Խմբագրական
Անպարտելին
(Մուսա Լերան Հերոսամարտի 50-Ամեակին Առիթով)
Ովկիանոսի էութիւնը ըմբռնելու համար պարունակած բոլոր ջուրերը տարբաղադրելու պէտք չկայ: Այդ գործին համար կաթիլն ալ կը բաւէ:
Մուսա Լեռը հայութեան ոգեկան «ովկիանոսին» այդ «կաթիլն» է ահա:
«Կաթիլ» մը սակայն, որ ամէն ինչ կ՛ըսէ, ամէն բան կը պարզաբանէ «ովկիանոսի» մասին:
Եթէ, պահ մը ենթադրենք, վրայ տուած ըլլայինք ամբողջ «ովկիանոս»-ը, եթէ բարբարոսը մեր հայրերու աճիւններուն հետ մոխիրի վերածած եւ չորս հովերուն տուած ըլլար հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի վսեմական մատեանը, Մուսա Լեռը պիտի բաւէր, որպէսզի հայութեան ոգեկան «ովկիանոս»-ը կարելի ըլլար վերականգնել իր բովանդակ շքեղանքով, իր բազմախորհուրդ իսկութեամբ եւ իր հոյատեսիլ խրոխտանքով ու փառքով:
Նոյն այդ «կաթիլ»-ը չէ՞ նաեւ մեր մեծ նախահօր` Հայկ Նահապետի աւանդավէպը: Այդ աւանդավէպով չէ՞, որ կը վճռուի մեր ազգային ճակատագի՛րը, հոն չէ՞, որ անցելանուշ քաղցրութեամբ կը ցոլայ մեր ցեղային ոգին եւ գիծ առ գիծ կը հոյակերտուի հայութեան նշուլագեղ դիմագիծը:
Եւ ո՞վ կրնայ պնդել, թէ Մուսա Լերան բարձունքներուն վրայ, ափ մը մոռցուած, այլ արի հայորդիներու սրտին մէջ, հաստաբազուկ ու գանգրահեր Հայկը չէր, որ կը լարէր իր անբեկանելի աղեղը մեր օրերու գոռոզ ու արիւնարբու նոր Բէլին դէմ:
Ո՞վ կրնայ ըսել մանաւանդ, թէ այս երկու «կաթիլ»-ները հի՛նը եւ նո՛րը, միեւնոյն «ովկիանոս»-ի ջուրերուն բովանդակ իսկութիւնն ու գեղեցկութիւնը չեն բերեր մեզի:
Ժողովուրդի մը մեծութիւնը իր քանակին մէջ չէ, որակի՛ն մէջ է, ըսուած է յաճախ:
Իսկ ի՞նչ է որակը, եթէ ոչ` ցեղի մը հոգետունին նստած այն մաղմաղ կրակը, որ կը վառի միշտ եւ չի հատնիր երբեք, եւ զոր մենք սովոր ենք ՈԳԻ կոչելու:
Հայկազանց այդ անմեռ ոգին է ահա, որ կենսաւորած է հայ կեանքի եւ հայոց պատմութեան բոլոր քառուղիները, լուսաւորած է հայութեան բոլոր հորիզոնները բոլո՛ր դարերուն` ներքին թէ արտաքին աշխարհի մէջ:
Հեքիաթի «անմահական ջուրը», անպարտելի այդ ոգին է դարձեալ, որ կը թեւածէ հայոց աշխարհի եւ հայ հոգիի բոլոր բարձունքներուն վրայ` անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր եւ հայկեան նետին հետ կ՛երթայ միշտ առաջ` ժամանակի եւ տարածութեան բոլոր բաւիղներուն ընդմէջէն:
Նո՛յն այդ ոգին, ոգեկան անխորտակելի այդ միութիւնն է միշտ, որ կարմիր թելի պէս կ՛անցնի հայոց պատմութեան բոլոր փուլերէն, բոլոր հանգրուաններէն եւ ծիածանի պէս կամար կը կապէ հայ ստեղծագործ հանճարի ու հայ մարտական ուժի բոլոր սխրագործութեանց վրայ:
Եւ թէեւ երեւութապէս յաճախ «կաթիլ» մըն է միայն, սակայն «ովկիանոս»-ի մը անդիմադրելի ուժականութեամբ կը վարարէ հայ հոգիները, կը ջրդեղէ մեր կամքը եւ դէպի յաւերժութիւն կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը` «փոքրիկ քարվան»-ի մը պատկերով:
Եթէ չըլլար ոգեկան այդ ուժականութիւնը, կարելի՞ էր երեւակայել հայ ֆետային, կարելի՞ էր Սասուն, Վասպուրական, Զէյթուն, Շապին Գարահիսար, Ուրֆա, Մուսա Լեռ, եւ… Սարդարապատ ունենալ հայոց պատմութեան ամէնէ՛ն արիւնոտ, ամէնէ՛ն մռայլ եւ ամէնէ՛ն ճակատագրական շրջանին:
Էականը ոգին է, անշուշտ, որ մի է եւ անբաժանելի հայոց պատմութեան արշալոյսէն սկսեալ մինչեւ այսօր, մինչեւ վաղը եւ մինչեւ յաւերժութիւն:
Ահա թէ ինչո՛ւ մի եւ անբաժանելի են նաեւ Սասունը, Վասպուրականը, Ուրֆան, Մուսա Լեռը եւ մնացեալները, հայոց աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը:
Ահա թէ ինչո՛ւ, միաժամանակ, պատմել մէկը` կը նշանակէ ներկայացնել միւսը, խօսիլ մէկուն մասին` կը նշանակէ ապրիլ երրորդը, եւ այսպէս շարունակաբար:
Հայ ոգիին, հայ մարտունա՛կ ոգիին ամէնէն վսեմ, անըմբռնելի, այլ քաղցրօրէն իրաւ մէկ սխրանքն է Մուսա Լեռը, միւսներուն հետ եւ միւսներուն քովն ի վեր:
Յաւերժօրէն կենսունակ հայ ոգիին շնորհիւ է, որ ափ մը ժողովուրդ, ափ մը կտրիճներ, աշխարհի մոռցուած եւ յետ ընկած մէկ անկեան մէջ, լքուած իրենք իրենց ճակատագրին եւ մարդկութեան աչքէն հեռու, կը լեռնանան յանկարծ եւ կը կերտեն մարդկային պատմութեան ամէնէն սխրալի դրուագներէն մէկը, որ պատմութիւն մըն է ինքնին եւ դիւցազնավէպ մը միանգամայն:
Անմեռ այդ ուժին, ոգեկան այդ խորախորհուրդ լեռնացումին, լեռնացումներո՛ւն սեւեռաբիբ, պիտի քալեն ներկայ եւ գալիք սերունդները դէպի… Ազատն ի վեր ի Մասիս:
Դէպի մեր ցեղային իտէալներուն սրբազան բարձունքները, անմահութեամբ ծանրաբեռն փոքրիկ, այլ անպարտելի բանակի մը պէս:
Արի՛աբար, հայօրէ՛ն:
Մենք Հոս Պիտի Մնանք…
Յիսուն տարիներէ ի վեր կը տօնուի Մուսա Տաղի ժողովուրդին ազատագրութեան տարեդարձը, արժանաւոր շուքով, իրական ու փոխաբերական գինովութեամբ, բայց մեզի կը թուի, թէ ոգեւորութիւնը կը բխի ազատագրութեան առաջին պատճառէն, հմայիչը կը մնայ այն ներշնչումը, որ կարելի դարձուց ազատագրութիւնը:
Մնաց որ, ազատագրութիւնը առանձին որակ մը չի տար շարժումին: Արդիւնքը նոյնը պիտի ըլլար, եթէ իրողութիւնները շրջուած ձեւով մը ներկայանային պատմութեան: Այդ կը վկայեն 19-րդ դարու վերջին տարիները եւ 20-րդ դարու առաջին քառորդ դարը զարդարող մեր ազգային խոյանքները:
Վասպուրականի, Շապին Գարահիսարի եւ Ուրֆայի հերոսական դիմադրութիւնները տարբեր ելք մը ունեցան, բայց մարդկային էակը, հայ մարդը մասնաւորաբար, երեւոյթները գնահատող տարբեր չափանիշ ունի: Կը չափէ կեանքը իր տուած որոշումներուն ոգեղէն տարողութեամբ:
Այս ըմբռնումով է, որ կը տօնենք ինքնապաշտպանութեան մեր միւս դրուագները: Անոնց կարգին, Մուսա Տաղը նոյնպէս պիտի ունենար իր ոգեշնչող տօնը, եթէ նոյնիսկ, ինչպէս ըսինք վերը, շրջուած ձեւով մը ներկայանար մեզի, եթէ տասնութ հոգի միայն փրկուէին ու ժողովուրդը ենթարկուէր ուրիշ շրջաններու բնակչութեան արիւնոտ ճակատագրին:
Որովհետեւ եղածը զինուորական գործողութիւն մը չէր, որ շօշափելի արդիւնքով դատէինք երեւոյթը: Լեռ բարձրացողները լաւ կը ճանչնային իրենց թուականն ու զինական ուժը: Աւելի լաւ կը ճանչնային թուրքին գերազանց ուժը, անգերազանցելի վայրագութիւնը, ու վայրագութիւնը վառ պահող անոր վերջին երազին թրքութիւնը: Գիտէի՛ն: Բայց կը գտնուէին լինել-չլինելու ճակատագրական հարցականի մը դիմաց ու տղամարդու իրենց արժանապատուութիւնը թոյլ չէր տար, որ թշնամին որոշէ իրենց բախտը:
Ամբողջ խնդիրը այս է: Հրաշալին ներքին այս պայծառութիւնն է: Այս որոշումին մէջ կը կայանայ հերոսամարտին բովանդակ հմայքը:
Կռուեցան հազարներ հաշուող կանոնաւոր բանակին դէմ դիմացան քառասո՛ւն օր, քառասներորդ օրը ազատարար նաւեր եկան, բայց հասած ազատութիւնը անմիջապէս ու ամէնուն նոյն ոգեւորութիւնը չպարգեւեց: Նոյն պահուն նոր ներշնչում մը նոր լոյսով ողողած էր արդէն ապստամբներուն հոգիները:
Կը պատմեն, թէ ժողովուրդը նաւերուն մէջ տեղափոխելու գործողութեան հսկելէ ետք, Մուսա Տաղի քառասուն օրերու առօրեային բովանդակութիւն ու դիւցազնական բնոյթ տուող կտրիճները շնորհակալութիւն կը յայտնեն հրամանատարութեան ու կը ներկայացնեն իրենց կամքը.
– Մենք հո՛ս կ՛ուզենք մնալ:
Իմանալի է անշուշտ «հոս» մնալու կիրքին թաքուն շարժառիթը: Անապատէն ճիչեր հասած էին արդէն. զինուոր տարուած երիտասարդներուն արիւնոտ լուրերը հասած էին մորթուող անմեղներու ճիչերէն առաջ: Խաղաղ ափերուն խաղաղութիւնը պիտի վիրաւորէր իրենց խղճմտանքը. տուեալ պահուն, թշնամիին տրուած որեւէ հարուած կշիռ ունէր.
– Մենք հոս կ՛ուզենք մնալ:
Չմնացին: Չձգեցին, որ մնան: Նաւատորմին հրամանատարութեան կողմէ խոստացուեցաւ, որ թուրքին դէմ կռուելու առիթ պիտի տրուի իրենց: Մեկնեցան: «Հոն» մնալու տենդը բորբոք մնաց եւ Փոր Սայիտ խարիսխ նետելէ ետք` դարձաւ հոս չմնալու կրակ: Փոթորկայոյզ արարքներու ծարաւը, չյագեցած վրէժին աղաղակը ստիպեց, որ կազմուի հռչակաւոր Հայկական բանակին կորիզը, որ իր կարգին պատճառ դարձաւ, որ հանգիստ չմնան ու իրենց տե՛ղը չմնան հարիւրաւոր ու հարիւրաւոր վրէժխնդիր երիտասարդներ: Եկան աշխարհի չորս ծագերէն, դարձան չորս հազարնոց բանակ, որ բախտորոշ օր մը խորտակեց թուրքին անառիկ դիրքերը ու Արարայի վրայ տեսաւ անոր ծնկած պարտութիւնը:
– Մենք հոս կ՛ուզենք մնալ:
Մուսա Տաղէն ծնունդ չ՛առներ ու Արարայի յաղթապանծ ճակատամարտին չի յանգիր այս խռովիչ տրամադրութիւնը: Կու գայ հինէն, մեր պատմութեան հեռուներէն ու կը շարունակէ արթուն պահել սրտերը: Թերեւս, ինչ-որ յարգանքի արժանի բան ունինք, առաջ եկած է հայկական առողջ այս բնազդին թելադրած կեցուածքէն: Որ սեւին ու ճերմակին զանազանութիւնը կ՛ընէ նախ, արդարին ու անարդարին սահմանները կը գծէ, կը փոխակերպուի ապա քաջութեան, կը դառնայ գեղեցկութիւններու ծնուցիչ ուժ, պաշտամունք ու յամառութիւն: Հայոց պատմութեան համարեա՛ բոլոր էջերը կազմուած են ապրումներու եւ շարժումներու ա՛յս յաջորդականութեամբ: Ատոնց շնորհիւ էր, որ ունեցանք հայրենիք, ապա` կրօն, երգ, ուրիշ մեծագործութիւններու հսկայ գումար մը ու պահեցինք հազարամեայ մեր արիւնին սեփական կարկաչը: Ստեղծեցինք: Պահեցինք: Տեւեցինք: Կը ստեղծենք տակաւին, կը պահենք, կը տեւենք, որովհետեւ`
– Մենք հո՛ս կ՛ուզենք մնալ…
Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ