«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Գայեանէ» պալէի դպրոցը Ամանորի առիթով ներկայացուց «Մարդուկ-Ջարդուկ» պալէն` իր անգլերէն ծանօթ «Nut-cracker» վերնագիրով, որ տառացի թարգմանութեամբ կը նշանակէ ընկոյզ ջարդող, ընկուզաբեկ: Շուրջ 60 պատանիներ եւ մանուկներ հանրութեան ներկայանալի մակարդակի բերելն ու անոնց բեմական կատարումի փորձառութիւն տալը մեծապէս գնահատելի աշխատանք է: Հաճելի եւ օգտակար ելոյթը ողջունելի էր: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Կա՛յ, սակայն, կարիք մեկնաբանութեան, որովհետեւ ելոյթի բեմագրութիւնը...



