«Դուն Իմ Ամերիկաս Ես»
Ձայնասփիւռը կը բանամ:
Մասնաւոր կայան մը չունիմ մտքիս մէջ: Քաղաքական լուրերու ախորժակն ալ չունիմ: Ամէն վայրկեան լռութիւնը հաճոյք չէ: Լռութիւնը աղմուկով պէտք է սպաննել երբեմն:
Ահա թէ ինչո՛ւ, բոլորովին անտարբեր, միայն կը բանամ ձայնասփիւռը: Մտիկ չընելո՛ւ համար:
Սակայն խօսնակը, բամբ ձայնով ու վարակիչ խանդավառութեամբ, կը ստիպէ երկվայրկեան մը գէթ զինք ունկնդրել:
Կը բացատրէ, թէ քիչ ետք, երգողներու աշխարհէն, վերջին յաջողութիւնը պիտի տայ: Ըսելու ձեւ մըն է թերեւս: Սակայն հետաքրքրական է միշտ «վերջին յաջողութիւնը», «վերջին նորոյթը»:
Պահ մըն ալ կ՛երկարեմ համբերութիւնս: «Վերջին պարը», «վերջին լուրը», «վերջին երգը»: Առաջինները անցան մոռացութեան: Այժմ նորոյթը վերջինն է:
Ի՞նչ մեղքս պահեմ. շատ չեմ հասկնար երաժշտութենէ: Ինծի համար երաժշտութիւնը էապէս «Հոռովել հօ» է, «Ծիծեռնակ», «Անոյշ»: Անո՛նք: Ըսենք` հայկականները: Քիչ մը նաեւ` ինչ որ հայկական նմանութիւն կրնայ բերել: Այսինքն` թաւշային տխրութիւն, քնքշութիւն:
Վերջին յաջողութիւնը (սիւքսէ) գիտնալ` կը նշանակէ տգէտ, յետամնաց չըլլալ: Ազատիչ այդ… վիրաւորանքներէն: Թերեւս կրնայինք ըսել նաեւ` գովեստներէ՛ն: Սակայն հարցը այդ չէ:
Երգիչը, ոմն Ժաք, կը սկսի սիրերգ մը:
Եղանակէն` մեկնած` կը խորհիս, որ «վերջին նորոյթ» պարերու եղանակ մըն է, եղանակ մը, որ երբ լսես, պէտք է մարմինդ ծռես, ոտքերդ շարժես, երեսդ ճմռթկես, թեւերդ երկարես, ոլորես, փակցնես մարմնիդ, տանիս գլխուդ իջեցնես ոտքերուդ ու միշտ ցատկես, վեր, վար, կողմնակի:
Բայց սխալ եմ:
Բառերը շարժանկարի հրաւիրելու կոչուած են: Երիտասարդ մը իր սիրած աղջիկը շարժանկարի կը հրաւիրէ:
Ու կը հրաւիրէ իր ճաշակով:
Կ՛երեւի կանկսթերական ժապաւէնի պիտի տանի ու նախերգանքը ինքը կը յօրինէ:
Կ՛ամչնամ ըսելու, թէ մարդ սիրաբանութիւնը այս եղանակով չ՛ըներ: Չի կրնար ընել: Սակայն, ո՛վ գիտէ: Վերջին նորո՞յթը հապա…: Սիւքսէ՛ն:
Այս բոլորը թերեւս չըսուելիք բաներ ըլլային, են: Ասոնք այն տեսակէն են, զոր կրնաք ունենալ, ապրիլ, սակայն` «չպաշտօնականացնել»:
Սակայն, ինչ որ յատկանշական էր, զաւեշտաողբերգական, հետեւեալն է.
Սիրուհիին նուիրուած այդ հրաւէր-կանչին մէջ նաեւ բանաստեղծական պատկերներ կային: Կեանքէն առնուած բաղդատական եզրեր:
Չինարի պոյ, ճէյրանի աչքեր, կամար յօնքեր. ծանօթ ու հին պատկերներ են:
Դուն հոգիս ես, դուն երջանկութիւնս ես, դուն կեանքս ես. ասոնք կան միշտ, բայց չեն կրնար այնքան բանաստեղծական ըլլալ: Հին են, հինցնող:
Այս երգին մէջ, երիտասարդ սիրահարը, իր շարժանկարի հրաւիրած սիրուհին համոզելու, կակուղցնելու համար գործ կը դնէ իր ամբողջ տաղանդը եւ կը բացագանչէ, կը պոռայ, կը մղկտայ.
– Դուն իմ Ամերիկաս ես…
Ուրիշ մը պիտի ըսէր` դուն իմ իտէալս ես, երազս ես, շունչս ես:
«Դուն իմ Ամերիկաս ես»:
Այս «հիմք»-ին վրայ վաղը կը կառուցուին նմանակներ, հիմնական տարբերակներով թէկուզ:
Այսպէս, կը սկսի վերջին սիւքսէն:
Կու գան յաջորդաբար. «Դուն իմ Մոսկուաս ես», «Դուն իմ Անգլիաս ես», «Դուն իմ Փարիզս ես»:
Թերեւս օր մը լսենք նաեւ` «Դուն իմ Երեւանս ես»…
Այդ օր վստահօրէն կ՛ուրախանանք:
Ինչո՞ւ:
Ամերիկացին երբ ըսէ` «դուն իմ Ամերիկաս ես», կը հասկնանք, որ հայրենասէր է: Երբ արարը ըսէ` «դուն իմ Լիբանանս ես, Սուրիաս ես, Նեղոսս ես», կը հասկնանք, որ հայրենասէր է:
Բայց երբ ո՛չ ամերիկացին է, որ կ՛ըսէ, ինչպէս է պարագան մեր Ժաքին, «դուն իմ Ամերիկաս ես», մեզի կը մնայ հասկնալ մէկ բան. դուն իմ տոլարս ես…
Արդէն ի՞նչ ըսել է Ամերիկա` տոլա՛ր:
Կանաչ, ժպտող ու ժպտեցնող տոլար:
Ծառերէն ինկող տոլար:
Փողոցէն հաւաքուող տոլար:
Մարդ խեւ ըլլալու է` մնալու համար հոս, երբ հոն կը բաժնուի տոլար:
Մարդ խեշիմ ըլլալու է իր սիրուհիին ըսելու համար` «դուն հոգիս ես»: Պէտք է ըսել` «դուն իմ տոլարս ես», «ռուբլիս ես», «սթերլինս ես»:
Աղջի՛կն ալ բան կը հասկնայ, ըսո՛ղն ալ:
Անպայմա՛ն շարժանկարի կու գայ… օրհնածը:
Լաւ է, Ժա՛գ, լա՛ւ…
Վերջին սիւքսէ՞ն. հելպե՜թ:
Վաղը կրնայ հայրենմնալու համար հոս, էր բանաստեղծ մը հպարտ-հպարտ ցոյց տալ իր հայրենասիրութիւնը եւ գոռալ.
Հայաստա՛ն, դուն իմ Ամերիկաս ես:
Հայաստա՜ն, դուն իմ Ռուսիաս ես:
Ու անպայմա՛ն կը գտնուի մէկը, որ եղանակ յօրինէ, եւ ուրիշ երեւելի մը, որ երգէ ու դառնայ վերջին սիւքսէ…
ԱՍԻԱՑԻ
Աշխարհահռչակ Երգահան Արամ Խաչատուրեանի
Այցը Աթէնքի Ազգ. Առաջնորդարան Եւ
«Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան» Վարժարան
Աշխարհահռչակ երգահան եւ երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեան, որ երկու շաբաթէ ի վեր Յունաստան կը գտնուի, օգոստոս 31-ին այցելեց Ազգային առաջնորդարան, ուր ընդունուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեանի, Ազգ. կեդր. վարչութեան ատենապետ Ներսէս Յակոբեանի եւ վարչութեան միւս անդամներուն կողմէ:
Մեծանուն հայը նախ այցելեց մայր եկեղեցին եւ ապա շրջեցաւ առաջնորդարանի բոլոր մասերը:
Ապա առաջնորդուեցաւ առաջնորդարանի դահլիճը, ուր հիւրասիրուեցաւ եւ շուրջ մէկ ժամ մտերմօրէն խօսակցեցաւ ներկաներուն հետ:
Անուանի արուեստագէտը ապա ընկերակցութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգ. կեդր. վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն, այցելեց «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարան:
Ամբողջ շէնքը շրջելէ ետք Ա. Խաչատուրեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Հելլադայի մայրաքաղաքին մէջ հայ փոքրիկներու կրթութեան համար այսպիսի փառաւոր վարժարան մը կառուցուած ըլլալուն համար:
Ժամանակը բաւական յառաջացած էր, եւ Ա. Խաչատուրեան, ուրիշ ժամադրութիւններ ալ ունենալով, հրաժեշտ տուաւ բոլորին եւ ուղղուեցաւ պանդոկ:
Արամ Խաչատուրեան սեպտեմբեր 2-ին, իր կնոջ հետ կը մեկնի դէպի Մոսկուա` ներկայ գտնուելու համար երաժշտանոցի դասաւանդութեանց վերամուտին: Սեպտեմբեր 18-ին իր կնոջ հետ պիտի երթայ Զուիցերիա (Ժընեւ ու Լոզան)` դաշնակի եւ ջութակի մրցումներուն հետեւելու համար իբրեւ դատական կազմի անդամ, որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, տիկին Խաչատուրեան յայտնի դաշնակահարուհի եւ երգահան է միաժամանակ: Զուիցերիա պիտի մնան մինչեւ հոկտեմբեր 3 կամ 4:
Կ. Մ.