Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 31, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարլ Ազնաւուրի Հետ

Օգոստոս ամիսը մեծ արձակուրդներու ամիսն է: Փարիզեցիներուն մեծ մասը այդ ամսուն կը լքէ ամէն ինչ ու կը փութայ դէպի ծովափնեայ ամարանոցները:

Պարագան նոյնը չէ, սակայն, շարժանկարի ճարտարարուեստի աշխատաւորներուն համար: Օգոստոս ամսուն բազմաթիւ ժապաւէններու պատրաստութեան կը ձեռնարկեն շարժանկարի արտադրիչներն ու բեմադրիչները: Արդարեւ, այս տարուան օգոստոս ամսուն Փարիզի փողոցներուն մէջ կը դարձուին երկու ժապաւէններ, մէկը` Ժաք Քլեմանի ղեկավարութեան տակ` Փարիզի ազատագրման դրուագները ոգեկոչող, միւսը` «Փարիզը օգոստոս ամսուն», Շարլ Ազնաւուրի գլխաւոր դերակատարութեամբ:

«Փարիզը օգոստոս ամսուն» ժապաւէնին նիւթը առնուած է Ռընէ Ֆալէի համանուն վէպէն, որ անցեալ տարի արժանացաւ Էնթեռալիէի գրական մրցանակին:

Պատմութիւնն է երիտասարդ զոյգի մը` Փարիզի մեծահամբաւ վաճառատուներէն Սամարիթէնի մէջ իբրեւ վաճառորդ պաշտօնաւորող երիտասարդի մը (Ազնաւուր) եւ Անգլիայէն եկած զբօսաշրջիկ պարմանուհիի մը (Սիւզան Համշայր), որոնք իրենց առաջին հանդիպումին կը կապուին իրարու գորովալից սիրով մը: Երիտասարդ վաճառորդը կը պահէ իր ինքնութիւնը, իր վաճառորդի հանգամանքը կը թաքցնէ նկարիչ արուեստագէտի պատմուճանին տակ: Պարմանուհին, իր կարգին, արժանի բարձրութեան մը վրայ մնալու համար իր համեստ ծագումը կը պարուրէ անգլիական ազնուական գերդաստանի մը պատկանած ըլլալու խաբուսիկ երազանքով:

Երկու երիտասարդները ամէն օր թեւանցուկ կը շրջագային Փարիզի փողոցներուն մէջ, իւրաքանչիւրը կը խօսի իր շինծու հանգամանքին մասին` զիրար շլացնելու միտումով, եւ այս խաղը իրենց մէջ հետզհետէ կը ծնցնէ ճշմարիտ սէր մը:

Կու գայ, սակայն բաժանման տխուր պահը: Անգլիուհին կը մեկնի իր երկիրը` սրտին մէջ տանելով ֆրանսացի «նկարիչ արուեստագէտին» յիշատակը, իսկ երիտասարդ վաճառորդը կը վերադառնայ իր յաճոխորդներուն` իր երեւակայութեան պաստառին վրայ ամուր քանդակուած ունենալով «ազնուական անգլիուհի»-ին չքնաղ դիմագվիծը…

* * *

Այս ժապաւէնը կը շարունակեն տակաւին դարձնել Փարիզի փողոցներուն մէջ: Ինծի ալ համեստ դեր մը վիճակուած էր, դեր մը, որուն մէջ խաղընկերը եղայ մեր մեծանուն հայրենակիցին` Շարլ Ազնաւուրի:

Սենի քարափներէն մէկուն վրայ կը դառնար մեր տեսարանը: Օգտուելով դադարի մը պահէն, մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին, հարցուցի իրեն.

– Վաղինակ, այս ժապաւէնէն ետք պիտի հանգստանա՞ս, թէ՞ ունիս տարբեր ծրագիրներ:

– Գիտէ՞ք, ըսաւ, ներկայիս զբաղած եմ խիստ կարեւոր հարցով մը: Ստոյգ աղբիւրներէ տեղեկացայ, թէ ֆրանսացի մեծանուն դերասան Ռեմիւ հայկական ծագում ունի եւ բուն անունով կը կոչուէր Գոզեան:

Էմփրեզարիոյիս յանձնարարեցի, որ հետապնդէ այդ խնդիրը, պրպտումներ կատարէ Թուլուզի` Ռեմիւի ծննդավայրի քաղաքապետարանին մէջ, ձեռք բերէ անոր ծննդեան վկայագրին պատճէնը եւ, եթէ լուրը ստոյգ է, բոլոր արխիւները պիտի ուղարկեմ Հայաստան եւ կը կարծեմ, թէ հոն Հայաստանի թատերական թանգարանին մէջ արժանի տեղ մը կը յատկացնեն Ռեմիւ Գոզեանին:

Ասիկա մէկ օրինակն է միայն մեր Վաղինակին ծագումին հաւատարիմ մնալուն:

* * *

Ուրիշ դադարի մը պահուն, երբ դարձեալ միասին էինք, կը խօսէինք հայերէն` հակառակ ֆրանսացիներով շրջապատուած ըլլալնուս:

Երիտասարդը կը մօտենայ ինծի եւ կը հարցնէ հայերէն.

– Ժամը քանի՞ն է…

Կը նայիմ թեւիս ժամացոյցին ու կը պատասխանեմ:

– Ժամը 4:00-ին քսան կայ…

Այս անգամ երիտասարդը անուշ ժպիտով մը եւ ֆրանսերէն կը պատասխանէ.

– Այդքանը տակաւին չեմ հասկնար, բայց կը յուսամ մեր յառաջիկայ հանդիպումին ատոր հայերէն պատասխանը տալ ձեզի:

Կը զարմանամ եւ կը հարցնեմ.

– Ուրեմն հայերէ՞ն կը սորվիք, եւ ինչո՞ւ…

– Օ՜հ, կը պատասխանէ երիտասարդը, կարելի բա՞ն է Շարլ Ազնաւուրի բարեկամ ըլլալ եւ հայերէնը չսիրել ու չսորվիլ…

Այս ալ ուրիշ օրինակ չէ՞ միթէ:

* * *

Երեք օր մնացի իրեն հետ: Երեք օրուան ընթացքին մեր բոլոր խօսակցութիւնները տեղի ունեցան հայերէն: Անգամ մը ներկայացուց զիս Սիւզան Համշայրին: Ֆրանսերէն սկսաւ իրենց խօսակցութիւնը եւ միջոց մը շարունակուեցաւ անգլերէնով:

Բան չէի հասկնար անշուշտ: Երբ վերջացաւ իրենց խօսակցութիւնը եւ անգլիացի դերասանուհին կանչուեցաւ բեմադրիչին կողմէ, հարցուցի.

– Վաղինա՛կ, ի՞նչ ըսիր զիս ներկայացնելէ ետք:

– Ըսի, թէ,- պատասխանեց Շարլ Ազնաւուր,- հայ ժողովուրդը շատ հին ժողովուրդ մըն է, ստեղծագործ ու տաղանդաւոր եւ աշխարհին տուած է արժէքաւոր մարդիկ…

Հպարտութեամբ ուռեցաւ կուրծքս: Անսահման հիացումով նայեցայ իրեն: Բառ մը չարտասանեցի: Բայց ինք` Վաղինակ Ազնաւուրեան, հասկցաւ իմ լուռ հիացումիս բովանդակ իմաստը:

Միջազգային արուեստի հրապարակին վրայ անհասանելի բարձունքի մը հասած Շարլ Ազնաւուր, հաւատարիմ իրեն ծնունդ տուող ազնուազարմ ցեղին, չի մոռնար երբեք, թէ ինք ծնած է Վաղինակ Ազնաւուրեան անունով:

Ի՞նչ գեղեցիկ օրինակ` բոլոր անոնց համար, որոնք այս շողշողուն մետալիոնին միւս երեսը կը ներկայացնեն, որ… մռայլ է ու մութ:

ԱՐՏԱՇԷՍ ԳՄԲԷԹԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Իտալացի Ճանլուքա Մարչիանոն Պիտի Այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ Ու Չի Վախնար «Սեւ Ցանկ»-ին Մէջ Ներառուելէ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?