Աղօթք Ամանորի
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան… Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան… Կաթիլներու ջուրին նման վեր բարձրանան եւ ամպանանծածկեն գունտն այս ապականածու վար ցoղեն դանդաղօրէն եւ համօրէնիջնեն գլխուն մէն մի մարդու եւ սրտերո՛ւն,մաքրեն մաղձը ու նախանձըմաքրեն կիրքը եսին հիւանդ։ Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան… Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր… Սերմերու պէս դաշտին նետուած ԽՈՀը ցնցուղ ցանես մտքին մէն մի մարդու եւ տաս անոր գիտակցութիւն՝ վեհին անեղծ եւ վսեմին սրբամաքուր։...


















