Օրը Օրին
«Ըրածնիս Ի՛նչ Էր Որ…»
Ատոլֆ Հիթլեր, իր անձնասպանութենէն քանի մը ժամ առաջ, երբ լուր կ՛առնէ, ըէ իտալացիք գնդակահար սպաններ են իր կաթնեղբայրը` Պենիթօ Մուսոլինին եւ անոր դիակն իսկ «պատժելու» համար ոտքէն կախեր են զայն, կը դառնայ Կէօպելսին ու կ՛ըսէ.
– Տեսա՞ր` ինչ ըրեր են… Ամէ՛ն մեղքիս վրայ, մեր անունն ալ բարբարոս ելեր է… Եթէ մենք Ստալինն ու Չըրչըլը ձեռք անցուցած ըլլայինք, ասանկ բան չէինք ըներ… Ընդհակառակն, հանգստաւէտ ապարանք մը կը տրամադրէինք իրենց…
Այս յայտնութիւնը ընող վկան չ՛ըսեր, թէ նացիական Գերմանիոյ քարոզչութեան նախարարը ի՛նչ պատասխան տուած է, բայց հաւանական չէ, որ ըսած ըլլայ.
– Մայն Ֆիւրեր, իրաւունք ունիս, բայց մենք ալ, եկո՛ւր` գոնէ իրարու խոստովանինք, քիչ մը չափը անցուցինք… Քիչ մը շատ հրեաները հալածեցինք… Մի՞տքդ են կիղարանները, կեդրոնացման վայրերը, գիտական փորձերը… Հրամանը տուողը դուն էիր…
Ո՛չ, Կէօպելսը չէր կրնար այսքան առաջ երթալ, երբ իր դիմացինը աւստրալիացի խելագարն էր:
* * *
Այսօրուան «քաղաքակիրթ» թուրքն ալ Հիթլերի այդ զարմանքն է, որ կը յայտնէ:
– Ըրածնի՞ս ինչ էր, վերջապէս, որ անուննիս բարբարոս, ցեղասպան, ջարդարար, գազան, վայրենի հաներ են… Կարծես թէ 1915-ին Անգլիոյ Ճորճ թագաւորը կամ ֆրանսայի նախագահ Փուանքարէն բռներ ենք եւ Էմին Էօնիւի կամուրջին գլուխը կախեր ենք… Եղածը պատմենք` մէկ-երկու բառով.
– Քանի մը հայեր մեռեր են տեղահանուծեան ընթացքին… Ամերիկայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի մէջ մարդիկ տեղէ տեղ կ՛երթան ամէն օր, ամէն շաբթու եւ ճամբան արկածի կը հանդիպին ու կը մեռնին… Ելլենք` ըսենք, որ ամերիկացին, անգլիացին կամ ֆրանսացին բարբարո՞ս է կամ ցեղասպա՞ն է… Հա՞պա եթէ մենք հայերուն ձեռքով կոտորուած հազարաւոր, միլիոնաւոր թուրքերու հաշիւը տանք, այն ատեն ի՛նչ պիտի ըսեն հայերուն բարեկամ ձեւացող ազգերը…
* * *
Այսպէս կը բարբառի Աթաթիւրքի դաստիարակա՜ծ, քաղաքակրթա՜ծ սերունդը` լրբութիւնը, լկրտածութիւնը եւ անպատկառութիւնը իրենց գերադրական աստիճանին հասցնելով:
Եթէ թուրքերու ներկայ սերունդը իրա՛ւ իր կռնակէն նետած ըլլար երէկուան սերունդին կարմիր ճիւպպէն, առնուազն յապաղած զղջում մը պիտի յայտնէր հրապարակաւ, ի լուր ամենեցուն եւ արիաբար պիտի դատապարտէր ե՛ւ իր պապերը, ե՛ւ ոճիրը, ե՛ւ անոր ահաւորութիւնը:
Այդ պարկեշտութիւնը եւ այդ քաջութիւնը չունին այսօրուան պէյերը, հարազատ շառաւիղները երէկուան էֆենտիներուն եւ պէյերուն, աղաներուն ու փաշաներուն:
Ընդհակառակն, Աթաթիւրքի այս սերունդը շարժման մէջ դրած է տրամադրելի բոլոր միջոցները` ուրանալու համար դիւային ոճիրը, որուն նմանը չկայ պատմութեան մատեանին մէջ:
Ուրացումը չէր բաւեր, հիմա ալ սկսեր է գրել պատմութիւն մը, որուն մէջ սուտերը կը վխտան այնպէս, ինչպէս գարշելի ճանճերը Պոլսոյ գարշահոտ չարշըներուն ներսն ու դուրսը: Եւ այնքան տգէտ են ու տխմար, որ դէպքերու ժամանակագրական շարքն ալ վերածեր են թարխանայի եւ մոռցեր են շատ մը թուականներ:
* * *
Եւ սակայն ուրացումով եւ ոտայօդ հեքիաթներով ազգային պատմութիւն չի գրուիր:
Որովհետեւ պատմութիւնը թրքական էնթարի չէ, որ ուզած ներկիդ մէջ թաթխես ու հանես եւ գոյնը փոխես:
Պատմութիւնը գաւանական յայտարարութեանց եւ քմահաճ ու շինծու տեղեկութեանց հաւաքածոյ չէ, այլ, իր փիլիսոփայական տարազէն անկախաբար, արձանագրութիւնն է անվիճելի դէպքերու: Պատահած բաներու:
Անվիճելի դէպք էր 1915-ի Եղեռնը, ինչպէս անվիճելի իրողութիւն է, օրինակ, Թալէաթի շանսատակումը մեր ձեռքով կամ Հիթլերի անձնասպանութիւնը` իր ձեռքով:
Բայց Աթաթիւրքի լակոտները, ուրիշ ըսելիք ու ընելիք չունենալով` ելեր կը գրեն, թէ հայերն էին, որ թուրք ջարդեցին 1915-ին ալ, 1915-էն առաջ ալ:
Գիտենք, որ սուտ է ըսածդ, Մեհմետ, վերէն վար սուտ, ծայրէ ծայր սուտ, պոչաւոր սուտ, զզուելի սուտ, թրքաբարոյ սուտ, բայց, հոգ չէ, ըսէ՛, նորէ՛ն ըսէ, որովհետեւ այդ յայտնութիւնդ այնքան անուշ կը հնչէ մեր ականջին:
Արհաւիրքի տարիներուն իրենց զաւակներուն գլխատումը իրենց աչքերով տեսած հայ մամիկները թող ուրախանան, թող լսեն, որ հայոց ազգն ալ թուրք ջարդեր է:
Երանի՜ սուտ չըլլար ըսածդ, Մեհմե՛տ: Երանի՜ բառ առ բառ ճիշդ ըլլար ըսածդ:
Բայց, դժբախտաբար, ճիշդ չէ: Այո՛, դժբախտաբար:
Որովհետեւ, եթէ մենք ձեզ ջարդած ըլլայինք այսօր մենք ալ պատիւներու արժանացած կ՛ըլլայինք: Մենք ալ «մարդու կարգ» անցած կ՛ըլլայինք: Մենք ալ բազմած կ՛ըլլայինք Նիւ Եորքի Արիսպագոսին մէջ: Մենք ալ կարասներով տոլար ու ոսկի եւ բեռներով զէնք ու զրահ ստացած կ՛ըլլայինք ի վարձատրութիւն մեր ջարդարարութեան: Ու Եւրոպան մեզի համար ալ կը գրէր.
– Քաջ ճենթըլմէն եւ ուժեղ նկարագրի տէր ժողովուրդ է հաւատարիմ եւ վստահելի:
Այսպէս գրեցին ու տակաւին կը գրեն թուրքին համար:
Իսկ մեզի համար:
Ո՛չ կը յիշեն մեր քաջութիւնը, մեր ճենթըլմենութիւնը, մեր ուժեղ նկարագիրը, ո՛չ ալ մեր հաւատարմութիւնը:
Ջարդե՞րը կը յիշեն: Ո՛չ, որովհետեւ օրացոյցն ալ կը նմանի երբեմն գիրքի մը, որուն թերթիկները աջէն ձախ կը դարձնեն մարդիկ, ո՛չ թէ ձախէն աջ:
Աթաթիւրքեան սերունդը այսքան չէր շփանար, չէր լրբանար եւ հազար սուտը մէկ չէր ըներ, եթէ դաշնակիցները Նիւրեմպերկ մըն ալ Տոլմապահչէի պալատին մէջ սարքած ըլլային 1920-ին:
Չսարքեցի՛ն: Եւ իրաւունք տուին Մեհմետին, որ ըսէր` Հիթլերի շեշտով.
– Մեր անունն ալ բարբարոս ելեր է… Ըրածնիս ի՛նչ էր որ…
ԵՒՐՈՊԱՑԻ