Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Լեւոն Շառոյեանի «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» Գիրքին Շնորհահանդէսը Ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրականագէտ եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի հեղինակած «Հայ գիրի եւ մշակոյթի տարօնցի սպասաւորներ» նորատիպ հատորին շնորհահանդէսը, հրատարակութեամբ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարին Շառոյեան: Ապա, յանուն Տարօն-Տուրուբերանի...

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

Սեպտեմբեր 29-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մը` նուիրուած «Նամակներ դրախտից» երկլեզու` հայերէն-ֆրանսերէն ժողովածուին: Գիրքին հեղինակներն են արցախցի բանաստեղծ եւ գրող Հերմինէ Աւագեանը եւ իմաստասէր, «Արեւելքի քրիստոնեաները» հաղորդաշարի («France Culture» ձայնասփիւռի կայանէն) արտադրիչ Ուլիս Մանժեսը: Հատորը այս տարի լոյս տեսաւ «Newmag» հրատարակչատունէն: «La Guilde»-ի եւ Արցախի աջակցութեան միութեան ջանքերով կազմակերպուած ձեռնարկը, որ կը կրէր «Արցախը` հայրենիքս» խորագիրը, համախմբեց քաղաքական,...

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին՝ տիար Թալալ Տահէր։ Խօսակցութեան ընթացքին, արծարծուեցաւ Լիբանանի ներկայ տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային կացութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը լիբանանցի դիւանագէտին ներկայացուց Արեւելեան ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ընդհանուր պատկերը։

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հետեւեցաւ Գամիշլիի Նորակառոյց Եկեղեցւոյ Շինարարական Աշխատանքներուն 3 հոկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան ժամանեց Գամիշլի` ընկերակցութեամբ Յարաբերական մարմինի պատասխանատու Վրէժ Եագուպեանի, «Aid to the Church in Need» բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու Ժոզեֆ Ճորճ Ճպրանի եւ Նպաստից յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յարութ Հայրապետեանի: Սրբազան հայրը Գամիշլիի մէջ դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, Պսակ...

Զարեհ Խրախունիի Հետքերով՝ Մխիթարեան Վարժարան

Զարեհ Խրախունիի Հետքերով՝ Մխիթարեան Վարժարան

Մեծանուն բանաստեղծ եւ վարժարանիս արժանաւոր սան Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեանց մասնակցելու նպատակով Երեւանէն քաղաքս ժամանած հիւրերը այցելեցին մեր կրթօճախը։ Անոնք փափաքած էին անպայման տեսնել այն վարժարանը, ուր կրթուած ու դաստիարակուած է հայ քերթողութեան երախտաւորներէն մէկը։ Հիւրերն էին Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ու դասաւանդութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Սուրէն...

Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակի Տօնակատարութիւնը Օթթաուայի Մէջ

Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակի Տօնակատարութիւնը Օթթաուայի Մէջ

Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2026-ին, Օթթաուայի «Fairmont Château Laurier» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ընդունելութիւն մը՝ հիւրընկալութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի, որուն ներկայ գտնուեցան Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, ուղեկցութեամբ հոգւոր հայրերու՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան, Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հայ Երեք Համայնքապետներու Հանդիպում 29 սեպտեմբերին Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հիւրընկալութեամբ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան եւ համայնքապետը հանդիպում ունեցան Հայ աւետարանական համայնքապետարանին մէջ: Համագործակցութեան ոգիով համայնքապետները արծարծեցին ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան հարցեր եւ անդրադարձան յառաջիկայ ծրագիրներուն: Միացեալ Նահանգներ Սահակեան Արցախի Գերիները...

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին՝ Զօհրապ Եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ Ու Յարութիւն Եւ Լենա Սողոմոնեաններ 500,000 Տոլար Նուիրեցին Համազգայինին

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին՝ Զօհրապ Եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ Ու Յարութիւն Եւ Լենա Սողոմոնեաններ 500,000 Տոլար Նուիրեցին Համազգայինին

Հայաստանի վերանկախացման տօնին համընկնելով՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի այս տարուան ձեռնարկը յատկանշուեցաւ «Միասնաբար կերտենք մեր մշակոյթի տունը՝ յաջորդող սերունդներուն համար» նշանաբանով: Շրջանային վարչութիւնը անսահման ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Կիրակի, Սեպտեմբեր 20ին նախատեսուած իր տարեկան յաջող ձեռնարկը՝ կալա-ընթրիքը, տեղի ունեցաւ «Տաղլեան» մշակութային համալիրի շքեղ սրահին մէջ, ուր ներկայ էին շուրջ 300 հիւրեր: Հիւրերուն շարքին էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թամար Տէր Պետրոսեան,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 35-Ամեակին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Բերիոյ Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ Տնօրինութեամբ` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կիրակի, 20 սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակին առիթով, Բերիոյ հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ յընթացս սուրբ  պատարագին, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց...

Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը

Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը

Պոլսոյ մէջ 61 տարեկանին մահացաւ քաղաքական եւ ռազմական վերլուծաբան, փորձագէտ, Երեւանի անկախ վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեանը: Ծնած է 1965-ին, Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտենս քաղաքին մէջ: Ան խորհրդատուութիւն տրամադրած է` Ասիական զարգացման դրամատան, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան, ԵԱՀԿ-ին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան: Անոր վերլուծական նիւթերը տպագրուած են հայկական եւ միջազգային մամուլին մէջ: 2006 թուականին...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ  Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Ներկայ Գտնուեցաւ Կարգ Մը Նախաձեռնութիւններու 21 սեպտեմբերին Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի դեսպան Ահմատ Արաֆայի հրաւէրով ներկայ եղաւ Նիւ Եորքի հիւպատոսարանին մէջ կայացած հաւաքի` ի պատիւ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Սրբազան հայրը վարչապետ Սալամի փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին ողջոյններն ու ջերմ աղօթքները` բարեյաջող առաքելութեան համար:...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Գամիշլիի Քաղաքապետարանը Յիշատակեց Քաղաքի Հիմնադրութեան Հարիւրամեակը Հովանաւորութեամբ Գամիշլիի քաղաքապետարանին, 20 օգոստոսին «Ազատի» զբօսայգիին մէջ մեծ շուքով յիշատակուեցաւ Գամիշլիի հիմնադրութեան 100-ամեակը: Իր ելոյթին մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի անդրադարձաւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական եւ ապահովական զարգացումներուն: Ան շեշտեց Սուրիոյ մէջ նոր քաղաքական փուլի մը ձեւաւորման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ քրտական ազգային իրաւունքներու ապահովումը, մայրենի լեզուով...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Մեծաթիւ Ուխտաւորներու Մասնակցութեամբ Ս. Աննայի Ուխտի Օրը Յիշատակուեցաւ Եագուպիէի Ս. Աննա Ուխտատեղի-Մատրան Մէջ Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կիրակի, 30 օգոստոսին, Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ յիշատակուեցաւ Ս. Աննայի ուխտի օրը` մասնակցութեամբ մեծաթիւ ուխտաւորներու: Սրբազան հայրը մատուցեց եպիսկոպոսական հանդիսաւոր ս. պատարագ, որուն ընթացքին ան Ս. միւռոնով օծեց մատրան նուիրուած երկու սրբապատկերներ` Աստուածամօր սրբապատկերը` նուիրուած...

Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 29 օգոստոս 2026-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Մէկ աշխարհ` մէկ մարդկութիւն» («One World: One Humanity») խորագրեալ միջկրօնական համագումարը` կազմակերպութեամբ Կրօնական դեկավարներու համաշխարհային խորհուրդին, որուն իբրեւ հիւր դասախօս` հրաւիրուած էր Արամ Ա. կաթողիկոսը: Վեհափառը չկարենալով մասնակցիլ այս համագումարին` ուղարկած էր իր պատգամը, զոր կարդաց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան: Նախքան հայրապետական պատգամի ընթերցումը` սրբազան հայրը...

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ Ազգային մարզական միութեան ատենապետ Ազգային մարզական միութեան-Հայ երիտասարդաց միութեան Սկաուտական շարժման երկրորդ բանակումը տեղի ունեցաւ 3-7 օգոստոս 2026-ին, Յորդանանի քրիստոնէական եւ Սուրբ Գիրքի հետքերով հարուստ Մատապա քաղաքին մէջ` 60 մասնակիցներով, որոնցմէ 30-ը` Երուսաղէմէն ժամանած: Երուսաղէմի Հայ երիտասարդաց միութիւնը (ՀԵՄ, 1937) եւ Ամմանի Ազգային մարզական միութիւնը (ԱՄՄ, 1955) ապացոյց են, թէ հայ ոգին վառ է սփիւռքի մէջ: Երեք տարի...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Կիլիկիա» Եւ «Կանթեղ» Երգչախումբերու Համերգ Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեսապի «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 17 օգոստոսին, «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» երկսեռ եւ երկար տարիներու ընդհատումէ ետք վերակազմաւորուած «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբերու համերգը` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի եւ ընկերակցութեամբ Հալէպէն ժամանած դաշնակահար Անի Պօղիկեանի: Համազգայինի «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղի ատենապետ Արա Քէշիշեան բացման...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնի Նշում Ճէզիրէ Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, եւ տնօրինութեամբ Ճէզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիաեանի, Ճէզիրէի երեք շրջաններուն մէջ` Հասիչէ, Տէրիք, եւ Գամիշլի, յիշատակուեցաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը: 13 օգոստոսին Հասիչէի Ս. Յովնաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, 15 օգոստոսին Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ 16 օգոստոսին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ  ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԵԴ Ճամբար ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Լեւոն Պարոնեան, փոխատենապետ Մայք Քէլէշեան եւ ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճեք Հաճինեան, 2 օգոստոսին այցելեց ՀԵԴ ճամբար, ուր հանդիպում ունեցաւ բանակավայրին վարչութեան հետ եւ շրջեցաւ հաստատութեան բաժանմունքները: Այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ վերջերս իրականացուած  նորոգութեան...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Քալիֆորնիա-Հայաստան Յանձնախումբին Վերակազմութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ վերակազմուած է Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը, որուն նպատակն է սերտացնել նահանգին եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային յարաբերութիւնները: Յանձնախումբին առաջին նիստը  գումարուեցաւ 6 օգոստոսին, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ առեւտրական կապերու ներկայ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելութիւն Տուաւ Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարին 27 յուլիսին, Դամասկոսի մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար Մազէն Սալհանիին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ատենապետ Տարօն Մակարեան, Ազգային վարչութեան անդամ մեթր Նորա Գրաճեան եւ Յարաբերական մարմինի անդամ Վրէժ Եագուպեան: Սրբազան հայրը թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան անունով...

Page 1 of 47 1 2 … 47

Արխիւներ