվանքի կամարները մինչեւ` իբրեւ ուսանող, աբեղայ, վարդապետ, եպիսկոպոս, տեսուչ դպրեվանուց կաթողիկոսութեան Տանն Կիլիկիոյ եւ այսօր, Աստուածածնայ տօնին, պատարագիչ իր գիւղի խորանին` Գարեգին եպիսկոպոս…
Հայ գաւառը իր շնորհները միշտ ալ արդիւնաւորած է այնպէս, ինչպէս մայր հողը իր ստացած խնամքը` մէկի դէմ հազար բաշխելով:
Հիմա հայ մշակոյթի ու գիտութեան խորաններէն հայ բնագաւառի առողջ խմորով ջահակիրներ կը լուսաւորեն հայ կեանքը…
Օրհնուած խաղողի հատիկը կը ճմլուի բերնին մէջ` վերածուելով բաժակ մը գինիի` արբեցումովը դրախտասլաց կամարներուն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ: Կը սլանաս ճանչնալու ամէն մէկ թուփը վարդի, հասկը ցորենի, ծառը դափնիի եւ ընկոյզի, որոնք ելած շուրջպարի` իրենց օղակին մէջ կ՛առնեն տասը հայ գիւղեր, բլուրներ ու անտառներ, այգիներ, աղբիւրներ ու պարտէզներ: Շինականներ իրենց մատաղներով ու դհոլ-զուռնայով կը պարեն ու կը պարեցնեն քեզ, հոգիդ կը խայտայ… Ո՜րքան գեղեցիկ է հայաշխարհը: Ա՜խ, ի զուր չեն մեռեր ու անմահացեր Աբովեանն ու Րաֆֆին, Քրիստափորն ու Փարամազը: Հիմա` Ս. Աստուածածինը բարեխօս այդ բոլորին:
Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ
(Վերջը յաջորդով)
Հայ Ուսանողի
Մը Յաջողութիւնը
Լոնտոնի համալսարանի Քուինզ Մերի քոլեճի ուսանող Արամ Գէորգեան մեքենական ճարտարագիտութեան ճիւղի պսակաւորի 1965 թուականի աւարտական քննութիւններուն մէջ յաջողելով` շահեցաւ նոյն ճիւղի առաջնութիւնը: Ի գնահատութիւն Ա. Գէորգեանի փայլուն յաջողութեան` Լոնտոնի համալսարանը կրթաթոշակ կը յատկացնէ անոր, եռամեայ ժամանակաշրջանի մը համար, որպէսզի զբաղի բարձրագոյն կրթութեան, գիտահետազօտական աշխատանքներով:
Այժմ ան ընտրած է հաշուիչ մեքենաներու մասնագիտութիւնը: Եռամեայ գիտահետազօտական աշխատանքներէն ետք Ա. Գէորգեան պիտի արժանանայ տոքթորի կոչումին:
Որդին իրաքահայ Խաչիկ եւ Ովսաննա Գէորգեաններու, Արամ ծնած է 28 օգոստոս 1942-ին, Պաղտատ: Տարրական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն հայոց ազգային դպրոցը, ապա ամերիկեան ուսումնարանին մէջ ստացած է միջնակարգ ուսումը: Ապա ընդունուած է Լոնտոնի համալսարանը:
Ա. Գէորգեան ուսանողի իր ընդունակութիւններուն կը միացնէ աշխուժ եւ շնորհալի երիտասարդի այլ բարեմասնութիւններ եւս: Ան Լոնտոնի համալսարանի ժիւտոյի ակումբի խմբապետն է: Անոր առաջնորդութեամբ համալսարանի ժիւտոյի խումբը շահեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ համալսարաններու ժիւտոյի ախոյեանութիւնը: Ինք սրճագոյն գօտեկիր է:
Միաժամանակ, Ա. Գէորգեան հմուտ է սեղանի թենիսի խաղին մէջ: Լոնտոնի Հայ երիտասարդաց միութեան կազմակերպած 1962-1963 տարեշրջան մրցումներուն շահեցաւ առաջնութիւնը:
ՆԱՒԱՍԱՐԴ
Լոնտոն