Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Սեպտեմբեր 1965)

Սեպտեմբեր 4, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

Ֆրանսահայ Գիտնական Մը

Վերջերս եւրոպական մամուլը արձագանգ կը հանդիսանայ տեսնուած իրաւ կամ ենթադրական թռչող սկաւառակներու մասին: Փարիզեան թերթերէն «Լ՛Օրոր» օգոստոս 20-ի թիւով կը խօսի հայ աստղագէտի մը` Ալեքսան Անանեանի մասին, որ Էօր է Լուարի մէջ տեսեր է թռչող սկաւառակ մը եւ զայն քններ` աստղաբաշխի աչքով: Հայ գիտնականը կը պատմէ.

Ժամը 20:05-ին առարկան յայտնուեցաւ` ուղղուելով դէպի արեւմուտք: Առարկան կը ներկայանար մերթ սկաւառակի մը ձեւով եւ մերթ` ոսպնեակաձեւ: Այս վերջին ձեւին մէջ երկու ծայրերը յոյժ լուսաւոր էին: Սկիզբը առարկան իբր թէ երկնքին մէջ կեցած էր անշարժ` ճօճուելով միայն իր խարիսխին վրայ: Յետոյ բաւական արագօրէն ուղուեցաւ դէպի արեւմուտք, կոր շրջան մը գծելէ ետք: Ամպ քիչ կար եւ տեսողութիւնը կատարեալ էր: Առարկային լոյսին զօրութիւնը կրնար համապատասխանել Արուեսակի լոյսին երկու կամ երեք զօրութեան: Առարկային ընթացքը յանկարծ արագացաւ: Կարելի չէ ճշգրիտ գնահատել: Հեռադիտակին մէջ սկաւառակը շատ յստակ կ՛երեւէր եւ կը գրաւէր հեռադիտակին ծաւալին մէկ քառորդը: Անկարելի էր սակայն տրամագիծը ճշդել եւ սահմանել արագութիւնը: Շրջակայ ծառերը նշան բռնելով` հետեւեցայ իր թռիչքին, երեսունհինգ վայրկեանի մէջ կտրած տարածութիւնը յատկանշական էր: Սկիզբը լուսաթափանց կէտ մը: Ոմանք տեսած են ներքին ձող մը: Ես անձնապէս բան մը չեմ տեսած: Յամենայնդէպս շրջագիծը շատ աւելի լուսաւոր էր: Առարկան ճիշդ թափանցիկ արեւակնային քարի տպաւորութիւն կու տար: Ի վերջոյ անհետացաւ եօթը հազար մեթր բարձրութեամբ ամպերու մէջ»:

Անանեան յաջողած է նաեւ նկատել կարծեցեալ շրջուն սկաւառակը:

«Լ՛Օրոր» նաեւ կենսագրական տեղեկութիւններ կու տայ հայ գիտնականին մասին: Ծնած է 1910-ին` Ալեքսան Անանեան 17 տարեկանին արդէն մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ աստղագիտութեան հանդէպ: 1931-ին կը վկայուի Ֆրանսայի Աստղագիտական ընկերութենէն: 1950-ին կը ստանայ Շթութկարտի Միջմոլորակային ճամբորդութեան ընկերութեան հիմնած «Հերման Օպերթ» մետալը: Նոյն տարին պարգեւատրուեցաւ նաեւ Աստղագիտութեան միջազգային մրցանակով: Ալեքսան Անանեան հեղինակ է նաեւ արժէքաւոր գիրքերու. «Միջմոլորակային ճամբորդութիւններու մեծ հարցերը», «Տիեզերագիտութիւնը» եւ այլն:

 

Ներքին Կեանք

Բազմահազար Օտարներ Լիբանանեան
Քաղաքացիութիւն Ստացած Են

Քաղաքացիութեան խնդիրը կը շարունակէ այլազան մեկնաբանութիւններու նիւթ ծառայել սերայի շրջանակներուն մէջ եւ մելան հոսեցնել մամուլին մէջ: Կ՛երեւի, թէ նախարարաց խորհուրդը իր վերջին նիստին պիտի զբաղէր այս հարցով, բայց ստիպուեցաւ հրաժարիլ` ժամանակ գտած չըլլալով:

Շաբթուան սկիզբը ներքին գործոց նախարարը տեսակցութիւն մը ունեցաւ գաղթականական գործերու տնօրէն Ռաֆիք Շահինի հետ` ի մասին առաջին արդիւնքներուն այն քննութեան, որուն նպատակն է երեւան հանել լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար կարգ մը գաղթականներու ի գործ դրած միջոցները: Ռ. Շահին յայտնած է, թէ պատկան սպասարկութիւնները կը շարունակեն իրենց հետազօտութիւնները, եւ կը խորհի յստակ տեղեկագիր մը պատրաստել մօտ ատենէն: Արաբական երկիրներու քաղաքացիներու պարագան նկատի ունեցող սահմանափակ քննութիւն մը անբաւարար նկատուած է տոքթ. Քնիոյի կողմէ:

Մինչ այդ կառավարութիւնը պատրաստելու վրայ է նոր օրէնք մը, որպէսզի ապօրինի կերպով քաղաքացիներու իրաւունք կարելի չըլլայ ստանալ այսուհետեւ:

Պատասխանատուները կը խորհին նաեւ քննել պարագան բոլոր անոնց, որոնք վերջերս քաղաքացիութիւն ստացան:

Այս նպատակին համար նախարարը պիտի տեսակցի մարդահամարի սպասարկութեան հետին հետ` իմանալու համար, թէ բազմահազար օտարականներ ինչպէ՞ս կրցան երկու տարուան մէջ քաղաքացիութիւն ստանալ:

Վարչապետը որոշեց բոլոր ձեւակերպութիւնները առկախել, մինչեւ որ նոր օրէնքը վաւերացուի:

Ռումբ Պհամտունի Մէջ

Առջի օր, առաւօտեան ժամը 1:00-ին, Պհամտունի մէջ պայթեցաւ ռումբ մը, քուէյթցի երեւելի Մուլլայի ապարանքին մօտերը: Բարեբախտաբար զոհ չկայ, իսկ նիւթական վնասները չնչին են:

Միւս կողմէ, սակայն Քուէյթի արաբ ազգայնականներու շարժման պետ տոքթ. Ահմետ Խաթիպի մօտիկ ազգականներէն մէկը, որ նոյնպէս Պհամտուն կը բնակի, անծանօթներու կողմէ կրակուած ատրճանակներու թիրախ հանդիսացած է իր բնակարանին մէջ, բայց անվնաս դուրս եկած է:

Նախնական քննութիւնները տակաւին երեւան չեն հանած այս ոճրափորձին հեղինակները, բայց հաստատուած է, որ եղածը հաշուեյարդար մըն է քուէյթեան հակամարտ շարժումներու միջեւ:

Նախապատուութեան Կարգ
Հեռաձայնի Գիծերուն Համար

Փոսթ-հեռագրական նախարարը հեռաձայնի սպասարկութեան պատասխանատուներէն պահանջեց տեղեկագիր ներկայացնել իրեն` Պէյրութի մէջ բաժանորդներու թիւին եւ վերջերս արձանագրուած խնդրագիրներու մասին:

Տեղեկագիրին մէջ պիտի ըսուի նաեւ, թէ ցանցը որքանո՞վ պէտք է ընդլայնել Պէյրութի եւ այն շրջաններուն մէջ, ուր ինքնագործ հաստատուած է:

Միւս կողմէ` խնդրագիրները երեք դասակարգի պիտի բաժնուին. անոնք, որոնք շուտափոյթ գոհացումի կը կարօտին. անոնք, որոնք անհրաժեշտ են, ու վերջապէս` սովորական նկատուածները:

Պէյրութի մէջ 24 հազար խնդրագիր ներկայացուած է, այլ շրջաններու մէջ` 22 հազար:

Բագոսի Հնադարեան Տաճարին Մէջ
Հայ Երգին Ու Պարին Կախարդանքը
Լիբանանահայ Անսամպլի Բացառիկ Յաջողութիւնը

Երգի, պարի ու գոյներու կախարդանք մը երէկ գիշեր կենդանացուց Պաալպեքի Բագոսի տաճարին հազարամեայ քարերը: Լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլը աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրեց` բազմահազար հանդիսականներու անվերապահ գնահատանքին  եւ օտարներու հիացումին արժանանալով:

Երեկոյթին ներկայ եղան Լիբանանի վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ երեսփոխաններ, դեսպաններ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան Հայաստանի «խորունկ երգ»-ին, ինչպէս կը գրէ այս առտու «Լը Ժուր»:

Ամբողջութեան մէջ, լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլը արդարացուց բոլոր ակնկալութիւնները: Սկսած` խմբավար տոքթ. Է. Էլմաճեանէն մինչեւ երգչախումբին ու պարախումբին երիտասարդ դերակատարները` բոլորն ալ կրցան ստեղծել այն մթնոլորտը, որ ամէնէն աւելի կը փնտռուի նման ելոյթներու ընթացքին:

Յատուկ յիշատակութեան արժանի են անշուշտ` պարուսոյց Սարգիս Փասգալեան, երգչուհի Ժանեթ Գույումճեան, պարիթոն Արա Կիրակոսեան, մենապարող Սոնա Փոլատեան եւ Գեղամ Ճիերճեան, որոնց միացեալ ջանքերով հայ երգն ու պարը պատուով դուրս եկան Պաալպեքի այս առաջին փորձէն:

Առանձին պիտի անդրադառնանք յայտագրին: Առ այժմ մեր միակ բաղձանքն է, որ ոչ ոք անհաղորդ մնայ հոգեկան այս մեծ վայելքին, որ կ՛ունենայ իւրաքանչիւր հայ` ականատես ըլլալով հայկական ֆոլքլորին գեղարուեստական արտայայտութեան: Այսօր եւ վաղը նոյնքան խուռներամ բազմութիւն մը կ՛ակնկալուի Պաալպեք:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մարի Յովհաննիսեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Ժխտողները Նպաստում Են Դրա Տարածմանը»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?