Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Երէկ երեկոյեան 2026-2027 տարեշրջանի իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը 89-72 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Անդրանիկէն, «Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ: Անդրանիկ համեմատաբար աւելի լաւ պատրաստ էր, քան ՀՄԸՄ, որ իր առաջին մրցումը կատարեց կազմուելէ ետք, մինչ Անդրանիկ շաբաթ մը առաջ մասնակցած էր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը: ՀՄԸՄ-ի տղաքը բաւական կազմակերպուած կը խաղային երեք մասերուն, բայց վերջին մասին չկրցան...




















