50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (12 Յունուար 1965)

Խմբագրական Տուրք Երախտագիտութեան Անցեալ շաբաթ հրատարակեցինք ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէին կոչը` ուղղուած «համայն հայութեան», Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին կառուցման առիթով: Կոչը ղրկուած էր արտասահմանի բոլոր թերթերուն, անխտիր, նկատի ունենալով, որ Սողոմոն Թեհլիրեան, իբրեւ վրիժառու բազուկը հայ ժողովուրդին, իր հերոսական արարքով կը պատկանի հայոց պատմութեան, որ մէկ է եւ անբաժանելի, ինչպէս հայ ժողովուրդն է: Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի այս օրերուն, երբ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է հայութեան միասնականութիւնը, Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակին եւ անոր սրբազան արարքին հանդէպ համազգային յարգանքն ու գնահատանքը պիտի հանդիսանան չափանիշը հայ ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան ու իմաստութեան: Թեհլիրեան, երբ Պերլինի պողոտաներուն վրայ կը պատուհասէր Չարիքը` դիտապարտ գետին փռելով հայաջինջ հալածանքներու տխրահռչակ...

Կարդալ Աւելին

50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1965)

Հաղորդագրութիւն Այսու պաշտօնապէս կը ծանուցենք բարեպաշտ հայ ժողովրդեան, թէ Եթովպիոյ կայսեր նորին վեհափառութիւն Հայլէ Սելասիէ Ա.ի հրաւէրով, Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը ՆՍՕՏՏ Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան, 12 յունուար 1965, երեքշաբթի, յետմիջօրէի ժամը ճիշդ 3:30-ին, «Միտըլ իսթ էրլայնզ» ընկերութեան օդանաւով պիտի մեկնի Ատիս Ապեպա (Եթովպիա)` մասնակցելու համար Արեւելեան ուղղափառ եւ դաւանակից քոյր եկեղեցիներու համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յունուար 14-28: Ս. աթոռիս պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ հոգեւորականներէն. 1.- ՆՍՕՏՏ Խորէն Ա. կաթողիկոս` նախագահ 2.- Գերշ. Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս` առաջնորդ Յունաստանի 3.- Գերշ. Տ. Գարեգին Ս. եպիսկոպոս` տեսուչ դպրեվանուց 4.- Գերշ. Տ. Երուանդ ծ. վարդապետ` կաթողիկոսական...

Կարդալ Աւելին

50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1965)

Խմբագրական «Բագին» Չորրորդ Տարուան Սեմին Երեք տարի առաջ, այս օրերուն, լոյս կը տեսնէր «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրին առաջին թիւը: Երեք տարի շարունակ, գրականութեան դերին ու կոչումին հանդէպ խոր հաւատքով, ամսագրին շուրջ բոլորուած երիտասարդ գրողներու եւ մտաւորականներու ընտրանին անշեղօրէն հետեւեցաւ այն հիմնական նպատակին, որուն համար գործի լծուած էր: «Բագին» կը հրատարակուէր յստակ առաջադրանքով: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր մեր կեանքը արտայայտութիւն կը գտնէ իր բազմաթիւ երեսներով, զանազան հրատարակութիւններու հարստութեան մէջ, հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնար մեծ բացական: Աւելի քան տասնեակ մը վարժարաններ ամէն տարի հայութեան կ՛ընծայէին գրասէր երիտասարդներու փաղանգ մը, որ ծարաւն ունէր Գեղեցիկին, ծարաւն ունէր անկորնչելի արժէքներուն: Կը փնտռէր նաեւ...

Կարդալ Աւելին

50 Տարի Առաջ (8 Յունուար 1965)

Ս. Ծնունդի Տօնը Լիբանանի Մէջ Ս. Ծնունդի տօնը այս տարի աննախընթաց շուքով, ջերմեռանդ հաւատքով եւ վառ յոյսերով տօնուեցաւ ամէնուրեք: Երեքշաբթի, 5 յունուար 1965, յետմիջօրէի խթումի Ս. պատարագին բոլոր եկեղեցիներու մէջ խուռներամ հաւատացեալներ խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցան սրբազան արարողութիւններուն եւ յաւարտ Ս. պատարագի, Ս. Ծնունդի քրիստոնէական խորհուրդին իմաստով ներշնչուած, հաղորդութիւն ստացան: Երեկոյեան, պատկերասփիւռի կայան եօթէն եւ իննէն, յատուկ յայտագրով, լիբանանահայոց բարեխնամ առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան աւուր պատշաճի իր պատգամը ուղղեց լիբանանահայութեան` համերաշխութեան, սիրոյ եւ միասնականութեան իմաստին բովանդակութեամբ: Անհամար ընտանիքներ մինչեւ ուշ գիշեր Աստուածաորդւոյն ծննդեան աւետիսը տօնեցին: Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս, դպրաց երգեցիկ խումբեր, ոմանք նուագարաններու ընկերակցութեամբ, թաղէ թաղ, տունէ տուն շրջապտոյտ կատարելով`...

Կարդալ Աւելին

50 Տարի Առաջ (6 Յունուար 1965)

Խմբագրական Ծնունդ Բացառիկ տարուան մը սովորական Ծնունդն է վաղը, ինչպէս սովորական Ծնունդ մը եղաւ ասկէ յիսուն տարի առաջ, երբ տարին կը սկսէր մօտալուտ վտանգի մը ահաւոր հեռանկարով: Յիսուն տարի անցած է այդ արիւնոտ Ծնունդէն ի վեր, յիսուն երկար տարիներ, որոնց ընթացքին, աշխարհի չորս ծագերուն, հոն, ուր ափ մը հայեր կ՛ապրին, յիսուն Ծնունդներ եկած ու անցած են մեր աստանդական ժողովուրդին վրայէն, որ հակառակ բոլոր փորձութիւններուն եւ փոթորիկներուն շարունակած է վառ պահել պայծառ օրերու յոյսը, որ պատգամն իսկ է Աստուածորդւոյն ծննդեան: Այսօր ալ, աշխարհի գլխուն ծանրացող տագնապալի այս օրերուն, տառապակոծ մարդկութեան փրկութեան յոյսն է դարձեալ, որ մշտանորոգ երազ մը ինչպէս, կը յաճախէ...

Կարդալ Աւելին

50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1965)

ՀՅԴ Օրուան Եւ Ակումբի Բացման Հանդէս Շթորայի Մէջ Հանդէսը տեղի ունեցաւ 27 դեկտեմբերին, ժամը 3:50-ին, «Աղբալեան» ակումբին մէջ: Հանդէսը բացուեցաւ լիբանանեան քայլերգով եւ «Յառաջ, նահատակ»-ով: Նուագեց Կարօ Քիւրքճեան: Յաջող արտասանութիւններ ըրին Շթորայէն` Մովսէս Թոփուզեան, Այնճարի «Յառաջ» պատանեկան միութենէն` Պօղոս Մանճեան: Այնճարէն մեներգեց Յովհաննէս Աբրահամեան եւ Զահլէի սկաուտներէն` Սարգիս Սալագեան եւ Շթորայի խաչուհիներէն` Մարի Տէր Սիմոնեան, խանդավառելով հանդիսականները: Քանի մը լաւ կտորներ նուագեց Կարօ Քիւրքճեան (Զահլէէն): Յեղափոխական երգեր երգեցին Այնճարի «Յառաջ» պատանեկան միութեան տղաք: Ասոնք եւ Զահլէի «Արմէն Գարօ» կոմիտէն, ընկերներ, նաեւ Հայ օգնութեան խաչի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնները եկան խրախուսելու «Աղբալեան» խումբը: Յակոբ Քէնտիրճեան խօսեցաւ ՀՅ դաշնակցութեան հետապնդած նպատակներուն մասին, իսկ օրուան նախագահը...

Կարդալ Աւելին

50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1965)

Բագին Երեք տարուան կեանք ունի «Բագին» ամսագիրը: Բեղուն կեանք մը: Երեք տարի անընդհատ, ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ, ամէն ամիս կը հասնի մեզի, յամառօրէն կը բախէ մեր դռները` յիշեցնելու համար, որ տեղ մը գրականութեան նուիրուած, գրականութեամբ ապրող, գրականութիւնը իրենց մեծագոյն կիրքը ըրած խանդավառ եւ ինքնամոռաց տղաք կան, որոնք սփիւռքի դժնդակ պայմաններուն մէջ կը ծառայեն գեղեցիկ դպրութեան: «Բագին» երբեք յուսախաբ չէ ըրած ընթերցողը: Աւարտած ենք ընթերցումը ափսոսանքով ու յաջորդ թիւին մեր սպասումը եղած է աւելի ուժգին: Նոր բան մը գտած ենք ամէն անգամ անոր էջերուն մէջ եւ նորոգուած հասած ենք վերջին էջը ու մխիթարուած` արտասահմանի մեր իմացական այս հաւատաւոր ճիգին առջեւ: «Բագին», արդարեւ, երեք...

Կարդալ Աւելին
Page 69 of 69 1 68 69

Արխիւներ