Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1965)

Սեպտեմբեր 9, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

37 Տարի

Լիբանանեան շաբաթաթերթ մը` «Լա Ռըվիւ Տիւ Լիպան», իր վերջին թիւին մէջ համեստօրէն կը յիշեցնէ, թէ իր հիմնադրութեան 37-րդ տարեդարձն է:

Միջազգային կեանքի թոհուբոհին մէջ, երբ թնդանօթը կը գոռայ Կեդրոնական Ասիոյ խորերը, կարելի էր անշուշտ լուռ անցնիլ այս տարեդարձին վրայէն` զիրար հրմշտկող խնդիրներու եւ վէճերու խառնիճաղանճին մէջ:

Բայց երեք հիմնական պատճառներով պարտականութիւն կը զգանք մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը դարձնելու իրողութիւններ, որոնք կապուեցան այս շաբաթաթերթի կեանքին ու զայն սիրելի դարձուցին լիբանանեան բոլոր խաւերուն:

«Լա Ռըվիւ Տիւ Լիպան», որ սկզբնական շրջանին չունէր այսօրուան ճոխութիւնը, հրատարակուեցաւ անհուն զոհողութիւններու գնով, պարզապէս ապաւինած իր հիմնադիրներուն` Մախլուֆ եղբայրներուն հաւատքին: Երիտասարդական տարիներու խանդավառութեամբ սկսած գործ մը, որ բազմաթիւ խոչընդոտներէ անցաւ հասնելու համար այսօրուան բարգաւաճ վիճակին:

Գրեթէ յար եւ նման բոլոր այն հրատարակութիւններուն, որոնք հանրութեան կ՛ընծայուին անձուկ պայմաններու մէջ, առանց նիւթական ամուր կռուանի:

Երկրորդ, 1928-1965 «Լա Ռըվիւ Տիւ Լիպան» ունեցաւ մէկ նշանաբան. ծառայել Լիբանանի: Իր այս հիմնական առաքելութեան մէջ, ընկրկում չունեցաւ երբեք: Եղաւ հարազատ հայելին Լիբանանի կեանքին, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ գեղարուեստական մարզերու մէջ: Խանդավառուեցաւ Լիբանանի յառաջդիմութեամբ, հետեւեցաւ անկախ պետութեան առաջին քայլերուն, երեւան  հանեց ու թիկունք կանգնեցաւ լիբանանեան արժէքներուն: Եղաւ մանաւանդ կապ մը հայրենաբնակ լիբանանցիներուն եւ սփիւռքի  գաղթականներուն միջեւ:

Եղաւ միշտ Լիբանանի հետ, բոլոր վարչակարգերու ներքեւ, որովհետեւ գիտցաւ հիմնականը գերադասել երկրորդականէն, մնայունը` անցաւորէն:

Այլ մանաւանդ, երրորդ պարագայ, «Լա Ռըվիւ Տիւ Լիպան»,  եղաւ շաղկապ մը` լիբանանեան գեղեցիկ մոզայիքը կազմող բոլոր համայնքներուն միջեւ:

Այս տեսակէտէն, Լիբանանի հայութիւնը երախտապարտ է այս թերթին, որ ուզեց ու կրցաւ արձագանգ հանդիսանալ նաեւ մեր կեանքին` անկեղծ համակրանք մը տածելով հանդէպ մեր համայնքին:

Լիբանանեան արժէքներու կողքին, յաճախ հայկական արժէքներ գովաբանուեցան անոր էջերուն մէջ: Տեղ տուաւ հայ բանաստեղծներու եւ գրագէտներու նուիրուած հրատարակութիւններու, որոնք լաւագոյն կերպով ծանօթացուցին մեր մշակութային գանձերը Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն:

Երեսունեւեօթը տարի ետք, իր հիմնական առաքելութեան հաւատարիմ այս թերթը ամէն ապահովութիւն կու տայ, թէ պիտի շարունակէ նոյն նախանձախնդիր վերաբերումը ունենալ, ծառայութեան նոյն ոգիով:

Այս վստահութեամբ կ՛ողջունենք իր 37-րդ տարեդարձը` յարատեւութեան ջերմ մաղթանքով:

X

Վերաքննութիւններու
Պատրաստութիւն

Դժուար չէ մեղադրանքներ շարել դպրոցի մը հասցէին: Ըսել, որ ուսուցչական կազմը բարեխիղճ չէ, որ` այսինչ դասատուն անբնականօրէն խիստ է կամ դասարան մը չկարենալ պահելու չափ թոյլ, որ` աշակերտի տկարութիւնը կու գայ ուսուցչին հոգեբան չըլլալէն, չսիրուելէն, դասը սիրելի դարձնել չկարենալէն: Եւ ուրիշ բաներ:

Ուրիշ բաներ` տեղի-անտեղի: Ճիշդ կամ սխալ: Չափազանցուած կամ յօրինուած: Յօրինուած` «ի պաշտպանութիւն» աշակերտին:

Արդար մատնանշումները արդարօրէն պէտք է տեղ հասնին, պատասխան գտնեն: Անոնք գան ծնողներէն թէ դաստիարակներէն: Երթան ծնողներուն թէ ուսուցիչներուն: Ուսուցիչ-ծնողք հակադիր ուժեր չեն: Դպրոց-տուն հակընդդէմ ճակատներ չեն: Ուսուցիչ-աշակերտ թշնամիներ չեն:

Ընդհակառա՛կն:

Շա՛տ հասկնալի պատճառներով, շա՛տ ծանօթ ու շա՛տ ծեծուած, յայտարարուած հասարակաց գիծերով` անոնք լրացուցիչներ են իրարու: Մէկը միւսով գոյ, մէկը միւսին համար ու բոլորը` ապագայի պատրաստութեան:

Կողմերէն մէկը գերի է կամ տէր: Փոխյարաբերութեան մէջ կոչումներուն միջեւ պարտատիրոջ-պարտապահանջի հարց չի կրնար ծագիլ: Մէկը հրամայող, ակնկալող, միւսը գոհացում տալու կոչուած կազմ չէ: Փոխադարձ պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով հաւասարներ են, որոնք մեծ եւ նոյն իտէալը ունին. անհատին թէ ազգին վաղը: Գլխագիր, յուսատու եւ անխուսափելի ապագան:

Ընդհանուր, ոստոստուն սա հաստատումներէն ետք, իբրեւ մուտք, անցնինք նիւթին:

Երկու ամիսէ ի վեր ամառնային արձակուրդները սկսած են: Վերամուտին համար հազիւ ամիս մը կայ: Եւ որպէսզի կենդանի օրինակով խօսած ըլլանք, վերամուտի դպրոցական պատկերներ գուշակենք.

Ծնող մը կը ներկայանայ իր զաւկին հետ վարժարան` արձանագրուելու համար: Վիճակացոյցին մէջ նշանակուած է վերաքննութեան մէկ նիւթ:

– Վերաքննութեանց պատրաստուա՞ծ ես:

Մայր ու որդի իրարու կը նային: Իրարմէ օգնութիւն կը սպասեն: Ի՜նչ անակնկալ հարցում:

– Պարո՛ն, ճիշդը, ժամանակ չունեցանք: Կ՛ուզէք` վաղը գանք, թող քննութիւն տայ:

– Ինչպէ՞ս վաղը: Մէկ օրուան մէջ կարելի՞ է վերաքննութիւն պատրաստել:

– Ի՞նչ ընենք: Քանի օրէնք է քննութիւն տալ, թո՛ղ տայ…

– Իսկ եթէ ձախողի՜… ինչ որ որոշ է. չէ պատրաստուած: Երեք ամիս անցած է ու գիրքը չէ՜ բացած:

– Ամէնը մէկ նիւթ է: Մէկ նիւթի համար դասարան կը կրկնեցնե՞ն:

Յետոյ, արդէն քառորդ նիշով ինկեր է: Վստահ եմ` այս տարի լաւ կ՛աշխատի: Իմ տղաս կը ճանչնամ…

– Տիկի՛ն, օրէ՜նք է վերաքննութիւն առնել եւ այս օրէնքը ձեւականութեան համար չէ: Եթէ ձախողի, ուրեմն կը կրկնէ՛:

– Ես ալ ուրիշ դպրոց կը տանիմ: Արդէն դուք ալ շատ բարակին կը նայիք: Ըսինք` այս տարի լաւ կ՛աշխատի. իմ զաւակս չէ՞ք ճանչնար…

Այս խօսակցութիւնը իր բաւական քաղաքավար եւ պատշաճ աստիճանին կը մնայ, եթէ այդ «մէկ նիւթը» լեզու մըն է կամ թուաբանութիւն: Իսկ եթէ պատմական դա՞ս մըն է:

– Վա՛յ, ա՛յս տեսնուած չէր: Մարդ աշխարհագրութեան կամ կրօնին համար դասարա՞ն կը կրկնէ: Քալէ նայի՛մ, իմին ասլա՜ն զաւակս…

Ըսինք` «Վերամուտի պատկերներ գուշակենք»: Գուշակ չենք: Բայց վստահ ենք, որ մեր գուշակութիւնը ճիշդ պիտի ելլէ:

Եւ`

Մէկի տեղ հազարո՜վ:

Մենք պատկեր մը տուինք: Շատ զօրաւոր գոյներով ուրիշներ (անհաշիւ) պիտի փռուին դպրոցի պատասխանատուներուն աչքին` զանոնք լացնելու աստիճան:

Ա՜յ, եթէ միայն մէ՛կ տարի, միայն մէ՛կ տարի, բոլոր դպրոցները ձեռք ձեռքի անխնայ ըլլային օրէնքի կիրարկութեան մէջ այս գծով, մեր դպրոցներու կրթական մակարդակը ի՜նչ ոստում կրնար արձանագրել:

Ամիս մը կայ վերամուտին. վերաքննութիւնները կարելի խղճմտութեամբ պէտք է պատրաստել, եթէ իրապէ՛ս սէր կայ զաւկի ու դպրոցի նկատմամբ:

Այլապէս զուր են, շինծու են, ձեւական են շատ մը «մեղադրանքներ»:

ԱՍԻԱՑԻ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Ուժեր Պէյրութի Դուռերուն Առջեւ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?