Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան հասաւ Թրիփոլի, ուր տեղի սերային մէջ խօսք մը արտասանելով նշեց. «Քաղաք այցելութեանս նպատակը Թրիփոլիի զաւակներուն «պետութիւնը տեւաբար ձեր կողքին ներկայ է» ըսելու համար է»: «Վստահութեան վերականգնման համար պէտք է քաղաքացիներուն ծառայութիւնները ապահովել, որովհետեւ մարդու արժանապատուութիւնը կը պահանջէ որ պետութիւնը անոր ծառայութիւններ մատուցէ, եւ բոլորին հասանելի ըլլայ: Վստահութիւնը այսպէս կը վերականգնենք», աւելցուց ան: «Չկայ բարգաւաճում...




















