50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1965)

«Ազատամարտ»-ի Ճանապարհով «Ազատամարտ»-ը ազատագո՛ռ: «Ազատամարտ»-ը արիաբա՛նց: Համիտեան եւ իթթիհատական հալածանքի եւ արհաւիրքի սեւ ու դաժան օրերուն, հուրի ու ջարդի, զուլումի ու սարսափի թոհուբոհին մէջ, հայ յեղափոխութեան կիրքով սաղմուած, հայ ժողովուրդին ալեծուփ ու մխացող ցաւերուն արիւնաթաթաւ երկունքէն ծնաւ ան, 10 յունիս 1909-ի առաւօտը, ամառնաշող արեւուն հետ, ինքն ալ արեւ մը` հրաշափառ ու բոցակէզ: Փա՜ռք անոր վահագնեան ծնունդին: Մատա՜ղ անոր ազատատենչ առաքելութեան: Ծնաւ «Ազատամարտ»-ը հայապանծ: Առիւծասիրտ արքան հայ մամուլին, արքայից արքայ Տիգրան Մեծի վահանով զրահուած: Ծնաւ Պոլիս, Համալ-Պաշիի բարձրադիր շէնքին մէջ, հակառակ մեծազօր ու մենատէր` յարաճուն ու ծաւալուն իթթիհատի խափանարար կեղծիքին ու թշնամանքին, եւ խիզախօրէն փողահարեց Դաշնակցութեան խօսքը, խօ՛սքը անկաշառ ու արի`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1965)

«Յառաջ» (Հպանցիկ Նոթեր` Իր Քառասնամեակին Առթիւ) (*) «Յառաջ» բացառութիւն մը չեղաւ, անշուշտ, այն տեսակէտէն, թէ լոյս կը տեսնէր գրեթէ նորակազմ գաղութի մը մէջ: Բայց, «գաղութահայ թերթ» եւ «գաղութի մը թերթը», այս որակումները, որոնցմէ մէկը քիչ մը աշխարհագրական բնորոշում է` արդիւնք մեր այժմու գոյավիճակին, իսկ միւսը` տուեալ թերթին միայն տուեալ գաղութին շրջագիծէն ներս դերի մը չափանիշն է, հաւասարապէս անբաւարար են բնորոշելու համար «Յառաջ»-ը: Տարակոյս չկայ, թէ վայրը եւս իր դերը ունեցաւ: Մանաւանդ` մինչեւ Բ. Աշխարհամարտ, երբ Փարիզ իր մէջ կեդրոնացուցած էր ընդհանրապէս արտահայաստանի մտաւորականութեան կորիզը եւ մասնաւորապէս ՀՅ դաշնակցութեան մտաւորական ընտրանին: Այս իրողութիւնը սակայն, որ նպաստ մը բերած է «Յառաջ»-ի, վկայութի՛ւն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1965)

Խմբագրական «Խաղաղութեան Սահման»-ը (Թուրքեւխորհրդային Գլխագիր Կեղծիքին Առիթով) Բ. Խորհրդային Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամներէն Նիքոլայ Փոթկոռնի, Անգարա իր վերջին այցելութեան առիթով, 4 յունուար 1965-ին, ողջունելով թուրքեւռուս հայադաւ գործակցութեան եւ բարեկամական նոր յարաբերութեանց մեղրալուսինը, կը պատգամէր. «Թուրքեւխորհրդային ՍԱՀՄԱՆԸ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՏԱՑՄԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ, ՍԵՒ ԾՈՎԸ ՊԻՏԻ ԴԱԴՐԻ ՄԵՐ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԲԱԺՆԵԼԷ` ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱՃՈՒՆ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆՑ ՈՒՂԻ ՄԸ...» («Ազդակ», 5 յունուար 1965, Ա. էջ): Ըսուած է շատ յստակ եւ շատ վճռական շեշտով: Հո՛ս եւս ըսուածը երկու տող է միայն, սակայն ամէն ինչ կ՛ըսէ եւ կ՛ըսէ աւելի՛ քան յատկանշական եղանակով ու ոգիով: Սակայն ամէն բան այսքան յստակօրէն ըսելէ ետք խորհրդային լիազօր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1965)

Խմբագրական  «Խաղաղութեան Սահման»-ը (Թուրքեւխորհրդային Գլխագիր Կեղծիքին Առիթով) Ա. Կարելի՞ է դոյզն իսկ տարակոյս ունենալ այն մասին, թէ աշխարհի ամէնէ՛ն լայնածաւալ աշխարհակալութիւնը եւ ամէնէ՛ն մեծ ու արիւնոտ բռնապետութիւնը Խ. Միութիւնն է վերջին յիսնամեակին: Հնարաւո՞ր է հեռաւոր կասկածն անգամ սնուցանել նաեւ այն մասին, թէ մեր մոլորակի ամէնէն արիւնռուշտ բռնապետութիւնը եւ անմրցելի ցեղասպանը Թուրքիա՛ն է վերջին աւելի քան եօթը հարիւր երկար ու խուժդուժ տարիներու ընթացքին: Եթէ մենք լռենք, քարե՛րը կ՛աղաղակեն այս անլռելի ճշմարտութիւնը հեռաւոր Խաղաղականէն սկսեալ մինչեւ Ատլանտեանի ափերը, բեւեռային հիւսիսէն մինչեւ Կարմիր ծով եւ մինչեւ... դժո՛խք: Այս երկու անօրինակ բռնապետութիւններն են ահա, որ Հայ դատի «դիակ»-ին վրայէն բարեկամութեան ձե՜ռք կ՛երկարեն իրարու` տրորելով...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Օգոստոս 1965)

Ժամ Մը` Ա. Խաչատուրեանի Հետ Մտերմիկ Եւ Սրտբաց Խօսակցութիւն Աշխարհահռչակ Հայ Երգահան-Երաժշտագէտին Հետ Քանի մը օրէ ի վեր Հելլագայի հռչակաւոր մայրաքաղաքը` Աթէնք կը հիւրընկալէ հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն աշխարհահռչակ երգահան-երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեանը: Հելլէն բոլոր թերթերուն էջերը լեցուն են անոր նուիրուած յօդուածներով ու լուսանկարներով: Մեր գաղութի միակ օրաթերթին` «Ազատ Օր»-ին կողմէ երկուշաբթի, 16 օգոստոսի երեկոյեան, հեռաձայնեցի «Հիլթըն» պանդոկը` հանդիպում մը խնդրելու համար մեծանուն արուեստագէտէն: Հեռաձայնի լսափողէն կը լսուի բամբ եւ առնական ձայն մը. - Ո՞վ է... - Աթէնքի «Ազատ Օր» հայ օրաթերթի աշխատակիցներէն Կ. Մինասեան: Արդեօք կարելի՞ է ձեզի հետ հանդիպում մը ունենալ, պ. Խաչատուրեան: - Ամենա՛յն սիրով: Հրամեցէք: Քանի՞ վայրկեանից...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Օգոստոս 1965)

Կեանքը Քեսապի Մէջ Ասմունքի երեկոյ.- Քեսապի թաղական Խորհուրդի հրաւէրով, սիրուած վիպասող Յ. Կիւլոյ եան անմոռանալի պահ մը շնորհեց մեզի` Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ը արտասանելով: Օգոստոս 14-ի գիշերը Ս. Աստուածածին եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր: Հանդէսին կը նախագահէր Գարեգին սրբազան: Ներկայ էին Մաշտոց վարդապետ Յովսէփեան, վերապատուելիներ Արտաշէս Գերպապեան եւ Սողոմոն Նիւճքեան, Կոմիտաս վարդապետ Պէօճիւքեան: Սրբազան հօր բացման խօսքէն ետք, Կոմիտասի «Անտունին» կը փշաքաղէր հանդիսականներուն մարմինները... Որմէ ետք Յակոբ բեմ կը բարձրանար, ձայնի դիւթող ալիքներով եւ դէմքի ու ձեռքերու ճարտար արտայայտութիւններով Սեւակի տողերը ապրումի վերածելու համար: Աւելի քան երկու ժամ ամբողջ սրահը կախուած մնաց Յակոբին շրթներէն: Գիշերուան ժամը 1:00-ին սրբազան հայրը ոտքի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Օգոստոս 1965)

Խաղաքարտը (Թուրքեւխորհրդային «Բարեկամութեան Սահմանները») Բ. Մի՛շտ նոյն դիւային խաղն է եւ այդ խաղին մէջ միշտ նոյն խաղաքարտն է - Հայ դատը -, որ դաւանենգօրէն կը շահագործուի եւ աճուրդի կը հանուի հիւսիսի եւ հարաւի քաղաքական մթին շուկաներուն մէջ: Ամէն անգամ որ Ռուսիա - ցարական կամ խորհրդային - պէտք կ՛ունենայ Թուրքիոյ բարեկամութեան, ուրանալով կ՛ուրանայ եւ մերժելով կը մերժէ - ըսէ՛ եւ կրկնէ՛ - Հայ դատին գոյութեան իրաւո՛ւնքն անգամ: Միւս կողմէ, ամէն անգամ որ այդ բարեկամութիւնը կը զլացուի իրեն Թուրքիոյ կողմէ, Մոսկուա յանկարծ կը հոգեփոխուի՜, կը սկսի սէր ու գուրգուրա՜նք ցոյց տալ Հայ դատին հանդէպ եւ, տեղին ու պարագային համեմատ, «հողային պահանջներ» յեղյեղել...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Օգոստոս 1965)

Խմբագրական  Խաղաքարտը...  (Թուրքեւխորհրդային «Բարեկամութեան Սահմանները) Խաղը սկսաւ 1953 մայիս 31 չարաշուք թուականին` Ստալինի մահէն երեք ամիս ետք, երբ օրուան խորհրդային արտաքին գործոց նախարար Մոլոտով ծանուցագիր մը յղելով Անգարայի կառավարութեան «յանո՛ւն Հայաստանի եւ Վրաստանի», ի լուր աշխարհին ուրանալով կ՛ուրանար Հայ դատը եւ պաշտօնապէս կը յայտարարէր: «ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀՈՂԱՅԻՆ ՈՐԵ՛ՒԷ ՊԱՀԱՆՋ ՉՈՒՆԻ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ: Այնուհետեւ, խորհրդային վարիչները յամառօրէն ու հետեւողականօրէն կիրարկեցին միեւնո՛յն դիւային քաղաքականութիւնը եւ ամէն անգամ որ պէտք եղաւ Թուրքիան սիրաշահելու նոր փորձեր ընել, երբե՛ք չվարանեցան աճուրդի հանելու հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքները, միանգամընդմիշտ թաղելու համար Հայ դատը թուրքեւռուս տապանաքարերուն տակ: Արդարեւ, քանի մը տարի առաջ Ինտոնեզիա կատարած իր այցելութեան առիթով, վարչապետ Խրուշչով...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Օգոստոս 1965)

 Մարզական ՀՄԸՄ-ի Ախոյեան Աղջիկները Անցեալ կիրակի վերջացան Լիբանանի աթլեթիզմի ախոյեանական մրցումները, որոնց ընթացքին ՀՄԸՄ-ի աղջիկներու խումբը շահեցաւ բոլոր առաջնութիւնները` հաստատելով նոր մրցանիշներ: ՀՄԸՄ-ի խումբին մարզիկները այս սքանչելի արդիւնքներուն կրցան հասնիլ շնորհիւ իրենց կատարած կանոնաւոր փորձերուն`հսկողութեամբ Վարդգէս Էսկիպաշեանի, Ալեքս Տեղիկեանի եւ Ալիս Խըլխաթեանի, որոնք իրենց ցուցմունքներով ուղղութիւն տուին երիտասարդ մարզիկուհիներուն: Ստորեւ` ախոյեան հայուհիներուն նկարները, իրենց հաստատած մրցանիշներով: ԵՍԹԵՐ ՄԵԾՄՕՐՈՒՔԵԱՆ շահեցաւ` 100 մեթր վազքը` 13՛՛ 9/10 (նոր մրցանիշ) 200 մեթր վազքը` 28՛՛ 6/0 (նոր մրցանիշ) 1 քայլ ոստումը` 4 մեթր 76 սմ (նոր մրցանիշ)   ՄԱՆԻՇԱԿ ԳԱՍԱՊԵԱՆ շահեցաւ` Գունդ նետել 10 մեթր 18 սմ. (նոր մրցանիշ) Նիզակ նետել 24 մեթր 26 սմ....

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Օգոստոս 1965)

Անժամանցելի Մուրհակը (Սեւրի Դաշնագրի 45-Ամեակին Առթիւ) 1920 օգոստոս 10: Պատմական անմոռանալի թուական մը հայոց պատմութեան մէջ: Դարձակէտ մը` հայ ազգի քաղաքական պահանջներու բիւրեղացման եւ անկախ ու միացեալ Հայաստանի ճանաչման համար` միջազգային դիւանագիտութեան կողմէ: Քառասունհինգ տարիներ անցած են արդէն այն երջանիկ օրերէն ի վեր, երբ հայութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ կ՛ապրէր դարաւոր երազի իրականացման եւ լաւագոյն ապագայի մը յոյսերով խանդավառ: Վերածնունդի նոր շրջան մը սկսեր էր ծաղկիլ 1918-ի մայիսին, մանաւանդ նոյն տարուան աշնան զինադադարէն ի վեր: Թրքական բանակը չարաչար պարտուած էր բոլոր ճակատներուն վրայ: Օսմանեան կայսրութիւնը` բաժան-բաժան եղած. Պոլիս եւ Կիլիկիան գրաւուած: Իթթիհատի ջարդարար վարիչները վատօրէն փախուստի դիմած: Յաջորդները ծնրադիր յաղթական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Oգոստոս 1965)

Նոթեր Ու Նետեր Յիշատակ Մը Ալճերիական Կռիւներուն Օրերէն Ալճերիական երկարամեայ կռիւները ստեղծած էին մղձաւանջ մը նաեւ մայր երկրին մէջ: Մանաւանդ այն ընտանիքներուն համար, որոնք զինուոր զաւակ ունէին` մեկնած Ալճերիա: Այդ օրերուն պատահեցան նաեւ դէպքեր, որոնք պահ մը ժպիտ կը ծաղկեցնէին մռայլ դէմքերու վրայ, թէեւ այդ ժպիտն ալ ըլլար դառն: Ահաւասիկ այդ կարգի իրական ու անտիպ մանրավէպ մը. Ծանօթներէս մէկը` հայր երեք մանչերու, յարատեւ տագնապի մէջ էր, որովհետեւ իր զաւակներէն մէկը կը գտնուէր Ալճերիա, ուր կը կատարէր իր զինուորական ծառայութիւնը, այդ վտանգաւոր օրերուն: Այդ բարեկամս ամէն անգամ որ դիմացս ելլէր,  ճամբու վրայ, բնականաբար, լուր կ՛ուզէի իր զինուոր զաւակէն: Պէտք եղած տեղեկութիւնները...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Օգոստոս 1965)

«Սիրոյ Հիւանդ»-ներու Դարմանատուն   Անգլիոյ մայրաքաղաքին մէջ, պողոտայի մը բոլոր տուները սովորաբար իրարու կը նմանին: Այդպէս է նաեւ Չելզիի շրջանին մէջ, որ Լոնտոնի ամէնէն ազնուապետական շրջաններէն մէկը կը նկատուի: Հոս քառայարկ շէնքի մը մէջ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն ինքնատիպ դարմանատունը, որուն պաշտօնական անունն է «Սիրոյ հիւանդանոցներու դարմանատուն»: Դարմանատան վարիչը հոգեբուժ-ջղաբուժ մըն է, որ չ՛ուզեր ներկայանալ իր բուն անունով: Կը կոչուի տոքթոր Ճ: Վերջերս, տեսակցութեան մը ընթացքին, տոքթ. Ճ., ի միջի այլոց ըսաւ. - Հո՛ս, այս դարմանատան մէջ կը բուժենք անոնք, որոնք կը հիւանդանան սէրով: Առաջին առթիւ այնպէս կը կարծուի, թէ սիրահարած մարդիկը չեն կրնար հիւանդանալ: Եւ սակայն սիրային հիասթափութիւն ունեցողներէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1965)

Ս. Աստուածածնայ Տօնը Լիբանանի Մէջ Լիբանանահայութիւնը մեծ ուրախութեամբ եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնակատարեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը: Շաբաթ, 14 օգոստոսի երեկոյեան, Պէյրութի թէ գիւղագնացութեան հայաշատ կեդրոններուն մէջ,  Ս. Տիրամօր անուանակոչութիւնը տօնակատարուեցաւ ընտանեկան խրախճանքներով եւ հրավառութեամբ: Կիրակի, 15 օգոստոս, աւանդապահ եւ հաւատացեալ հայ ժողովուրդը այս տարի եւս հոծ բազմութեամբ Պէյրութէն թէ գիւղագնացութեան վայրերէն ուխտի գնաց Պիքֆայա, կաթողիկոսարանի Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ սրբազան արարողութիւններուն: Պատարագեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Պատարագիչ սրբազանը «Վարանիք ի մեղաց դու ազատիչ մեզուեցելոյս ո՜վ Տիրամայր» բնաբանով հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ, առաւել ամրապնդելով հաւատքը ժողովուրդին` հանդէպ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին ու աւանդութիւնները: Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Օգոստոս 1965)

Նշանաւոր Հայեր Ամերիկայի Մէջ  Երգչուհի Լիլի Չուգազեանի Յաջողութիւնները 1950-ին, երբ Մեթրոփոլիթըն օփերայի թենորներէն հռչակաւոր երգիչ Ճիովաննի Մարթինելլի Պոսթընի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը լսէր քոնթրալթօ Լիլի Չուքազեանի ձայնը, առանց վարանելու ուղղակի կը հարցնէր երգչուհիին. «Ինչո՞ւ օփերայի մէջ չէք երգեր»: Լիլի Չուքազեան պատասխանեց քանի մը ամիս ետք, երբ լրագրող մը Շիքակոյի իր տան մէջ տեսակցութեան մը ընթացքին կը հարցնէր, թէ կը փափաքէ՞ր օփերայի մէջ երգել կամ Եւրոպա երթալ ուսանելու համար: Այո՛, կը պատասխանէր ան: Սակայն այդ ծրագիրը ապագայի համար էր: Ներկային համար ան ունէր ընտանիք մը` կազմուած ամուսինէ մը եւ երեք երեխաներէ, փոքրագոյնը տակաւին մանուկ էր: 1951-ին տեղի ունեցած այս տեսակցութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Օգոստոս 1965)

Նոթեր Ու Նետեր  Սէր Եւ Անկախութիւն  Եւրոպայում Երկու երիտասարդ եւրոպացիներ կը խօսին: Առաջինը կը հարցնէ. - Ինչպէ՞ս ես սիրոյ մէջ... - Բացակայ եմ: - Իսկ ամուսնութեան համար... - Բացարձակապէս բացակայ... - Եւ ինչո՞ւ... - Որովհետեւ սէրը կը վիրաւորէ անկախութիւնս, իսկ ամուսնութիւնը կը մահացնէ անկախութի՛ւնն ալ, սէ՛րն ալ: - Իրաւունք ունիս, բարեկամութիւնը անգամ շղթայ մըն է: Անկախութիւնը կապ, չուան, շղթայ, հանգոյց չ՛ուզեր ճանչնալ. համոզուեցայ, որ կատարեալ ես իբրեւ եւրոպացի: - Բայց Արեւմտեան Եւրոպայէն եմ, ուր միայն կը ծաղկի ու կը բարգաւաճի անկախութիւնը: - Մարգարէական ոգի ունեցող ժողովուրդները իրենց հայրենիքը հիմնած են Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ: - Սէրը ըրած ենք գերի, իսկ անկախութիւնը`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Օգոստոս 1965)

  ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Եւ Փինկ Փոնկի Խումբերը Հալէպի Մէջ Ուրբաթ, 6 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հսկայ օթոպիւս մը դէպի Հալէպ ճամբայ ելաւ, իրեն հետ տանելով Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի եւ փինկ փոնկի խումբերը` անոնց համակիրներով: Շաբաթ առաւօտեան խումբերը Հալէպի մէջ դիմաւորուեցան իրենց հիւրընկալներուն` Հալէպի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կողմէ եւ տեղաւորուեցան պանդոկ: Ակումբին մէջ նախաճաշէն ետք, յոգնած մարզիկները քաշուեցան իրենց սենեակները հանգստանալու եւ պատրաստուելու երեկոյեան մրցումներուն: Կէսօրուան ճաշէն ետք, կրկին հանգիստ եւ երեկոյեան` ճամբու յոգնութենէն կազդուրուած, խումբը կ՛ուղղուի Սերքլի դաշտը: Առաջին մրցողները կ՛ըլլան աղջիկներուն խումբերը: ՀՄԸՄ-ի խումբը պասքեթպոլի «հարլիմեան» ցուցադրութիւն մը կ՛ընէ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հանդիսականներուն մէջ: Մարի, Յասմիկ, Սիլլա, Սրբուկ, Ֆլորա, Հուրիկ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1965)

Պաալպէքի Փառատօնը «Տոն Ժուան» Օփերան Մասնակցութեամբ Լուիզա Պոզապալեանի Մասնագիտացման փշոտ ու դժուարին ճամբուն մէջ նետուելու վճռակամութեամբ Լիբանանէն Եւրոպա «գաղթած» Անայիս Պոզապալեան, քանի մը տարուան կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին դարձաւ փոքրիկ աստղ մը եւրոպական օփերաներու երկնակամարին վրայ: Հիմա եկած է Պէյրութ, պաշտօնապէս իր առաջին ելոյթը ունենալու իր ծննդավայրին մէջ, Մոցարտի «Տոն Ճովաննի» օփերայի խումբին հետ, Տոննա Աննայի դերով... Երաժշտասիրութեան հետ խառնած մեր ազգային հպարտութիւնն ու գոհունակութիւնը, փութացինք Պաալպէք, անձամբ ստուգելու «Լուիզա»-ի նուաճումները եւ ականատես ըլլալու իր տաղանդին ցուցադրութեան: Անմիջապէս ըսենք, թէ այդ կողմէ յուսախաբ չեղանք: Որոշ վաստակ ունեցող եւ միջազգային համբաւի տիրացած երգիչ-երգչուհիներու կողքին` «սկսնակ» Անայիս Պոզապալեան եղաւ յուզիչ ու հաղորդական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Օգոստոս 1965)

Հանդիպում Գառզուի Հետ Հայաստանի արուեստագէտներէն Արծուին Գրիգորեան Փարիզի մէջ հանդիպած է Գառզուի եւ այս առթիւ իր տպաւորութիւնները կը ներկայացնէ հայրենի ընթերցողներուն, «Սովետական Հայաստան»-ի մէջ: Ստորեւ կու տանք տեսակցութիւնը` որոշ յապաւումներով: ... Դիտում ենք նկարները: Դրանցից շատերը երփնագրուած են նարնջագոյնի եւ դեղինի տաք երանգներով: Զգացւում է, թէ նկարիչը որքան լրջօրէն է հետեւում գծանկարին, կտաւի գծագրական արտայայտչականութեանը: Մենք տեսնում ենք բազմաթիւ բնանկարներ ու ճեպանկարներ, դիմանկարներ ու ժամանակակից գրական երկերի պատկերազարդումներ:  Մեր առջեւ փռւում են երեւակայական նաւահանգիստներ, մարդկային զարմանահրաշ խորհրդանիշներով ներքնամասեր, հովուերգական բնանկարներ` ասես աղբանոց նետուած հրանօթներով, հրթիռային կայանքների անտառով, պատած վայրեր... Նկարիչը բողոքում է, նկարիչը հաստատում է, թեքնիքը կոչուած է օգնելու մարդուն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Օգոստոս 1965)

Անձնական Կարծիք Հանրային կարծիքը տկար է մեր մէջ, բայց զօրաւոր է անձնակա՛ն կարծիքը: Կարելի է աւելցնել նոյնիսկ, թէ հանրային կարծիքը ուղղակի ճնշումին տակն է անձնական կարծիքին: Հանրային կարծիքը կ՛երկմտի ու կը դեդեւի. անձնական կարծիքը ո՛չ կ՛երկմտի ոչ կը դեդեւի: Առաջինը հպատակ է, երկրորդը իշխան է: Հանրային կարծիքը յաճախ կը վախնայ արտայայտուելէ. անձնական կարծիքը այդ վախը չունի գրեթէ: Տեղին եւ պարագային համեմատ` անձնական կարծիքն է, որ կը գործէ իբրեւ հանրային կարծիք եւ կը կատարէ անոր դերն ու պաշտօնը: Ժամանակին, համայն Ռուսիոյ մէջ Ստալինի անձնական կարծիքը կ՛իշխէր իբրեւ հանրային կարծիք: Նոյն բանը կարելի է ըսել Հիթլերի համար, Մուսոլինիի եւ բազում ուրիշներու համար:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Օգոստոս 1965)

Ներքին Կեանք Վեց Միլիոն Լ. Ոսկի Պէյրութի Համար Քաղաքապետական խորհուրդը իր վերջին նիստին վաւերացուց վեց միլիոն լ. ոսկիի յաւելեալ վարկի մը բացումը` աւարտելու համար քաղաքաշինական այն մեծ ծրագիրները, որոնց սեփականազրկումի ձեւակերպութիւնները աւարտած են կամ` վարկերը սպառած: Այս գումարը, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներէ խնայուած 1.500.000 լ՞ ոսկիի գումար մը հետեւեալ աշխատանքներուն պիտի յատկացուին: - Արդարութեան պալատ - Թայունէ ճամբուն սրբագրութիւնը` 1.500.000 լ. ոսկի: - Հանրային պարտէզէն մինչեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ ճամբու ընդլայնում` 3.500.000 լ. ոսկի: - Մսէյթպէի հանրային պարտէզ` 1 միլիոն լ. ոսկի: - Լիոն փողոցի աւարտում` 900.000 լ. ոսկի: - Պշարա Խուրի եւ Պասթա փողոցի միացում` 600.000 լ. ոսկի: Քաղաքապետական խորհուրդը նոյնպէս պարտականութիւն...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 60 of 69 1 59 60 61 69

Արխիւներ