Մուսա Լերան Հերոսամարտին
Յիսնամեակի Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Այնճարի Մէջ
Ազգայնաշունչ Ճառեր Խօսեցան` Վեհափառը,
Հայրիկ Սրբազան, Փրոֆ. Մ. Հասրաթեան, Ընկերներ`
Մ. Տէր Գալուստեան, Պ. Մըսըրլեան, Տքթ. Գոնիալեան,
Հ. Տասնապետեան Եւ Տքթ. Գ. Մաթոսեան
Երէկ, կիրակի, 19 սեպտեմբեր 1965, Այնճարի շքեղ ծառաստաններուն մէջ, աննախընթաց բազմութեամբ ու խանդավառութեամբ տօնակատարուեցաւ Մուսա Լերան դիւցազնական հերոսամարտի 50-ամեակը:
Շաբաթ օրուընէ սկսած էր եռուզեռը Այնճարի մէջ: Մեծ պատրաստութիւններ տեսնուած էին: Ամբողջ ծառաստանը դրօշազարդուած էր լիբանանեան ազգային դրօշներով: Յաղթական կամարներ կանգնեցուած էին` արժանավայել շուքով ընդունելու համար Խորէն Ա. կաթողիկոսը, որ այս առթիւ, Այնճարի հայութեան պիտի տար իր հովուապետական առաջին այցելութիւնը:
Կիրակի, առաւօտ կանուխ ժամերէն սկսած Պէյրութի թէ գիւղագնացութեան վայրերէն հետզհետէ եկող աննախընթաց բազմութիւնը շուտով լեցուց ընդարձակ ծառաստանը:
Ժամը 9:30-ին վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի լուսարարապետ Հայրիկ արքեպիսկոպոսին, կը հասնէր Շթորայի հայակեդրոն գիւղը: Շրջանի հայութիւնը գլխաւորութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» խումբի եւ Լիբ. օգն. խաչի «Կազդուրման կայան»-ի փոքրիկներուն, արժանավայել շուքով կը դիմաւորէ վեհափառը: Յաղթական կամարի մուտքին աղաւնիներ կ՛արձակուին եւ ոչխար մը կը զենուի: Երկու ծաղկեփունջեր կը նուիրուին վեհին` «Աղբալեան» խումբի եւ «Կազդուրման կայան»-ի փոքրիկներուն կողմէ, որոնց տեսչուհին` Մարի Քէշիշեան, բարի գալուստի ուղերձ մը կը կարդայ:
Շթորայի մուտքին վեհափառը կը դիմաւորեն Այնճարէն եկած կարգադիր յանձնախումբի անդամներ եւ կ՛առաջնորդեն Այնճար:
Ծառաստաններու մուտքին վեհափառը իր շքախումբով կը դիմաւորուի Այնճարի երեւելի ազգայիններու կողմէ` գլխաւորութեամբ Մովսէս Տէր Գալուստեանի: Առաջին յաղթական կամարին առջեւ ոչխար մը կը զենուի, աղաւնիներ կ՛արձակուին եւ թմբուկ ու զուռնայի նուագածութեամբ, ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբ. օգն. խաչի Այնճարի մասնաճիւղերու սկաւուտներուն եւ արծուիկներուն շարքերուն մէջէն անցնելով` վեհափառը թափօրով կ՛առաջնորդուի Ս. պատարագին վայրը:
Ամէն կողմէ բարձրախօսներով լսելի կը դառնար քառաձայն երգեցողութեամբ հանդիսաւոր Ս. պատարագը, եւ ժողովուրդը երկիւղած լրջութեամբ կը հետեւէր սրբազան արարողութիւններուն:
Պատարագիչն էր լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք.:
«Հայր Մեր»-էն առաջ վեհափառ հայրապետը կը խօսի հոգեշունչ քարոզ մը: Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն ջերմագին ու սրտազեղ ընդունելութեան համար, որուն արժանացաւ ինք իր շքախումբով:
Ապա կ՛ըսէ. «Հաւաքուած ենք հոս տօնակատարելու համար Մուսա Լերան հերոսամարտի 50-րդ տարեդարձը եւ ոգեկոչելու անմահ յիշատակը այն առիւծասիրտ հերոսներուն, որոնք 50 տարի առաջ, այս օրերուն արիաբար ինկան ինքնապաշտպանութեան պատնէշին վրայ եւ կերտեցին 40-օրեայ դիւցազնամարտը:
«Ազգեր ու ժողովուրդներ կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն, կ՛ըսէ վեհը, երբ ունին մեռնելու ու նահատակուելու խոր գիտակցութիւնը»:
Իր քարոզի վերջաւորութեան օրհնեց յիշատակը նահատակներուն:
Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն 17 նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն:
Այնուհետեւ ազգայնաշունչ հոյակապ ճառ մը խօսեցաւ Հրաչ Տասնապետեան, որուն խօսքը ամբողջութեամբ պիտի տանք մեր յաջորդական թիւերով:
Սկսաւ ճաշկերոյթի եւ խրախճանքի բաժինը:
Պաշտօնական սեղանին շուրջ բազմեցան` վեհափառ հայրապետը, Հայրիկ սրբազանը, առաջնորդ սրբազանը, վարդապետներ, քահանայ հայրեր, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Ժոզեֆ Չատեր, Սուրէն Խանամիրեան եւ երեւելի ազգայիններ` իրենց կիներով:
Թամատայութիւնը եւ յայտագրի գործադրութիւնը վարեց Անդրանիկ Ուրֆալեան: Տեղի ունեցան հայկական եւ արաբական պարեր եւ խմբերգ:
Առաջին խօսքը տրուեցաւ Մովսէս Տէր Գալուստեանին:
Նախ յանուն Մուսա Լերան հայութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հօր եւ ներկաներուն` իրենց մասնակցութեան համար:
«Բաժակ չեմ առաջարկեր նահատակներու յիշատակին,- ըսաւ Մովսէս Գալուստեան,- որովհետեւ անոնք չեն մեռած, անոնք այսօր բոլորէն աւելի ողջ են, ներկայ են իբրեւ ռազմիկ, իբրեւ սուրբերը մեր ժողովուրդին, ներկայ են իբրեւ սուրբ մնալու յաւիտենապէս»:
«Մեզի համար յիսնամեակը ապրումն է, օրինակը` երբեք չմեռնելու»:
Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առին` տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան եւ Պերճ Մըսըրլեան, Հայրիկ սրբազան, ընկ. Գ. Մաթոսեան եւ փրոֆ. Մ. Հասրաթեան, որոնք իրենց ազգայնաշունչ ճառերով խանդավառ ծափերու արժանացան:
Օրհնութեան խօսքը ըրաւ վեհափառ հայրապետը:
Բազմահազար ժողովուրդը, անթերի կարգապահութեամբ, մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառ օր մը անցընելէ ետք, մեկնեցաւ Այնճարէն, Մուսա լերան դիւցազնական հերոսամարտի 50-ամեակը արժանավայել շուքով տօնակատարած ըլլալու անհուն գոհունակութեամբ: