Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1965)

Սեպտեմբեր 5, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Պաալպեքի Փառատօնը

Տասնամեակ մը ամբողջ Լիբանան կը խօսեցնէ իր հնադարեան տաճարները` Պաալպեքի կախարդական մթնոլորտին մէջ:

Տասը տարի միջազգային համբաւաւոր արուեստագէտներ, նուագախումբեր, դերասաններ եւ պարախումբեր արուեստի  պաշտամունքը կատարեցին հազարամեայ սիւներու վեհաշուք ստուերին ներքեւ, իրենց տաղանդին ընծայուած այդ եզակի միջավայրին մէջ:

Գեղեցիկ  այս երկիրը իր միջազգային համբաւին վրայ նոր փայլ մը աւելցուց Պաալպեքի փառատօնով, որուն յաջողութեան համար ամբողջական նուիրումով մը գործի լծուած են ազնիւ լիբանանցիներ` նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբը լիբանանեան պետութեան:

Երեք գիշեր Պաալպեք եղաւ հայկական, ինչպէս գրած էր լիբանանեան շաբաթաթերթ մը: Լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլը, Լիզպոնի իր յաջողութենէն ետք, ոչ միայն Պաալպեքի փառատօնի մակարդակին արժանի ելոյթ մը ունեցաւ, այլ նաեւ հայկական ֆոլքլորին կախարդանքով հիացում պատճառեց մեր լիբանանցի հայրենակիցներուն եւ օտար հանդիսականներուն:

Անկախ ձեռնարկին գեղարուեստական յաջողութենէն, որուն համար շնորհաւորելի են խումբին բոլոր դերակատարները, շնորհաւորելի եւ խրախուսիչ է մասնաւորաբար այն իրողութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով հայութիւնը իր արուեստագէտ զաւակներով կը ներկայանար միաճակատ` արուեստի հաղորդական մթնոլորտին մէջ, ի փառս մեր մշակութային արժէքներուն:

Այս առթիւ մեր անխառն ուրախութիւնը յայտնելով` կ՛արձանագրենք գնահատանքի մեր անկեղծ արտայայտութիւնը այն աշխատանքին համար, որ կատարուեցաւ` նախ հայկական ընդհանուր խումբ մը կազմելու, երկրորդ`  Պաալպեքի փառատօնին մեր մասնակցութիւնը ապահովելու համար:

Կը կարծենք, որ ասիկա առաջին քայլն է: Յառաջիկայ տարիներուն եւս հայ երգն ու պարը (ինչո՞ւ չէ` նաեւ թատրոնը) պիտի ունենան իրենց արժանի տեղը միջազգային այս փառատօնին մէջ:

Ժողովուրդներու իրերհասկացողութեան համար արուեստի եւ մշակոյթի ճամբան ամէնէն ապահովն է:

Սրտանց կը շնորհաւորենք այդ ճամբուն անխոնջ ուղեւորները:

 

Հայաստան

Դուինի Պեղումները

Դուինը դարձած է ոչ միայն միջնադարեան, այլ նաեւ նախահելլենական հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան վայր մը: Հնագէտները քաղաքային միջնադարեան խաւերուն տակ, եօթը մեթր խորութեան մէջ գտած են հայկական ընդարձակ բնակավայր մը, որ կը վերագրուի Քրիստոսէ առաջ Ե.- Գ. դարերուն: Հետաքրքրական է կաւագործական հնոցը, ուր թրծած են խոշոր կարասներ: Այդքան հին հնոց առաջին անգամ է, որ կը գտնուի Հայաստանի մէջ: Պեղումներուն վարիչը` փրոֆ. Կարապետ Ղաֆադարեան կ՛ենթադրէ, թէ Դուինի նախահելլենական խաւը չէ հնագոյնը: Անոր կարծիքով, Դուինը բնակուած էր ուրարտական շրջանին եւ շատ հաւանաբար նաեւ` պղինձի դարուն: Իրապէս ալ այդ մասին կը վկայեն տարբեր շրջաններու մէջ գտնուած առարկաներ, որոնք կը պատկանին Քրիստոսէ առաջ Ե.- Գ. հազարամեակներուն: Պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են նաեւ միջնադարուն պատկանող հետաքրքրական առարկաներ: Մեծ արժէք կը ներկայացնեն նաեւ Ե. – Է. դարերուն վերաբերեալ իրերը` ապակիէ անօթներ, կաւամաններ, զարդեղէններ, դրամներ. ասոնք գտնուած են քաղաքին կեդրոնական մասի մէկ շէնքի թաքստոցին մէջ:

Մ. Զարիֆեանի Հաւաքածոն

«Հայաստան» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Մատթէոս Զարիֆեանի գործերու հաւաքածոն: Առաջին անգամ է, որ Հայաստանի մէջ հրապարակ կ՛ելլէ վաղամեռիկ բանաստեղծին քերթուածներուն հաւաքածոն:

Էտուար Իսաբեկեանի Նկարները

Վերջերս իր յիսնամեակը նշած Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Էտուար Իսաբեկեանի գործերուն ցուցահանդէսը մեծ իրադարձութիւն մը կազմած է Երեւանի մշակութային կեանքին մէջ: Հայ լաւագոյն նկարիչներէն մէկն է Իսաբեկեան, որուն պաստառները պատմական ու դիւցազներգական նիւթեր ունին:

150 իւղանկար եւ նոյնքան ալ ջրաներկ եւ ուրուագիծ պարունակող ցուցահանդէսին մէջ տիրական տեղ գրաւած է «Պատասխան Յազկերտին» գործը, որ 1960-ին աւարտած է: «Աւարայրի ճակատամարտը» տեսակ մը նախորդին շարունակութիւնն է: Իսաբեկեան ունի ուրիշ հոյակապ գործեր ալ, ինչպէս` «Երիտասարդ Դաւիթը» եւ «Դաւիթ Բէկը»:

Միւս կողմէ` ան տուած է նաեւ հայ ականաւոր գրողներու` Սայաթ Նովայի, Խաչատուր Աբովեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Դերենիկ Դեմիրճեանի եւ Ակսէլ Բակունցի դիմանկարները:

Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանքին» եւ Սերօ Խանզադեանի «Մխիթար սպարապետին» նկարազարդումերը իրեն են եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բնութեան Հրաշալիքներէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?