Զաւարեանական . Մեր Խօսքը
Արարատ լեռը Հայկական Լեռնաշխարհի եւ հայ ազգի հզօրագոյն խորհրդանիշներէն մէկն է: Անիկա իր էութեամբ մաս կը կազմէ հայկական ինքնութեան: Դարերու ընթացքին հանդիսանալով մեր մշակոյթի, գրականութեան եւ հաւատքի անքակտելի մէկ մասը` դարձած է Հայոց պատմութեան վկան: ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կը հաստատէ, որ Արարատը սոսկ լեռ մը չէ, այլ Հայկական Լեռնաշխարհի հսկան է, որ սահմանէն անդին կանգնած է իբրեւ վկայ` սերունդներուն...













