Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Սեպտեմբեր 1965)

September 23, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաղթապանծ Արարան
(47-րդ Տարեդարձին Առթիւ)

Հայ վրիժառու բազուկը, յաւէտ յիշատակելի դիւցազնամարտերու շնորհիւ, փրկեց մեր պանծալի ժողովուրդին պատիւը այնպիսի պահու մը, երբ դարաւոր թշնամին ծրագրած էր ի սպառ բնաջնջել մեզ:

Բարբարոս թուրքը իր «քաջութիւն»-ը ցոյց կու տար` վայրագօրէն ջարդելով անզէն ու անպաշտպան հայերը: Դէպի մահ կ՛առաջնորդէր անմեղ կիներու եւ երեխաներու կարաւանները, որոնք Միջագետքի եւ Սուրիոյ կիզիչ անապատներուն մէջ պիտի նահատակուէին` մարտիրոսի լուսապսակը իրենց ճակտին:

Բախտորոշ այդ օրերուն հայ ժողովուրդի զաւակները մէկ կողմէ կովկասեան ճակատին վրայ մահու եւ կենաց կռիւ կը մղէին, պարտութեան կը մատնէին անարգ թշնամին եւ անկախ Հայաստան կը ստեղծէին, միւս կողմէ` հեռաւոր Ամերիկայէն եւ Եգիպտոսէն հայրենասէր երիտասարդներ կամաւոր արձանագրուելով, կը փութային դէպի Կիպրոս` կազմելու համար Արեւելեան լեգէոնը, որ հետագային պիտի կոչուէր Հայկական լեգէոն: Մեծ թիւ մը կը կազմէին Մուսա Լերան հերոս զաւակներ այս վերջինին մէջ:

Այս լեգէոնն է, որ 1918 սեպտեմբեր 19-ին պիտի արձանագրէր փառապանծ էջ մը հայկական հերոսամարտերու պատուոյ գրքին մէջ:

Լեգէոնականները Կիպրոսի մէջ իրենց զինուորական մարզանքները կը կատարէին «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա» երգելով: Եւ կը ղրկուէին Պաղեստինի ճակատը` ֆրանսական դրօշին տակ մասնակցելու համար մարաջախտ Ալենպիի ընդհանուր յարձակողականին, որ պիտի սկսէր սեպտեմբեր 18-ին:

Հայկական լեգէոնին բաժին ինկած էր Ռաֆաթ Արարայի ամրացեալ բարձունքը` պաշտպանուած գերման թնդանօթաձիգներու եւ թուրք հետեւակազօրքերու կողմէ: Իսկապէս անառիկ բերդ մը, որուն գրաւումով պիտի բացուէր ճամբան դէպի հիւսիս` կտրելով թրքական բանակի նահանջի գիծը:

Կռիւները սկսան 1918 սեպտեմբեր 18-19 լուսնալիք գիշերը, առտուան ժամը 3:00-ին եւ տեւեցին 24 ժամ: Հայ լեգէոնականները կռուեցան առիւծի պէս` կուրծք տալով թշնամի թնդանօթի ռումբերուն եւ գնդացիրի գնդակներուն:

Եւ յաջողեցան գրաւել Արարայի անառիկ դիրքը` զոհ տալով 23 քաջարի երիտասարդներ եւ 70 վիրաւորներ: Այս վերջինները, անշարժութեան մատնուած, քաջալերական խօսքեր կ՛ուղղէին մարտիկներուն` լուծելու համար իրենց վրէժը:

Յաջորդ օրը` սեպտեմբեր 20-ին, սրտառուչ արարողութեամբ հողին յանձնուեցան 23 քաջերը, որոնց հողակոյտին վրայ յուզիչ դամբանական մը խօսեցաւ լեգէոնի հրամանատարը` դեր-գնդապետ Ռոմիէօ, որ, ի միջի այլոց, ըսաւ.

«… Հայ հերոսները ինկան առաջին գիծին վրայ, թշնամիին դիմաց, օրինաւոր քաջութեամբ: Բոլորն ալ արժանի են պատերազմական խաչի, բոլորն ալ պաշտպանները, սուրբերն են լեգէոնին:

«Ննջեցէ՛ք փառքով: Դուք բացիք ճամբան արդարութեան եւ իրաւունքին, որոնք դարերէ ի վեր վտարուած էին այս շրջաններէն: Կ՛երդնում ձեր գերեզմանին վրայ, որ կատարեալ եւ տեւական պիտի ըլլայ հատուցումը»:

Մարաջախտ Ալենպի, Պաղեստինի դաշնակից բանակի ընդհանուր հրամանատարը, 1918 հոկտեմբեր 12-ին, Փարիզ, Ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպարի կը հեռագրէր` պանծացնելով Հայկական լեգէոնը:

«Հպարտ եմ, որ հրամանիս տակ ունիմ հայկական զօրագունդ մը: Քաջաբար կռուեցան անոնք եւ մեծ բաժին ունեցան յաղթանակին մէջ»:

Արարայի յաղթանակէն ետք ճամբան բացուած էր: Անգլիական հեծելազօրքը սրընթաց կ՛արշաւէր Միջերկրականի եզերքէն դէպի Հայֆա, անկէ դէպի Նազարէթ` յանկարծակիի բերելով Եըլտըրըմ Օրտուսուի ընդհ. հրամանատար Լիման Ֆոն Զանտերս փաշան, որ մազապուրծ կրցաւ փախչիլ Տիբերիոյ ճամբով, «կայծակ»-ի պէս:

Անգլիական ուրիշ զօրագունդեր, աւստրալիացի եւ նորզելանտացի հեծելազօրքերու առաջնորդութեամբ, երկու օրէն կը գրաւէին Նապլուսը` փախուստի մատնելով եօթներորդ զօրաբանակի հրամանատար Մուսթաֆա Քեմալ փաշան իր սպայակոյտով: Ասոնք ալ, իրենց բախտին ձգելով խուճապահար նահանջող զինուորները, շունչերնին Հալէպ առին:

Լեգէոնականները, շատ չանցած, Լիբանանի եւ Սուրիոյ ճամբով հասան ցանկալի Կիլիկիան` թնդացնելով ծանօթ երգը: Երկար պիտի չտեւէր սակայն խանդավառութիւնը:

47-րդ տարեդարձին առթիւ, ոգեկոչելով Արարայի յաղթապանծ հերոսներու յիշատակը, կու գանք անգամ մը եւս ցաւով հաստատելու, թէ յաղթական դաշնակիցները շուտով մոռցան իրենց «փոքր դաշնակից»-ին կատարուած հանդիսաւոր խոստումները: Ուրացան մեր Դատը եւ ո՛չ «կատարեալ» եղաւ, ո՛չ ալ «տեւական` հատուցումը»:

Արարայի 23 հերոսները այժմ կը հանգչին Երուսաղէմի իրենց դամբարանին մէջ, ուր փոխադրուեցան 1927 ապրիլ 24-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ, հոգելոյս Եղիշէ պատրիարք Դուրեանի կարգադրութեամբ:

Հանգչեցէ՛ք խաղաղ, սիրելի՛ հերոսներ, երախտապարտ հայութիւնը պիտի չմոռնայ երբեք ձեր զոհողութիւնը` յանուն ազատ եւ անկախ հայրենիքի:

ՀՐԱՆՏ-ՍԱՄՈՒԷԼ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սաստիկ Ռմբակոծումներ` Պէյրութէն Մինչեւ Խալտէ Եւ Գաղթակայաններ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.