50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)
«Աւա՜ղ Փառացս»... «Ազդակ»-ի 7 փետրուարի թիւին մէջ` ալեւոր պահակը, Բ. Թաշեան, կը փորձէ դեգերիլ «Տիրոջը այգի»-ին մէջ. մատնանշել լեզուական, քերականական եւ ուղղագրական վրէպներ, պարզել թիւրն ու թերին` ի պաշտպանութիւն Մայրենիքի: Ուրի՜շ նահապետ մը, Լեւոն Երկանեան, պարբերաբար նոյն մարզանքը կը փորձէ «Յուսաբեր»-ի մէջ: Վարդան Գէորգեան եւ Գաբրիէլ Թագւորեան, վերջին մոհիկաններէն, եղիճ ու տատասկ հաւաքելու նոյն տաժանագին աշխատանքին լծուած էին ատենօք: Մինչեւ այսօր ալ կը պայքարին անյուսահատ: Վստահօրէն կը գիտակցին, բոլորն ալ, թէ զո՜ւր յոգնութիւն է եղածը: Մանր մաղելու կամ բարակ մանելու պէս բան մը, երբ տարրական կանոններու հանդէպ իսկ յարգանք մնացած չէ: Ոչ միայն անգիտութիւնը, այլեւ արհամարհոտ անտարբերութիւնը աւեր կը գործեն:...
Կարդալ ԱւելինDetails