Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Սեպտեմբեր 1965)

Սեպտեմբեր 10, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատառ Մը Հայաստան

Ա.

Կիրակմուտքի ճրագներուն հետ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կանթեղները կը վառէին եւ Ս. խորանէն կը վարագուրուէր կոմիտասաձայն ժողովուրդի մը` սեւակեան «Անլռելի զանգակատունը»:

Ժողովուրդ մը, իր խորհուրդի հորիզոններէն կլանուած, ղօղանջումի խոր արձագանգում մը կ՛արձանագրէր իր սրտին` հսկումի մթնոլորտով: Խունկը կը փոխուէր բոյրի ու աղօթքի:

Ս. Աստուածածնայ առաւօտեան առաջին շողերը, ճնճղուկներու երգին ու սիւքին հետ, տօնական մթնոլորտով գիւղին մէջ կ՛արթնցնեն ամէն ինչ…

Ուշ գիշերուան հոգեվիճակը քեզ տակաւ կը պահէ անկողին եւ ակնարկդ ակամայ կը հոսի լուսամուտէն դուրս: Ի՜նչ քաղցր անակնկալ. յիշողութեանս մէջ տպաւորուած էին քանի մը կոթողներ ու ակնարկիս դիմաց` լուսամուտէն այդ նոյն կոթողները կը պարզուէին:

Ներդաշնակ պաստառ մը գունազարդ, վիթխարի ընկուզենի մը իր կանաչին խառնած է թռչուններու երամներ` կեանքով ու երգով… որուն ետին հսկայական կառոյցով յիսնամեայ, բայց կիսաւարտ հայկական տաճար մը, սպիտակ ու գեղեցիկ քարերով, որոնք կարծես այսօր շարուած ըլլան: Վեհագոյնը շրջանի կառոյցներուն, ամրակուռ ու յաղթական. ափսո՛ս, առանց փեղկերու ու առաստաղի: Կիսաւարտ տաճար մը` կիսաւարտ կեանքին պէս, դարձած իւրայատուկ խորհուրդ մը` կը նայի աչքերուդ ու քեզ մտածել ու խօսիլ կու տայ: Կառոյց մը, որուն հիմերը դրուած են յիսունչորս տարի առաջ:

Կիլիկեան աղէտէն հրդեհուած Քեսապը, քեսապցին աւելի քան հազարամեակ մը արմատացած իր կեանքով, նոր արմատացում մը կը ստեղծէր իր բնագաւառի կեանքին: Կը հասնէր ընդհանուր տարագրութիւնը եւ, ինք ալ տարագիր, թողած ամէն ինչ, կ՛անցնէր մահաշունչ անապատներէն…:

«Չարի կեանքը կարճ կ՛ըլլայ»… ու հրդեհէն ետք, երբեմն դղեակի մը մէջ ապաստանած, ողջ կը մնան քանի մը իրեր, որոնց վրայ հրդեհուողը կրկնակի կը գուրգուրայ` յիշատակ մը, մխիթարութիւն մը ծով կորուստի մը դիմաց: Ու քեսապցիին կը վիճակուէր բարի վերադարձ` իր պապենական հողին վրայ: Հայու օճախի ջերմութեան մէջ կը միաձուլուէր ամէն կարօտ ու երազ, կը ծաղկէր ծառ ու ծաղիկ, թոռներ ու ծոռներ եւ նոր կառոյցներ կը բարձրանային իբրեւ օճախ, տաճար ու դպրոց:

Բայց մինչեւ այսօր այս լայնանիստ կիսաւարտ տաճարը կը մնար այնպէս, ինչպէս թողած էին զայն կէս դար առաջ, գաղթի նախօրեակին, եւ հիմա այդ տաճարը լեզու առած կը խօսի այս առաւօտեան պահուն, եւ հարցումներ, որ կ՛արթննային մտքիս մէջ, կը գտնէին իրենց պատասխանը…

Լուսաւորչական հայուն չէր պատկաներ այս տաճարը եւ ան իրաւունք չունէր քար մը աւելցնելու եւ աւարտելու այդ տաճարը:

Կաթողիկէ հայը իր ծէսին ու օրէնքին դէմ բողոք ստացած էր ու այդ տաճարը բողոքի ձայն մըն էր նաեւ իր նկարագրին դէմ:

Բողոքական հայը, իր ունեցածով գոհ, անհրաժեշտութիւն չէր նկատեր զայն ամբողջացնել:

Այսպէս, յիսուն տարիներէ ի վեր կիսաւարտ լայնանիստ տաճարը` իր դռներն ու պատուհանները բացած աշխարհին ու հայ սրտերուն, կը բողոքէ հրեղէն լեզուով, կ՛ողբայ իր կեանքը… Իսկ զինք մտիկ ընող հայ չկայ, ինչպէս հայ ցաւատանջ դատը մտիկ ընող պետութիւն չկա՛յ:

Կը մտածեմ ես ինծի. եթէ մենք մեր ցաւերուն բալասան չըլլանք, ուրիշին տալիք դարմաններուն մասին նոյնիսկ յոյս ունենալու իրաւունք չունինք: Եւ այնքան բան որ մենք ունինք ընելիք մեզի համար, եթէ չզլանա՛նք եւ զանոնք կատարենք, այլեւս օտարէն եկած նպաստին պէտք չունինք երբեւէ…:

Գիշերային լռութեան մէջ ճաթող աքլորի ձայնով բաներ կ՛ուզենք ու կը սպասենք օտարներէ, մոռցած մեր պարտականութիւնները մեզի հանդէպ եւ զանազան խաղեր խաղալով` կը զբօսնունք…

Ո՜րքան լաւ պիտի ըլլար, որ այս կիսաւարտ տաճարին նայող հայերը նայէին այնպէս, ինչպէս պիտի նայէին իրենց կիսաւարտ մնացած անկտուր տան: Ե՞րբ պիտի վարժուինք նայիլ մեր հաստատութիւններուն իբրեւ մե՛ր տուները… եւ այն ատեն ինչե՜ր պիտի ըլլային անոնք, ինչե՜ր…

Գիւղի համայնապատկերին մէջ հայ տաճարներու տօնական ղօղանջումը, ուխտաւոր խումբերու ժամանումը եւ դէպի աղօթատեղի փութացող հասարակութիւնը չեն յաջողիր ակնարկդ ու խորհրդածութիւնդ հեռացնել բլուրի կողի այն կղմինտրեայ դղեակէն, ուր երկու դալարագեղ նոճիներ, սլացիկ զոյգ մոմերու պէս, կանգնած` իրենց կանաչ լուսաւորումով, քեզ տեսանելի կը դարձնեն այն կեանքը, ուր աննման Ռուբէն փաշան իր «Յուշեր»-ուն ապրումը ունեցաւ. հայ շինականը բաց սեղան ու սիրտ ունի եղեր ամէն անցորդի համար: Ուր թրծուեցաւ իր պատուական հօր արժանաւոր զաւակ Գաբրիէլ Ինճեճիկեանի ոգին, հայ բնագաւառի հարազատ մթնոլորտին մէջ: Որմէ ետք ան սլացաւ հեռուն` հիմը դնելու համար Ամերիկայի մէջ առաջին հայ վարժարանին: Հայ դաստիարակի ոգին իր թթխմորը ստացած էր անտարակոյս պապենական այն օճախին մէջ, որուն կրակը այս հողերուն վրայ հազարամեակներէ ի վեր չէ մարած:

Տարբեր է լեռնական գաւառացիի տան շեմքի կեանքն ու կենցաղը, ան իր տունը եւ տան պատիւը կը շինէ իր թոռներուն ու ծոռներուն համար, այնքա՛ն, տոկուն ու մաքուր:

Ակնարկդ կը կապուի քարուկիր այն լերան, որ կարծես պարիսպ մը ըլլար Քեսապը պաշտպանող դրացի երկրէն, որուն ճանկերէն մազապուրծ ազատեցաւ…

Քեզ կը յափշտակէ աւելի հեռուն ծածանող արաբական ազատութեան դրօշը եւ այնքան սիրով ու գուրգուրանքով կը նայիս սուրիական ինքնիշխանութեան ծիածանագոյն խորհրդանիշին, որուն գոյութեան, ստեղծումին ու յաւերժացման աղօթք մըն է կը սկսի մտածումիդ մէջ, կը լեցնէ ամբողջ էութիւնդ:

Ա՜խ այս դրօշը գոնէ տասնամեակ մը առաջ ստեղծուէր ու այսպէս ամուր պաշտպանէր ու տնօրինէր իր սահմաններուն հարցը եւ ոչ թէ ուրիշներ: Եւ հայ Սուէտիան մնար մօտիկը Քեսապին: Այս մտածումիդ մէջ կը զգաս, որ դրօշն ալ կը ձայնակցի քեզի իր ծածան հեւքով, ու լռութիւն մը հազար ձայնով կը համակէ քեզ. դրօշը կարծես նոր կ՛իմաստաւորուի աչքիդ ու կը սկսիս զինք սիրել աչքիդ պէս:

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

(Շար.)

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Ո՞վ Էք Դուք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?