Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ նշեց. «Կը մտածենք Իրանի վրայ յարձակում գործելու մասին, եւ թերեւս ատիկա վաղը տեղի ունենայ, սակայն հաւանական զինուորական որեւէ գործողութեան ժամկէտը պիտի չբացայայտեմ»: «Գոյութիւն ունի այն հաւանականութիւնը, որ Իրանի վրայ յարձակում շղթայազերծենք, եւ մէկ այլ հաւանականութիւն մը, որ անոր հետ մեծ ու լաւ համաձայնութիւն մը գոյացնենք», աւելցուց ան: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իսրայէլեան պետական...




















