Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Սեպտեմբեր 1965)

Սեպտեմբեր 12, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատառ Մը Հայաստան

Գ.

Քեսապ: Հայ բնագաւառ:

Տարբեր բան է գիտնալը, տարբեր բան է ճանչնալը, զգալը, տեսնելը աչքերով, մտքով ու արիւնով: Հիացումի ծարաւ շրթներով կ՛իջնեմ Գալատուրան, դարձդարձիկ, անկանոն, կտրուկ ճամբաներէ, այդ հողն ու քարերը, որոնք ծնած են հաց ու գինի եւ հազարամեակ մը  ապրեցուցած մեր ժողովուրդը այս հովիտին մէջ, քեզ կը լեցնեն երախտագիտութեամբ ու քարի ու հողի շունչը կ՛ըմբոշխնես բնական մտերմութեամբ: Ահա լայնաշուք ընկուզենիի մը բունին կռթնած, ծալապատիկ երկու ալեհեր մտերմիկ ծերունիներ, իրենց տոհմիկ տարազով ու բարբառով, կը գրաւեն ուշադրութիւնդ: Մէկը ձեռքի գաւազանին հակած, գլխուն գդակ մը: Աչքերուն ժամանակի թախիծը, որուն ծանրութեանը տակ դողդոջ կը հետեւի մեր շարժումներուն: Միւսը աւելի կայտառ է ու տրամադիր մեր հարցումներուն պատասխանելու.

– Բարեւ ձեզ:

«Աստուծոյ բարին»-էն ետք իրարու շատ նման իրենց դիմագիծէն թելադրուած` կը հարցնեմ.

– Եղբայրնե՞ր էք դուք:

– Ո՛չ,- կը պատասխանեն,- հայր ու որդի ենք:

Իննսունհինգ տարիներու ճիւղաւորեալ կաղնի մը իր շուքին ունէր վաթսունհինգ տարուան հարազատ մը… հիացումի ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի մեր դէմքին, հայ գիւղը իր նահապետական ճշմարիտ բեմով, ուր կ՛ապրին մարդիկ իրենց ականջը մեր դարերու ձայնին, ուր զաւակը ո՛րքան մեծնայ, կը դառնայ այնքան սիրալիր: Եւ հիմա դերերը փոխուած են: Երբեմնի հօրը կողմէ գուրգուրանքի արժանացած մանուկը հիմա մեծցած ու իր բաժին պարտքը կը հատուցանէ դողդոջ ծերունիի մը` զայն ուրախացնելու ուրախութեամբ մը հարուստ, որուն օրհնութեամբ հայ օճախի ջերմութիւնը կը բոցավառի ու խաղաղութիւնը կ՛իջնէ դրախտի:

Դաւիթ Սաղարճեան, ինը եղբայրներու միջնեկը, ընկուզենիի պէս խրած պապենական հողին, ոչինչ կրցած է զինք արմատախիլ ընել ու փոխադրել որեւէ տեղ: Իննսունհինգ տարիներ: Ո՛չ երաշտը, ո՛չ սովը, ո՛չ թշուառութիւնը իր պապենական գիւղի եւ ո՛չ իսկ ճոխութիւնը, առատութիւնն ու հանգստաւէտ պայմանները օտար հորիզոններու: Հիմա ալ բերդի մը նման նստած է հազարամեայ հայ բնագաւառ այս հովիտին մէջ, ուր այնքան սիրով կապուած են, ամբողջ գերդաստանով, շրջակայքի հայութեան սրտին ծաղկած գեղեցկութեամբ` հպարտութիւն է Սաղարճեան տան ծնունդ շրջանի կռիւներու ու խաղաղութեան հերոս Տային: Քեսապցիք հիացումով կը յիշեն զինք, կռիւով բազմահազարներ փրկած, իսկ գթալով բազմահարիւր որբեր պաշտպանած ու սնուցած: Ափսո՜ս, չէ ունեցած իր երգիչը, ինչպէս ունեցաւ Աղասին` բախտաւորուելով Աբովեանի «Վէրք»-ին երգ դառնալով: Ովսիա Սաղարճեան, որուն կեանքը առանձինն հատոր մըն է` լոյսի սպասող, իր հերթին լուսաւորելու համար հայ նոր սերունդներու նկարագիրը: Ուրիշ Դաւիթներու որդիներն ու թոռները հիմա հեռու են Քեսապէն, ցրուած` աշխարհի զանազան կողմերը: Հազարամեայ հայ գիւղը տոկացած է շատ մը փորձանքներու, եկած` հասած է մեր օրերը: Խաւարն ու զրկանքը չեն յաջողած քանդել հայ օճախի ամրութիւնը ամբողջ հազարամեակ մը, այլ աճած  ու բազմացած, գեղեցկացած է իր տարազով ու բարբառով, իր տոհմիկ, նահապետական նկարագրով ու աւանդապաշտ բարքերով:

Հիմա ծերունազարդ Դաւիթը իր հեռաւոր թոռներէն երբեմն հասնող նամակներն ու նկարները արտասուքով կը թրջէ, զաւակի ու թոռնիկի կարօտ, փոխարէն անգլիական անուններով, անգլերէն լեզուով բարեւներ մեծ-մեծ հայրիկին: Դաւիթները կսկիծի կրակներու մէջ են: Ի՞նչ օգուտ հայկական Քեսապին Քոլոմպոսի նոր երկիրը, երբ այդ երկիրը կարօտի փուռ մը կրակ պիտի թողու Դաւիթներու սրտին մէջ եւ ողջ ողջ զիրենք այրէ այնքան, որ անոնք պոռան յուսահատ գալարումով.

– Այդ Քոլոմպոսը խեղդուէր ծովը եւ չգտնէր զԱմերիկա:

Անցեալին գիւղացիին կեանքը վտանգող արարած մը բռնած ու առաւօտ կանուխ կախած էին հրապարակի ընկուզենիէն, եւ երեք օր մարդ չէր մօտեցած այդ ծառին: Ի վերջոյ, իջեցուցած էին զայն եւ նետած` աղբանոց: Անոր հարազատներն անգամ ընդունած էին գիւղացիութեան տնօրինած արդար պատիժը:

Իսկ հիմա… սերունդ մը ամբողջ կը սպառնայ գիւղացիութեան ապագայ կեանքին, իր պապենական հողին ու բնութեան հանդէպ ունեցած անտարբերութեամբ. ուրիշ ասպարէզներ, ուրիշ միջավայրերու մէջ, զիրենք աւելի կը հրապուրեն: Կը մեկնին հեռուներ` կսկիծ ու արցունք թողած իրենց հարազատներուն: Գոնէ չմոռնան պապենական տունն ու կեանքը: Բարձրացող շէնքը կամ կաղնին չի մոռնար իր հիմը, արմատը, տկար կապը արմատին` կը փճացնէ կաղնին:

Իսկ Քեսապը բարեբախտաբար կը մնայ այնպէս, ինչպէս մնացած է դարերով: Մարդկային մարմինը իր ունեցած վէրքերը միշտ ալ սպիացնելու յատկութիւնը ունի: Նման յատկութիւն մը ստեղծած է քեսապցին ու կեանքը միշտ կանանչ է իր շուրջ:

Ահա Մանճիկեանենց թաղը, ուր մամիկներ ու հարսներ ձմեռուան պաշարը պատրաստելու համար մեղուաջան աշխատանքի լծուած են: Մանճիկեանենց «Ֆեսեթո»-ն, որ իր բացառիկ ճկունութեամբ ու յանդգնութեամբ յաջողած էր անդնդախոր քարաժայռ մը նուաճել, մէջքին պարան կապած ու կախուած էր ճարպիկութեամբ աննուաճելի հսկայ քառաժայռէ մը, ուրկէ անկում մը սուգի կրնար մատնել ամբողջ գիւղը, որուն կողին խոռոչի մը մէջ մեղուներ իրենց փեթակը կազմած էին, ապահով` ամէն վտանգի դէմ: «Ֆեսեթո»-ն մեղուի մը պէս յաջողած էր հասնիլ փեթակին ու գիւղ բերած տասներկու թիթեղ հարազատ մեղր. մեղրամոմը նուիրած էր եկեղեցիին, իսկ մեղրը` որբերուն:

Յետմիջօրէի շողերուն հետ կը մտնենք Թիթիզենց ստացուածքէն ներս: Ծառեր, ծառեր ու ծերեր. քար ու կիր, գերաններ, զօդուած մէկ մէկու ու կազմած ամուր ու սրբազան տունը հայու, անգմբէթ տաճար, ուր աղօթքի խաղաղութեամբ կեանքը կը բուրէ դարեր, ուր ծերունազարդ Կարապետը իր մեծ հօր տան շուքին նստած է իր թոռնիկի գնդակին զոհ ճագարի սեղանը ու սեղանակիցները կ՛օրհնէ… հայու դարաւոր օրհնեալ տուն, շաղախուած սիրով ու  խաղաղութեամբ, արցունքով ու կրակով, մեղրով ու դափնիով… հայ շինականի աղ ու հացին հետ ինչպիսի՜ քաղցրութիւններ կը ճաշակես իբրեւ խորհուրդ, հեքիաթ ու պատգամ:

Երկար է բնագաւառի պատմութիւնը, կ՛ուզես կանգ առնել ամէն մէկ տան, այգիին եւ շինականի առջեւ, մտերմանալ իւրաքանչիւրին ու թեւածում մը քեզ կը տանի լուսաւորչական, բողոքական ու կաթոլիկ համայնքներու եկեղեցիներն ու դպրոցները, գրադարանը, Ուսումնասիրաց վարժարանը, յանձնուած` Ուսումնասիրաց միութեան խնամակալութեան, որուն մասնաճիւղերուն բերած նպաստով (Դամասկոս, Լաթաքիա, Պէյրութ, Լոս Անճելըս) կ՛ապրի բնագաւառի հայ վարժարանը:

Զաւէն քհնյ. Փոլատեան, վերապատուելի Ա. Գերպապեան, Կոմիտաս վրդ. Պէօճիւքեան, տոքթ. Ա. Ինճեճիկեան, Արամ Սարգիսեան, Պօղոս Չիւրիւքեան, Սողոմոնեան, Յովսէփեան եւ անուննե՜ր, անուններ: Կասիոս լերան պէս քեզ կը հիացնեն իրենց վեհութեամբ ու կը զգաս, որ պարլահոյի օրհնութեամբ սնած են ու ծաղկած:

Կ՛ըսեմ բարձրաձայն.

Բուն քեսապցին ա՛յն է, որ հաստատուած է մայր հողին վրայ կամ ուշադիր է այդ հողին վրայ իր պապենական տան շէնութեան: Հեռուէն իսկ կը լուսաւորէ իր հազարամեայ ծննդավայրը, որ դիմացած է ինչ-ինչ աղէտներու եւ այսօր կրկին իր դարաւոր երգն ու եղանակը կ՛երգէ: Ներդաշնակօրէն ձայնակցելով այդ եղանակին` համանուագը կը դարձնէ աշխարհի ուրախութեան ու հարստութեան պատճառ:

Եւ ժամանակի աւերներէն յղկուած, բիւրեղացած ու գեղեցկացած կատարելութեամբ կը ներկայանան մեզի:

Հայ Քեսապը նման եւ բազմերանգ խորհրդածութիւններու կը մղէ մարդս իր եօթը ուխտատեղիներով, ուրկէ բարձրացող աղօթքը հազարամեայ, հողին կապուած Կիրակոսեան քոյրերու ասեղնագործ նուրբ արուեստով, աւելի ու աւելի կը հմայէ քեզ: Ներկայ Քեսապը ծնունդն է հազարամեայ հայ Մայր Քեսապին, ու կը տարուիս պահանջելու, տեսնելու ու վայելելու Քեսապի հիմնարկման հազարամեակի տօնակատարութիւնը, որ պէտք է տեղի ունենայ, որպէսզի ցնծայ աշխարհացրիւ հայութիւնը քեսապցիներուն հետ, նոր հազարամեակներ ապրելու հաւատքով:

Աննման Տայիի` Ովսիա Սաղտըճեանի յիշատակին արձան մը` Քեսապի հրապարակին վրայ, պիտի գեղեցկացնէ ժամանակակից Քեսապը ապագայ սերունդներու սրտին մէջ եւ ծնունդ տայ նոր հերոսներու…։

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

(Վերջ)

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Մթնոլորտի Ապականումը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?