Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ Երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2026-ին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ այցելեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԺԲ. դասարանի աշակերտ Արինա Ուաննէս, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ դպրոցին առաքելութիւնը` քրիստոնէական հաւատքի, հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան փոխանցման գործին մէջ: Ան դիմելով սրբազան հօր` ըսաւ. «Սրբազա՛ն հայր, ձեր այցելութիւնը կը համընկնի Թարգմանիչ վարդապետներու...

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2026-ի կէսօրէ առաջ ընդունեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Նելլի Աղասարգիսեանի: Ծանօթացման այս այցելութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու իրավիճակին մասին` լուսարձակի տակ առնելով ԼՕԽ-ի դերակատարութիւնը գաղութի տարրական կարիքները հոգալու վերաբերեալ:  Սրբազան հայրը մօտէն տեղեկացաւ այս կազմակերպութեան ներկայի կացութեան և անոր...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

Ուրբաթ, 9 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով կազմակերպուած հայ գիրքի փառատօնին` ներկայութեամբ կրօնական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական մարմիններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, պատասխանատուներու, տնօրէններու եւ ընթերցասէրներու: Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին Հայաստանէն եւ սփիւռքէն աւելի քան 25 հրատարակչատուներ, հրատարակչութիւններ, ինչպէս նաեւ` մեծ թիւով հեղինակներ: Հրատարակութիւնները կեդրոնացած էին ընդհանրապէս 2015-էն 2026...

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առաջին Տարեդարձին Առիթով

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առաջին Տարեդարձին Առիթով

Շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք մատուցեց գոհաբանական սուրբ պատարագ Ս. Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասումին առաջին տարեդարձին առիթով, Պէյրութի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Այս առիթով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը կը ներկայացնէր տեղեկատուութեան նախարար դոկտ. Փոլ Մըրքոս, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրին` երեսփոխան Յակոբ...

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Ծրագիրի 2026-2027 Տարեշրջանի Մեկնարկը` Շուրջ 100 Հայ Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Ծրագիրի 2026-2027 Տարեշրջանի Մեկնարկը` Շուրջ 100 Հայ Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

Շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 2026-ին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը պաշտօնապէս մեկնարկեց «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» (Youth Engaged in Society - YES) բանավէճի ծրագիրի 2026-2027 տարեշրջանը` Պուրճ Համուտի Համայնքային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած հանրային խօսքի հմտութիւններու իրազեկման դասախօսութեամբ: Այս տարուան առաջին հանդիպումին մասնակցեցան Լիբանանի 14 հայկական վարժարաններէ շուրջ 100 հայ աշակերտներ, որոնք համախմբուեցան` հաղորդակցութեան, հանրային խօսքի եւ բանավիճելու իրենց հմտութիւնները զարգացնելու, նոր գիտելիքներ ձեռք բերելու...

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով

Շաբաթ, 17 հոկտեմբերի երեկոյեան «Վանայ Ձայն» յոբելենական ճաշկերոյթով մը նշեց իր հիմնադրութեան 40-ամեակը: Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ պետական, ազգային, եկեղեցական, կուսակցական, համայնքային պատասխանատուներու եւ ռատիոյականի բարերարներու ու բարեկամներու: Ճաշկերոյթին սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան եւ նշեց, որ սովորական ձեռնարկ մը չէ 40-ամեակի նշումը, այլ հաշուետուութիւն մըն է 40 տարուան աշխատանքի եւ միաժամանակ...

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

«Վանայ Ձայն»-ը` սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը, այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը` չորս տասնամեակ հայ երգին, խօսքին, ազգային եւ մշակութային արժէքներուն իր նուիրումը: «Վանայ Ձայն»-ը անցնող 40 տարիներուն սովորական ռատիոկայան մը չեղաւ, միայն լուռ ու տեղեկութիւն չփոխանցեց, ոչ ալ երգ ու երաժշտութիւն սփռող պարզ միջոց մը հանդիսացաւ, այլ նաեւ եղաւ ու մնաց իր ժողովուրդին ամէնօրեայ զարկերակովը ապրող, անոր...

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին իւրայատուկ հաւաք մը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի «Սեն Ժաք» համալիրէն ներս` ներկայութեամբ  պետական, կուսակցական, միութենական դէմքերու եւ ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր հայ թէ ոչ հայ հոծ բազմութեան: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը ընթացք առաւ Տարիա Խտըշեանի ողջոյնի խօսքով: Ֆրանսերէն լեզուով արտասանած իր խօսքին մէջ տաղանդաւոր արուեստագէտը, ողջունելէ ետք ներկաները, պարզեց նշեալ...

ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ Նաւասարդեան Խաղերու Մեկնարկը Տրուեցաւ Փառաշուք Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ Նաւասարդեան Խաղերու Մեկնարկը Տրուեցաւ Փառաշուք Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի արդի պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուելիք իրադարձութեան մը ականատես եղաւ լիբանանահայութիւնը կիրակի, 18 հոկտեմբերին, երբ ամենայն բծախնդրութեամբ եւ իմաստալից բովանդակութեամբ, աւանդականն ու արդիականը միացուցած ծրագիրով ու յայտագիրով տպաւորիչ հանդիսութեամբ մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի Նաւասարդեան անդրանիկ խաղերուն: Դաշտը, ուր սովորաբար մրցումներ կը կատարուին, յաղթանակներ կ՛արձանագրուին, եւ պարտութիւնները մարզիկները կը մղեն յաւելեալ կորովով յաղթանակի ձգտելու, վերածուած էր հանդիսավայրի, ուր եւս տիրականը մրցումներն...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2026-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի  նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Նելլի Աղասարգիսեանի, ներկայացնելու նոր տարեշրջանի աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները եւ ստանալու հայրապետին օրհնութիւնը: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց ընդհանրապէս ԼՕԽ-ի եւ յատկապէս Լիբանանի վարչութեան նուիրական գործունէութիւնը` ի մասնաւորի ընկերային ծառայութեան, դաստիարակչական եւ հայ մշակոյթի պահպանման ոլորտներուն մէջ: Ան առանձնացուց Լիբանանի շարունակուող տնտեսական դժուար...

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը

Օրհնութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2026-ին «Արամ Ա. կաթողիկոս հայագիտական հիմնարկ»-ը սկսաւ իր 2026-2027 կրթական տարեշրջանը` հայագիտական կրթութեան ճամբով հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ու ամրապնդման իր առաքելութիւնը շարունակելու նորոգուած վճռակամութեամբ: Նոր տարեշրջանին հիմնարկը դիմաւորեց 45 առկայ եւ առցանց ուսանողներ, ինչպէս նաեւ` եօթը ազատ ունկնդիրներ: Վերամուտին առիթով տեղի ունեցաւ բարի գալուստի ջերմ հանդիպում մը` տնօրէնութեան,...

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, ուրբաթ, 9  հոկտեմբեր 2026-ի կէսօրէ առաջ  ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ` գործակցաբար ՄԱԿ-ի Տնտեսութեան եւ ընկերային հարցերու խորհուրդի (ԷՔՈԶՕՔ-ECOSOC)  խորհրդական կազմակերպութիւններէն` ՕՔՍՖԱՄ-ի եւ Դանիոյ բարեսիրական դրամահաւաքին, երկու հարիւր կիներուն համար կազմակերպուած «Սնունդի հասանելիութիւն եւ խաղաղ համակեցութիւն» խորագիրով ճաշի եւ բժշկական խտացեալ իննամսեայ դասընթացքի ամբողջացման նուիրուած: Լիբանանեան մարդագրական խճանկարին տարբեր շերտերէն կիններու ու յատկապէս մեծամասնութեամբ հայուհիներու մասնակցութեամբ...

ԱՖՀԻԼ-ի Եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Համագործակցութեամբ Ապահովագրութեան Քարտեր Յանձնուեցան Այնճարի Եւ Պէյրութի Մէջ Բնակող Այնճարցիներուն

ԱՖՀԻԼ-ի Եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Համագործակցութեամբ Ապահովագրութեան Քարտեր Յանձնուեցան Այնճարի Եւ Պէյրութի Մէջ Բնակող Այնճարցիներուն

Շաբաթ, 3 հոկտեմբեր 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Այնճարի մէջ կատարուեցաւ ԱՖՀԻԼ ապահովագրական քարտերու բաշխումը, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ: ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին անունով ներկաները ողջունեց Լալիկ Խօշեան եւ ըսաւ. «Կոմիտէին հետեւողական ջանքերով եւ ԱՖՀԻԼ ապահովագրական հաստատութեան տնօրէնութեան հետ գործակցութեամբ, Այնճարի մէջ բնակող եւ պէյրութաբնակ այնճարցի հայրենակիցներուն ապահովագրութեան միտող կենսական աշխատանքը արդէն իր լրումին հասած է` հանդիսանալով միասնականութեան...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման  Աշխատանքներու Մեկնարկում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման Աշխատանքներու Մեկնարկում

Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Երեւանի Մաշտոցեան մատենադարանի պատուիրակութիւնը, տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մատենադարանի տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ Վահէ Թորոսեան, տնօրէնի խորհրդական Գուրգէն Գասպարեան եւ վերականգնման բաժինի աւագ վերականգնողներ Սուսաննա Պաղտասարեան եւ Չինար Մկրտչեան: Հանդիպման վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տնօրէն Շահան արք....

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

Շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Վանայ Ձայն»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթ` մասնակցութեամբ հայրենի երգիչներ Լիանա եւ Կարէն Զաքարեաններու: «Վանայ Ձայն»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակը եղաւ առիթ անգամ մը եւս հաստատելու, որ ձայնասփիւռի այս կայանը կը մնայ սփիւռքահայութեան հարազատ ձայնը: Բացումը կատարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, խօսքեր առին «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան...

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան

Ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 2026-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան: Թանգարանին սրահին մէջ, Թարգմանչաց տօնին առիթով, աշակերտութեան խոստումը կարդաց երկրորդականի Ժ. դասարանի աշակերտուհի Լոռի Պապոյեան: Ողջոյնի խօսք արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան: Ապա թանգարանի տեսուչ Պսակ վրդ. Թէփիրճեան աշակերտներուն փոխանցեց Թարգմանչաց տօնին...

Ստացանք

Ստացանք

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը ձեռնարկած է թերթի մատենաշարի ամբողջացման աշխատանքին, եւ կոչ ուղղած էր ընթերցողներուն, որ եթէ իրենց մօտ թիւեր կը գտնուին, բարեհաճին նուիրել «Ազդակ»-ի գրադարանին: Այս առումով մեր ընթերցողներուն ընդառաջումը կը շարունակուի: Գոհունակութեամբ եւ խոր գնահատանքով կ՛ուզենք յայտնել, որ մեր ընթերցողներէն Խաչիկ Պէրպէրեան «Ազդակ»-ի գրադարանին կը նուիրէ իր մօտ գտնուող եւ ցարդ անգտանելի մնացած Մարսէլ տը Թանքուրի «Միջնաբերդին լրտեսը» (թիւ 4,...

«Վկայութեան Եւ Վերականգնումի Ցանցեր. Միսիոնարական Շարժումը Եւ Հայ Աւետարանական Համայնքը» Գիտաժողով Հայկազեան Համալսարանի Մէջ

«Վկայութեան Եւ Վերականգնումի Ցանցեր. Միսիոնարական Շարժումը Եւ Հայ Աւետարանական Համայնքը» Գիտաժողով Հայկազեան Համալսարանի Մէջ

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի (ՀՍՈԿ) եւ Փոցտամի Լեփսիուս կեդրոնի (ՓԼԿ) գործակցութեամբ, 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Վկայութեան եւ վերականգնումի ցանցեր. միսիոնարական շարժումը եւ Հայ աւետարանական համայնքը» վերնագրեալ գիտաժողովը: Միօրեայ գիտաժողովին բացումը կատարեց ՀՍՈԿ-ի տնօրէն փրոֆ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ բարի գալուստի խօսքով ուրախութիւն յայտնեց, որ կեդրոնը վերսկսած է իր աշխուժ գործունէութեան: Ան մատնանշեց վերջերս Երեւանի մէջ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայաստանի...

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

40 տարուան տեւողութեան «Վանայ Ձայն»-ը իրապէս հանդիսացաւ ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը` շնորհիւ ձայնասփիւռի կայանին իրերայաջորդ պատասխանատուներուն եւ անձնակազմին հետեւողական աշխատանքին եւ ծառայութեան անխախտ կամքին: «Վանայ Ձայն»-ը սոսկական ձայնասփիւռի կայան մը չէ, այլ ազգային դիմագիծ եւ տեսլական ունեցող կայան մը: Իր հիմնադրութեան առաջին օրէն «Վանայ Ձայն»-ը հանդէս եկաւ իբրեւ հայկական ազգային արժէքներու եւ ազգային սկզբունքներու ջատագովման...

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

«Ազդակ»-ի 91-րդ առցանց լսարանը 5-րդ անգամն ըլլալով հիւրընկալեց Փրակայի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեանը: Լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան դասախօսութիւնը վերնագրած էր «Գանձեր Մխիթարեան երաժշտական աւանդութենէն»: Տպաւորիչ հմտութեամբ, հանրածանօթ երաժշտագէտը «Ազդակ»-ի լսարանականներուն ներկայացուց բացառիկ տուեալներ եւ անոնց հիման վրայ...

Page 1 of 364 1 2 … 364

Արխիւներ