Պաալպեքի Միջազգային Փառատօնը
Եւ
Հայկական Գեղարուեստը

Հաւատքը, կ՛ըսեն, պայման է յաջողութեան: Իսկ մենք ալ կրնանք ըսել. համարձակութիւնը պայման է թէ՛ յաջողութեան եւ թէ՛ յաղթանակի:
Ամէն ձեռնարկ, որ կը կատարուի, պիտի չափենք իր տարողութենէն: Հայկական միացեալ ուժը պարտադրեց իր կամքը գեղարուեստի ճամբով, գեղարուեստը սիրող եւ գնահատող օտար ընտրեալ հասարակութեան: Մենք` հայերս, անխտիր հպարտութեամբ, ուրախութեամբ եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ յուզումով դիտեցինք ու խելայեղօրէն ծափահարեցինք հայ երկսեռ երիտասարդութեան նուաճումները, այս անգամ` միջազգային գետնի վրայ տարուած արդար յաղթանակները:
Յիսնամեակ մը առաջ (1910-1914), Կոմիտաս վարդապետ 350 հոգինոց երգչախումբով իր անդրանիկ համերգը կու տար Պոլիս: Ապա կ՛անցնէր փարաւոններու երկիրը` Եգիպտոս, Աղեքսանդրիա, հոս եւս 200 հոգինոց խումբով կը ծանօթացնէր մեր տոհմիկ երաժշտութիւնը օտար եւ հայ հասարակութեանց:
Այս անգամ, արտասահմանի մէջ, լիբանանահայ երգի-պարի խումբն էր, որ իր 125 անդամ-անդամուհիները Լիբանանէն Լիզպոն կ՛առաջնորդէր տաղանդաւոր երգահան Կանաչեանի աշակերտներէն տոքթ. Էլմաճեանի եւ պարուսոյց Սարգիս Փասքալեանի ղեկավարութեամբ:
Տոքթ. Էլմաճեան արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը: Ան համեստօրէն, բայց վստահօրէն ղեկավարեց հարիւրի հասնող երգչախումբն ու նուագախումբը, Պաալպեքի երկու հազարամեայ պատմական սիւներուն եւ կամարներուն ներքեւ, յիշեցնելով մեզի Կանաչեանի համերգները: Որոշապէս յայտնի էր, որ տոքթ. Էլմաճեան իր ամէն մէկ շարժումին մէջ ապրում եւ հոգի կը դնէր բեմին վրայ դեր կատարող դերասանի պէս:
Մարդիկ հաւատք չունէին, թէ հայերս պիտի կարենայինք երեկոյթ մը յաջողցնել միջազգային առումով: Պիտի կարենայի՞նք երկու-երեք հազար հոգի պարունակող դաշտանման բացօթեայ թատրոնը լեցնել երեք գիշեր իրարու վրայ, Պէյրութէն 90 քիլոմեթր հեռու Պաալպեքի մէջ, այն ալ` գիշեր ատեն:
Սեպտեմբեր 3, 4 եւ 5-ի երեկոները եկան վկայելու, թէ հայ ժողովուրդը գիտէ գնահատել իր գեղարուեստը` ի գին նիւթական մեծ զոհողութիւններու: Արդարեւ, պարապ աթոռ չկար ընդարձակ դաշտին մէջ: Այս կը նշանակէ, թէ արդէն մօտ 8000 ազգայիններ բախտը ունեցան ծափահարելու մեր անխոնջ երիտասարդներն ու աղջիկները, պատասխանատու վարիչները, ղեկավարները եւ մասնաւորապէս Նինա Ճիտէճեանը, որ խումբին հոգին եղած է: Պատի՛ւ հայ ժողովուրդին: Պատի՛ւ հայ մշակոյթին եւ հայ գեղարուեստին ծառայողներու այս ոգիին: Առանց այս նուիրեալներուն նիւթական եւ բարոյական զոհողութեան` կարելի չէր նման հսկայ ձեռնարկ մը համարձակօրէն ցուցադրել Պաալպեքի միջազգային բեմին վրայ, եւրոպական մեծ ազգերու շարքին: Հայ ժողովուրդը սրտանց եւ անկեղծօրէն կը գնահատէ անոնց թափած աշխատանքները` ի նպաստ հայ գեղարուեստի եւ հայ երաժշտութեան տարածման:
Երեկոյթի յայտագրին հետեւելով` հաստատեցինք, թէ այս չափազանց յոգնեցուցիչ ձեռնարկին ղեկավարութիւնը յանձնուած է բարեխիղճ եւ գործէն հասկցող անձերու, որոնք, պէտք է խոստովանիլ, լարուած ժամացոյցի պէս գործադրեցին յայտագիրը` սկիզբէն մինչեւ վերջ: Պէտք է շնորհաւորել խումբին բոլոր անդամ-անդամուհիները, որոնք ամենայն ուշադրութեամբ եւ անթերի կերպով կատարեցին իրենց յանձնուած պաշտօնները` երգերու, պարերու եւ նուագախումբի մէջ:
Ֆոլքլորիք ներկայացումները Միջին Արեւելք տարածուեցան, պէտք է ըսել Հայաստանէն, Ալթունեանի խումբին շրջապտոյտէն ետք, որ յիսունէ աւելի ելոյթներ ունեցաւ Գահիրէ, Դամասկոս, Հալէպ եւ Պէյրութ: Ուրեմն հետագային ծնունդ առին լիբանանեան հայկական եւ սուրիական ֆոլքլորիք խումբերը: Ալթունեանի առաջին խումբը, որ լաւ պատրաստուած էր թէ՛ երգերով եւ թէ՛ պարերով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց գաղութահայ հասարակութեան մէջ:
Տարի մը առաջ Ալթունեան կրկին եկաւ իր խումբով, բայց նորութիւն մը չբերաւ Հայաստանէն, կարծես առաջին խումբէն ալ քիչ մը տկար էր եւ յայտագրով ալ ոչ այնքան ճոխ:
Այս փակագիծը բացինք անոր համար, որ գաղութահայ ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար Պէյրութի հայութիւնը, երկար տարիներ Կանաչեանի բազմաձայն համերգները լսելէ ետք, դժուար թէ ամէն խմբերգ հալած իւղի պէս կլլէ: Կրնանք ըսել, որ այսօր հայ իրականութեան մէջ Կանաչեանի հեղինակած խմբերգներուն հաւասարող գործ մը չտեսանք: Որով համարձակօրէն կրնանք յայտարարել, որ Բարսեղ Կանաչեան կը մնայ, Կոմիտասէն ետք, առաջնակարգ երգահաններէն մէկը ամբողջ հայութեան մէջ: Կանաչեանի դաշնաւորած երգերէն իւրաքանչիւրը մէյ մէկ ներկայացումի նիւթ կրնայ ծառայել:
Արդ, ի՞նչ կարելի է ընել ապագայ ձեռնարկներուն համար:
Լիբանանահայ խումբին ղեկավարները պէտք է մտածեն որոշ նորութիւններ մտցնելու յառաջիկային տրուելիք ներկայացումներու յայտագիրներուն մէջ:
Այս մասին կ՛ուզէինք քանի մը թելադրանքներ ընել. կը կարծենք, թէ անոնք կրնան օգտակար ըլլալ խումբին համար նոր յաջողութիւններ ապահովելու ճամբուն վրայ:
Առաջին. պէտք է քանի մը ծիծաղ պատճառող պարեր դնել: Յետոյ, երգախառն փոքրիկ կատակերգութիւն մը նոյնպէս հաճելի կ՛ըլլայ:
Գալով երգերուն, տեսնելէ ետք տոքթ. Էլմաճեանին վարպետ խմբավարութիւնը, օրինակ, Կանաչեանի որեւէ մէկ խմբերգը` «Օրօր»-ը, «Հայ նար»-ը, «Տալիլօ»-ն, «Նանօր»-ը, «Վարդերի հետ»-ը, կարելի է օփերեթի վերածել, բեմադրիչի ղեկավարութեամբ: Անշուշտ որ շատ դիւրին գործ չէ, բայց անկարելի ալ չէ:
Ահա օրինակ մը: Խումբ մը ընտանիքներ, երիտասարդներ եւ աղջիկներ ամառ ատեն լեռ կը բարձրանան: Ծառաստաններու մէջ կորսուած շրջան մըն է: Քանի մը ուրախ պարերէ ետք, գիշերը վրայ կը հասնի: Խումբին մէջ երեխայ մը կայ, որ պիտի քնացնեն ծառերու ճիւղերուն մէջ շինուած օրօրոցին մէջ: Ուրեմն խումբը կ՛երգէ Կանաչեանի հռչակաւոր «Օրօր»-ը: Երեւակայեցէք` ի՜նչ գեղեցիկ տպաւորութիւն կը թողու երգուած խմբերգը գիշերուան խոր լռութեան մէջ:
Գ. ՍԱԶՃԵԱՆ
