Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1965)

Սեպտեմբեր 16, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկահայ Արժէքներ

 Ծաղրանկարիչ Վ. Շիրվանեան

50_9-16-15
Ծաղրանկարիչ Վ. Շիրվանեան գործի պահուն

Վահան Շիրվանեանի մեծ հայրը Միացեալ Նահանգներ գաղթած եւ, շատ մը հայերու պէս, զբաղած է գորգավաճառութեամբ:

Վահան Շիրվանեան հիւմուրով ծաղրանկարիչ մըն է: Սեփական ճիգերով յաջողած ծաղրանկարիչ մը, որուն գործերը լոյս տեսած են «Սաթըրտէյ իվնինկ փոստ»-ի, «Լուք»-ի, «Թրու»-ի, «Արկողի»-ի, «Մըքքոլզ»-ի եւ «Տիս ուիք»-ի մէջ:

1963-ին զարդանկարած է բանաստեղծութիւններու գիրք մը` գրուած` Ճորճի Սթարպուք Կալպրէյթի կողմէ:

Նիւ Ճըրզիի Մաունթըն Լէյք շրջանին մէջ, 39 տարեկան ծաղրանկարիչը կը բնակի թաղի մը մէջ, ուր ընդհանրապէս հաստատուած են մեծ ընկերութիւններու տնօրէններ եւ առեւտրականներ:

Ծնած Հեքընսաքի եւ մեծցած` Նիւարքի մէջ, ծաղրանկարիչը լրագրութիւն կ՛ուսանի Սիթոն Հոլ համալսարանին մէջ եւ երեք տարի կը ծառայէ ամերիկեան օդուժին: Ապա հօրը հետ, որ փաստաբան եղած է Նիւարքի մէջ, կը հրատարակեն շաբաթաթերթ մը:

– Հայրս ծանուցում կը հաւաքէր եւ խմբագրականները կը գրէր, եղբայրս մարզական բաժինը կը խմբագրէր, իսկ ես ծաղրանկարները կը գծէի: Ատեն մը թերթը լաւ սպառում ունեցաւ, սակայն աւելի ետք սպառումը աստիճանաբար անկում կրեց եւ ստիպուած եղանք զայն ծախել:

Այդ թուականէն սկսեալ Վահան Շիրվանեան ապրուստը կը շահի ծաղրանկարներ գծելով:

Վահան Շիրվանեան շաբաթական տասը ծաղրանկար կը գծէ, ապա կը հետեւի սրամիտ պատմութիւն գրողներու գործերուն` նոր նիւթ գտնելու համար: Վահան Շիրվանեան գծագրութեան դաս չէ առած. գծագրութիւնը անոր համար բնատուր կարողութիւն մըն է:

Վահան Շիրվանեանի նախասիրած ամերիկացի ծաղրանկարիչներն են Չարլզ Ատըմզ եւ Փիթըր Առնօ, երկուքն ալ լաւապէս ծանօթ` «Նիւ Եորք»-ի մէջ: Սակայն իր հիացումը կ՛երթայ անգլիացի եւ ֆրանսացի ծաղրանկարիչներուն:

Երբ հարց կը տրուի իր յաջողութեան մասին, ամերիկահայ ծաղրանկարիչը կարճ պատասխան մը ունի միայն տալիք.

– Գիտեմ, թէ մաշած խօսք մըն է, սակայն Ամերիկա տակաւին կը մնայ հնարաւորութիւններու երկիրը:

 

Ներքին Կեանք

Ջուրի Տագնապ Համրայի
Եւ Ռաս Պէյրութի Մէջ

Ռաս Պէյրութ եւ Համրա թաղերու բնակիչները կը գանգատին, որ ջուրը առաւօտ կանուխ ժամը 5:00-7:00 միայն կաթիլ կաթիլ կը հասնի իրենց, իսկ յետոյ ամբողջովին կը կտրուի, յատկապէս` վերի յարկերուն մէջ:

Այս թաղերուն բնակիչները Պէյրութի ջուրի գրասենեակէն կը պահանջեն վերջ տալ այս կացութեան, որ անհանդուրժելի դարձած է եւ կանոնաւոր կերպով ջուր հայթայթել իրենց` իրենց վճարած գումարին փոխարէն:

Խնձորին Մահը

Անմշակ եւ ճահճային հող մը: Քսանհինգ տարուան ճիգ եւ պայքար: Թրաքթորները կը մխրճուէին ճահիճներուն մէջ: Պէտք եղաւ շրջանը չորցնել, ժայռերը պայթեցնել, հողը պարարտացնել: Ու երբ հողը պատրաստ եղաւ, խնձորի մշակումը սկսաւ:

Այնճարէն` գիւղացիի մը պատմութիւնը. «Տասը տարուան մէջ 17 հազար լ. ոսկիէն աւելի ծախսեցի` խնձոր մշակելու համար: Ամբողջ խնայողութիւնս յատկացուցի: Այս տարի բերքս 1000 սնտուկ լեցուց: Կը խորհէի, թէ կրնամ 5000 լ. ոսկի շահիլ, բայց գիները անկում կրեցին, եւ շատ քիչ գնորդներ ներկայացան 17 քիլոնոց սնտուկին 175 լ. դահեկան առաջարկելու, այն ալ` ապառիկ:

«Առաջարկեցին, որ 1000 սնտուկ խնձորս մինչեւ Նոր տարի դնեմ սառնարան` փոխան ստացագրի եւ 4000 լ. ոսկի կառավարական հատուցումով: Բայց 2500 լ. ոսկի ուզեցին ինձմէ` բերքս պահպանելու համար: Ունիմ ընտանիք , որ պէտք է ապրեցնեմ: Կտրեցի խնձորենիներս ու գալ տարի ցորեն պիտի ցանեմ: Գոնէ այսպիսով ծախելու հարց չեմ ունենար: Ցորենս կը գործածեմ` զաւակներուս հաց պատրաստելու համար: Ժամանակին խնձորի գողերը կը հետապնդէինք: Հիմա հոգ չենք ըներ. թող օգտուին, քանի որ խնձորը բանի չի ծառայեր»:

(Այս պատմութիւնը, վերի նկարով, լոյս տեսած է «Լը Ժուր»-ի երէկուան թիւին մէջ: Թերթը նկարին տակ գրած է. «Տեղ բացէք ցորենին, գեղեցիկ խնձորենիներուն ժամանակը անցաւ…»):

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Ուժերու Յառաջխաղացք Եւ Ծանր Բախումներ Հատէթ-Շուէյֆաթ Առանցքին Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?