Պէյրութ` Մեր Քաղաքը
Ի՞նչ Կը Խորհին Վարիչները
Երթեւեկի Խնդրին Մասին
Ի՞նչ կը խորհի փողոցի մարդը Պէյրութի մէջ երթեւեկի խնդրին եւ տրուելիք լուծումներու մասին: «Ժարիտա» այս մասին հետազօտութիւն մը կատարած է` իմանալու համար վարորդներուն կարծիքը:
Այս ընդարձակ քննութիւնը երեւան կը բերէ շատ այլազան, բայց իւրայատուկ կարծիքներ: Հարցապնդուած բոլոր անձերը ամբողջ տաղտուկին պատասխանատուութիւնը կը նետեն «ուրիշներու» վրայ: Միշտ ուրիշն է դժուարութեանց աղբիւրը: Շարժավարները կը պատասխանեն առաջին հակազդեցութեամբ: Ոչ ոք ինքնաքննադատութիւն կը կատարէ: Ապա կու գայ դասակարգի հարցը. թաքսիի վարորդները կը գանգատին օթոպիւսի վարորդներէն, անձնական ինքնաշարժներու տէրերը` թաքսիի վարորդներէն:
«Ժարիտա»-ի քննութիւնները տուած են հետեւեալ արդիւնքը.
Խճողումներուն Պատճառը
25 վարորդ կը պատասխանէ, թէ գլխաւոր պատճառը ինքնաշարժներու թիւին յաւելումն է, այն աստիճան, որ փողոցները այլեւս բաւարար չեն երթեւեկի համար:
12 թաքսիի վարորդ կը յայտարարէ, թէ յանցանքը անձնական ինքնաշարժներուն է, որոնք կը փոխադրեն վճարովի ճամբորդներ:
10 թաքսիի վարորդ եւ 4 անձնական ինքնաշարժի վարորդ կը յայտնեն, թէ օրուան ընթացքին առեւտրականներու ինքնաշարժներուն կողմէ ճամբուն գրաւումը շատ կը դժուարացնէ երթեւեկը: Թաքսիի վարորդները կը յայտնեն, թէ այս պայմաններուն մէջ անկարելի կը դառնայ վայրկեան մը կանգ առնել` ճամբորդ մը առնելու կամ իջեցնելու համար: Անձնական ինքնաշարժներու վարորդները կ՛ըսեն, թէ այս հարցին մէջ չարաշահութիւն կայ, քանի որ ճամբան միայն առեւտրականներուն են վերապահած:
10 անձնական ինքնաշարժի վարորդ եւ 7 թաքսիի վարորդ կը յայտնեն, թէ օթոպիւսներու երթեւեկը անկանոն է: Յաճախ երեք կամ չորս օթոպիւս իրարու ետեւէ կը շարուին` 25 մեթր տեղ գրաւելով: Անձնական ինքնաշարժներու վարորդները կ՛ըսեն, թէ թաքսիի վարորդները չեն կրնար մէկ շարքի վրայ քշել, փողոցներուն մէջ սլալոմ կը կատարեն` իրենց ուզած տեղը կենալով:
12 թաքսիի վարորդ եւ 7 անձնական ինքնաշարժի վարորդ կը խորհին, թէ վերջերս թուագրուած 5.800 թաքսիները պէտք չէր ըլլային: Այնքան «սերվիս» ինքնաշարժներ կ՛երթեւեկեն քաղաքին մէջ, որ շուտով քաոսի պիտի ստեղծուի:
12 թաքսիի վարորդ կը գանգատի, որ կենալու տեղ չկայ: Ստիպուած` շարունակ կը շրջագային եւ փողոցը կը գրաւեն:
Ի՞նչ Լուծում Կ՛առաջարկուի
20 վարորդ.- Առժամապէս արգիլել ինքնաշարժներու ներածումը:
12 թաքսիի վարորդ.- Արգիլել, որ անձնական ինքնաշարժները վճարովի ճամբորդ փոխադրեն:
10 թաքսիի վարորդ եւ 11 անձնական ինքնաշարժի վարորդ.- Անձնական ինքնաշարժներուն բացարձակապէս արգիլել առեւտրական կեդրոնին մէջ կենալ:
9 անձնական ինքնաշարժի վարորդ.- Թաքսիներուն բացարձակապէս արգիլել առեւտրական կեդրոնին մէջ կենալ:
8 թաքսիի եւ մէկ անձնական ինքնաշարժի վարորդ.- Զոյգ եւ անզոյգ թիւերու դրութիւն հաստատել:
3 թաքսիի եւ 5 անձնական ինքնաշարժի վարորդ.- Քաղաքի կեդրոնին մէջ արգիլել իրարու անցնիլը:
9 թաքսիի եւ 3 անձնական ինքնաշարժի վարորդ.- Բացարձակապէս թոյլ չտալ, որ բեռնակիրներ եւ օթոպիւսներ երթեւեկեն Պէյրութի մէջ:
Ժամը 8:00-8:30, 5700 ինքնաշարժ կը մտնէ առեւտրական գօտին եւ ան կ՛ելլէ ժամը 13:00-ին ու 13:30-ի միջեւ: Այդ ինքնաշարժներուն 53 առ հարիւրը անձնական է, 39 առ հարիւրը` թաքսի, 8 առ հարիւրը` օթոպիւս:
Ակնարկ
Կէս Գիշեր Է, Տոքթ. Շուայցեր
Ֆրանսացի մեծ մարդասէրին կեանքին նուիրուած ժապաւէնի մը խորագիրն է այս, որ անմիջապէս կու գայ արձանագրուիլ` ի լուր մահուանը անոր, որ կոչուեցաւ «Մեծ բժիշկը», հանդիսանալով քսաներորդ դարու ամէնէն հռչակաւոր մարդը` հակառակ իր ծայրայեղ համեստութեան:
Երբ մահը եկաւ զարնելու տոքթ. Շուայցերի դուռը – «Կէս գիշեր է, տոքթ. Շուայցեր» – կեանքին մեծութիւնը ուրուագծուեցաւ խորքին վրայ կապոնեան հիւանդանոցին, ուր վաթսուն տարի ամբողջ տոքթ. Շուայցեր պայքարեցաւ հիւանդութիւններու դէմ, որոնք պարարտ գետին գտած էին խոնաւ ու տաք Կապոնի մէջ, Ափրիկէի սրտին վրայ:
Քրիստոնէական գութի ըմբռնումն ու մարդկային կեանքին հանդէպ յարգանքը ներդաշնակող այս մարդը, որուն համար ըսուեցաւ, թէ Արեւմուտքի վերջին «իմաստունն» էր, բոլոր տուեալները ունէր (շնորհիւ իր տաղանդին այլազանութեան) դիրքի տիրանալու, փայլուն ապագայի մը խոստումով: Լքեց այդ բոլորը` երթալու համար Ափրիկէի խորերը, ուր վեց տասնամեակ նուիրուեցաւ մարդկային ցաւերու ամոքման:
Ու ինչ որ ամէնէն յատկանշականն է, տոքթ. Շուայցերի օրինակը եղաւ վարակիչ: Գտնուեցան անձնուրաց երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, Եւրոպայի ազնուական տոհմերէն, որոնք անձնուիրութեան այս վսեմ օրինակին առջեւ, քալեցին նոյն ճամբէն լքելով եւրոպական ոստաններու ճոխութիւնը:
Շուայցեր եղաւ այն մարդը, որ իր զոհողութիւններով պատիւ բերաւ մարդկութեան: Մեր ժամանակներուն, երբ մարդկութենէն յուսախաբ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ու առիթներ կը տրուին, ընչաքաղցութեան եւ նիւթապաշտութեան անձնատուր մարդոց բազմութեան կողմէ, Շուայցեր հանդիսացաւ տիպար մը, հերքումը բոլոր տխուր բաներուն, որոնք ահաւոր այլասերումի մը վտանգը կը ցցէին մարդկութեան առջեւ:
1948-ին, տոքթ. Շուայցեր գնաց Միացեալ Նահանգներ, ուր Փրինսթընի համալսարանին մէջ, ուրիշ մեծութիւն մը` Ալպեր Այնշթայն կը յայտարարէր. «Այս տխուր աշխարհին մէջ, որ մերն է, ահաւասիկ մեծ մարդ մը»:
Մեծի մը բերնին մէջ այս բացատրութիւնը կու տայ ամբողջական չափանիշը Շուայցերի կեանքին ու գործին»: