Ակնարկ
Տարակարծութիւններէն Վեր
Աւելի քան վեց տարիէ ի վեր, հակաբնական ընթացքի մէջ են ֆրանսեւամերիկեան յարաբերութիւնները: Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսա զինակից ըլլալով հանդերձ, (ՕԹԱՆ, ՕԹԱԶ) տարբեր, յաճախ ներհակ տեսակէտներ ունին համաշխարհային բազմաթիւ խնդիրներու նկատմամբ:
Տարակարծութիւնները ծայր տուին, երբ 1958-ի վերջաւորութեան նախագահ Տը Կոլ, լիբանանեան տագնապին իբրեւ հետեւանք, առիթը յարմար նկատեց առաջարկելու խոր փոփոխութիւն մը Ատլանտեանի զինակցութեան ներքին կառոյցին մէջ:
Տը Կոլ դժգոհ էր զինակցութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու բռնած ընթացքէն, յատկապէս այն միակողմանի որոշումներէն, որոնք կը տրուէին Ուաշինկթընի կողմէ եւ, բարդութեան պարագային, կրնային յստակ յանձնառութիւններու տակ դնել միւս դաշնադիրները, առանց որ այս վերջինները մասնակցած ըլլային նախապատրաստական խորհրդակցութիւններուն:
Երեքներու խորհուրդ մը կամ Եռապետութիւն մը (Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա), ստեղծելու տը Կոլի առաջարկը մնաց ապարդիւն, արձագանգ չգտաւ Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի մէջ:
Այդ թուականէն ասդին, Փարիզ առաւ քայլեր, որոնք կը ձգտէին որոշ անկախութիւն տալ Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան:
– Որոշեց ունենալ հիւլէական իր սեփական ռումբը եւ «հարուածող ուժը», որուն համար միլիառներ կը ծախսուին տարիներէ ի վեր:
Ֆրանսական կառավարութեան պահանջքով, ՕԹԱՆ-ի պատկանող բազմաթիւ խարիսխներ Ֆրանսայէն փոխադրուեցան Գերմանիա եւ այլուր:
– Քենըտիի եւ ՄաքՄիլանի միջեւ գոյացած համաձայնութենէն դժգոհ` Միացեալ Շուկայի դռները փակեց Մեծն Բրիտանիոյ առջեւ:
– Միացեալ Նահանգներու հարաւ-վիեթնամեան քաղաքականութիւնը աղէտալի նկատելով, առաջարկեց չէզոքացնել հնդկաչինեան թերակղզին եւ իբրեւ հետեւանք այս առաջարկին մերժումին` որոշեց չմասնակցիլ ՕԹԱԶ-ի վերջին ժողովին:
– Տոմինկեան տագնապին առթիւ, Ֆրանսայի պատուիրակը Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ դէմ քուէարկեց ամերիկեան տեսակէտին:
– Վերջապէս` առաջարկեց «ոսկեչափ»-ի դրութիւնը վերահաստատել միջազգային ելեւմտական գործառութեանց մէջ եւ որոշեց Ֆրանսայի դրամատան մէջ պահ դրուած տոլարներու մէկ մասին վճարումը ամերիկեան ոսկիով:
Այս բոլոր բացասական երեւոյթներու կողքին սակայն, ֆրանսեւամերիկեան յարաբերութիւնները պարզեցին նաեւ դրական երեւոյթներ, Օրինակ, 1962-ին, երբ Քուպայի տագնապը երրորդ աշխարհամարտի մը դուռը տարաւ մարդկութիւնը, Տը Կոլ եղաւ առաջին դաշնակիցը, որ նախագահ Քենըտիի կողքին կեցաւ:
Այս կը նշանակէ, թէ Ֆրանսա իր գործելակերպի անկախութեան հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալով հանդերձ, ծանրակշիռ պարագաներու կը մնայ հաւատարիմ դաշնակից Եւրոպայի ազատարարին:
Այս իրողութիւնը ընդգծուած պէտք է ըլլայ այն խօսակցութեանց ընթացքին, որ երկու օր առաջ ունեցան նախագահ Տը Կոլ եւ Ամերիկայի պետական փոխ-քարտուղար Ճորճ Պոլ` շեշտելով, որ բոլոր տարակարծութիւններէն վեր կայ ազատ աշխարհի ու արեւմտեան քաղաքակրթութեան պահպանման հիմնական հարցը, որուն շուրջ կատարելապէս համաձայն են Ուաշինկթըն եւ Փարիզ:
Մարզական
Թենիս
Պրումանայի Մրցաշարքը
Շաբաթ եւ կիրակի օր, մարզասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցան Պրումանայի թենիսի միջազգային մրցաշարքի վերջին մրցումները:
Շաբաթ օր Ֆրանսայի ախոյեանուհի Ֆրանսուազ Տիւր շահեցաւ աղջիկներու ախոյեանութիւնը` պարտութեան մատնելով Պրումանայի 1964-ի ախոյեանուհի հարաւ ափրիկեցի Ա. Վան Զիլը:
Զոյգի մրցումները եղաւ աւելի հետաքրքրական եւ խանդավառիչ: Արիլլա – Միւքերժէա (Սպանիա-Հնդկաստան) յաղթեցին Քիւհնկ-Պիւտինկ (Գերմանիա) զոյգին` տիրանալով ախոյեանական բաժակին:
Կիրակի հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ եւ կրթական նախարար Սուլէյման Զէյնի ներկայութեան տեղի ունեցան աւարտական երկու մրցումները:
Խառն զոյգի ախոյեանութիւնը շահեցաւ ֆրանսուհի Տիւր եւ գերմանացի Ինկօ Պիւտինկ, որոնք մեծ դժուարութեամբ (10-8 եւ 10-8) պարտութեան մատնեցին Վան Զիլ-Քոշ խառն զոյգը: Իսկ առանձին ախոյեանութեան տիրացաւ գերմանացի Քրիսթիան Քուհնկ, որ, հակառակ բոլոր նախատեսութիւններուն, շնորհիւ իր առասպելական հանդարտութեան եւ ցուցաբերած բացառիկ խաղարկութեան, յաջողեցաւ պարտութեան մատնել սպանացի Ժոզէ Լուի Արիլլան` 3-6, 6-4, 6-3, 6-4 արդիւնքով:
Քուհնկ, որ մեծ ախոյեանի մը բոլոր յատկութիւնները ունի, արժանի էր տիրանալու հանրապետութեան նախագահի տրամադրած բաժակին:
Համալսարանական Խաղերը
Համալսարանական հինգերորդ խաղերը, որուն մասնակցեցան 2800 մարզիկներ, 41 զանազան երկիրներէ, աւարտեցան կիրակի գիշեր` Պուտափէշթի մէջ, փակման հանդիսութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ 90 հազար հանդիսականներու ներկայութեան: Երեկոյեան ժամը 9:30-ին բոլոր մարզիկները մասնակցեցան մեծ պարահանդէսի մը, ուր բոլոր համալսարանականները ժամադրուեցան Թոքիօ, ուր չորս տարի ետք տեղի պիտի ունենան համալսարանական վեցերորդ խաղերը:
Համաարաբական Խաղերը
Կրթական նախարարութիւնը հրատարակեց հրամանագիր մը, որով կը ճշդուի համարաբական չորրորդ խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը, որ բաղկացած է 152 մարզիկներէ եւ ղեկավարներէ: Պատուիրակութեան ընդհանուր պատասխանատուն է Խալիլ Հիլմի` կրթական նախարարութեան մարզական ճիւղի վարիչը:
Լիբանանցիք պիտի մասնակցին հետեւեալ խաղերուն. ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, աթլեթիզմ, ըմբշամարտ, կռփամարտ, ծանրաբարձութիւն, լողարշաւ, նշանառութիւն եւ հեծելարշաւ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ հայ մարզիկները. Ժոզեֆ Նալպանտեան (ֆութպոլի խումբի մարզիչ), Եղիշէ Խոստեղեան, Յովհաննէս Յուսամեան, Իպրահիմ Գասապեան (Ֆութպոլ), Կարօ Գազանճեան, Հրայր Պաղտատեան եւ Արա Խալոբեան (պասքեթպոլ), Բիւզանդ Թորիկեան (աթլեթիզմի դատաւոր), Զարեհ Արզումանեան (աթլեթիզմ), Գէորգ Լեհիմճեան (ծանրաբարձութիւն), Իսահակ Տէրտէրեան (լողարշաւ) եւ Գէորգ Գոճիքեան (հեծելարշաւ):
Համարաբական խաղերուն բացումը տեղի պիտի ունենայ 2 սեպտեմբերին, Գահիրէի մէջ եւ պիտի տեւէ մինչեւ 11 սեպտեմբեր:
Յաջորդ համարաբական խաղերը կազմակերպելու համար իրենց թեկնածութիւնը դրած են Լիբանան եւ Յորդանան: Գահիրէի մէջ պիտի որոշուի կազմակերպող երկիրը:
* * *
Համարաբական խաղերու կազմակերպիչ մարմիննը որոշած է ֆութպոլի մեծ մրցում մը կազմակերպել արաբական երկիրներու խառն խումբին եւ համաարաբական խաղերու ախոյեան խումբին միջեւ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Գահիրէի մէջ, 14 սեպտեմբերին: Շատ հաւանական է, որ մրցում մըն ալ կազմակերպուի Եգիպտոսի եւ խառն խումբին միջեւ:
Վ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ