Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Սեպտեմբեր 1965)

Սեպտեմբեր 17, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապագայապաշտն Ու Ապագայատեացը

 

– Բարե՛ւ, Ղուկա՛ս, լուր ունի՞ս, թէ ինչե՞ր կը խօսին ու ինչե՞ր կը գրեն մարդկութեան ապագայ կեանքի մասին: Անանկ հրաշապատում բաներ պիտի ըլլան, որոնք հեքիաթներու մէջ անգամ երեւակայուած չեն: Կեանքը պիտի ըլլայ գիտական գեղեցկութիւններով լի: Կեանքը պիտի դառնայ մեքենագեղ:

– Մարկո՛ս աղբար, դուն ան ըսէ, թէ որքա՞ն ատենէն պիտի իրագործուին այդ հազարան հրաշքները:

– Սանկ երեսուն – քառասուն տարիէն:

– Ուրեմն մեզի համար չէ: Ես վաթսուննոց, դուն եօթանասուննոց: Դեռ քառորդ դար անգամ ապրելու չենք:

– Կը սխալիս: Գրեթէ վստահ եմ, որ քանի մը տարիէն պիտի ստեղծեն հրաշք հաց մը, որմէ մէկ հապ մը, որմէ մէկ հատ կլլողին կեանքը պիտի երկարի առնուազն քառասուն – յիսուն տարի:

– Քեզի անկեղծօրէն բան մը ըսե՞մ: Եթէ այդ հրաշք հապն ալ ելլէ, ես կլլողը չեմ, եթէ նոյնիսկ հապը ըլլայ ձրի: Չեմ ուզեր ապրիլ` իբրեւ անկար, կորաքամակ, ցնորած, ցաւագար ծերունի:

– Վստահ եմ, որ երկրորդ հրաշք հապ մըն ալ պիտի հանեն հրապարակ, որ կլլողին պիտի պարգեւէ երիտասարդութիւն: Այդ հապը մեզ պիտի վերածէ քսան տարեկան երիտասարդի:

– Նորէն չեմ ուզեր ապրիլ: Զզուած եմ կեանքէն, իր յուսախաբութիւններէն, իր տառապանքէն ու տխրութիւններէն, մանաւանդ` մեծ անարդարութենէն: Ամբողջ աշխարհը պիտի լեցուի մարդերով ու մեքենաներով: Մին քան միւսը` ատելի: Այդ թոհուբոհին, այդ հարահրոցին, այդ եռուզեռին մէջ ապրուստ մը շահիլը պիտի ըլլայ գործ սադայէլի:

– Կը սխալիս: Ա՛լ այրերը պիտի չաշխատին դուրսը: Դերերը, դիրքերը պիտի փոխուին: Կիները պիտի երթան խանութ, գրասենեակ, գործարան, շուկայ կամ գործատեղի:

– Իսկ էրիկ մարդիկ ի՞նչ պիտի ընեն…

– Տունը պիտի մնան:

– Ես կնկայ հաց չեմ կրնար ուտել:

– Բայց այրերն ալ տունը պիտի աշխատին:

– Ես չեմ կրնար տաբատս հանել ու փէշ հագուիլ եւ գոգնոց կապել:

– Պէտք չկայ փէշի, գոգնոցի: Տան բոլոր գործերը պիտի ըլլան կոճակներով:

– Իմ սոսկումս է կոճակը: Հա՞պա եթէ փրթի: Ես պիտի նստիմ ու կոճա՞կ կարեմ: Իմ տաբատիս կոճակներէն մէկը երբ կը փրթի, խնդրագիրներ կը ներկայացնեմ կնկանս ու աղջիկներուս, որպէսզի կարեն: Ի վերջոյ, յուսահատած, ինկած կոճակին տեղը կը գնդասեղեմ, որպէսզի տաբատս գոց մնայ: Քանի անգամ աղօթած եմ, որ գիւտարար մը կոճակին տեղ ուրիշ բան մը հնարէ, բան մը, որ չփրթի, չիյնայ, չմաշի ու տեղը մնայ: Իսկ ասկէ ետք կոճակները պիտի շատնան եղեր: Վա՜յ գլխուս…

… Աղբա՛րս, իմ կոճակ ըսածս քու փանթալոնիդ կոճակին չի նմանիր: Ելեկտրականութեան կոճակին, կազի կոճակին, ձայնասփիւռի կոճակներուն պէս կոճակներով է, որ պիտի կատարուի ամէն գործ` թէ՛ գործարաններու, թէ՛ տուներու մէջ: Հիմա հասկցա՞ր: Կոճակի մը վրայ կոխելուդ պէս տունին փոշիները պիտի առնուին: Ուրիշ կոճակներու վրայ կոխելով, պիտի բանաս, կէս մը կամ ամբողջովին, ուզած պատուհանդ, ուզած դուռդ, նոյնիսկ` բնակարանիդ առաստաղը: Տարբեր կոճակներու վրայ կոխելուդ պէս պիտի պատրաստուի սուրճը կամ թէյը: Կոճակ մը լուացքի համար, կոճակ մը չորցնելու համար, կոճակ մը` արդուկի համար: Կոճակներ ալ` զանազան կերակուրներու համար, այսինքն` ամէն մէկ կերակուրի կոճակ մը:

– Չըսե՞ս, ամբողջովին պիտի այլասերինք` ուտելով եւրոպական կերակուրներ, ինչպէս` պիւֆթեկ, ռոզպիֆ, շաթոպրիան, ժիկօ, էսքալոփ, մարենկօ: Ա՛լ մնաք բարով պիտի ըսենք մեր հայկական ու պատուական կերակուրներուն` չիյ քէօֆթէ, լահմեճիւն, թապուլէ, խըմմուզ, խազմուզ…

– Կ՛աղաչեմ, կ՛աղաչեմ, նախ ատոնք հայկական կերակուրներ չեն: Ատկէ զատ, ինչպէս որ կայ հայերէն գրող տաքթիլօ, հայերէն տպող լինոթիփ, պիտի ըլլայ նաեւ բոլոր ազգերու ճաշացուցակները պատրաստող մեքենայ` մասնաւոր կոճակներով:

– Ուրեմն կեանքը պիտի վերածուի կոճակաշարքի:

– Դուն ալ կոճակասենեակիդ մէջ, կռնակի վրայ պառկած, պիտի ապրիս կոճակակոմսի կամ կոճակակայսրի պէս: Փափա՞ք մը ունիս, կոխէ կոճակի մը վրայ ու փափաքդ իսկոյն պիտի կատարուի:

– Ես չեմ ուզեր ապրիլ կոճակադարու մը մէջ:

– Եղբա՛յր, գիտութիւնը կեանքդ պիտի երկարէ, երիտասարդութիւն պիտի պարգեւէ, ամէն ինչ պիտի դիւրացնէ, իսկ դուն չես բարեհաճիր ապրիլ: Մեռնի՞լ կ՛ուզես. Լա՛ւ. Մեռնիս` ի՞նչ պիտի ընես…

– Պիտի հանգչիմ:

– Բայց հանգչիլդ պիտի չզգաս:

– Որեւէ բան զգալ չեմ ուզեր:

– Հասկցուեցաւ: Ուրեմն կ՛ուզես անզգամ դառնալ:

– Ատելով կ՛ատեմ մեքենան, մեքենականութիւնը, մեքենայութիւնը, մեքենագիտութիւնը, մեքենաշինութիւնը, մեքենավարութիւնը: Մեքենան ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` մեքենայ: Կոճակն ալ կոծիծ է:

– Բայց մեքենային շնորհիւ է որ մարդիկ պիտի ապրին մարդավարի:

– Մարդը իր շինած մեքենային պիտի ըլլայ գերի: Ինչպէս որ սարուկը եղած է դրամին: Մամոնայ ու մեքենայ, երկուքն ալ մետաղ, մարդը անոնց համար եղած է մատաղ:

– Ըլլայ մատաղ, ստրուկ կամ գերի, սակայն պիտի փրկուի: Ա՛լ պիտի չըլլայ սեւ աշխատանք, ոչ իսկ` մաքուր կամ դիւրին աշխատանք: Կոխէ՛ կոճակին վրայ, ու պիտի բանի մեքենան: Բարդ հա՞րց մը ունիս, դիմէ մեքենային: Որեւէ դժուարութեան ատեն մեքենան քեզի խորհրդատու է վստահելի:

– Մեքենան է, որ մարդուս տեղ պիտի գործէ, մեքենան է, որ մարդուս տեղ պիտի մտածէ: Չըսե՞ս, որ մարդը մեքենայէին ալ ստորադաս արարած մը պիտի ըլլայ…

– Մարդիկ միշտ դժգոհած են ծանրութենէն աշխատանքի: Իսկ մտածելով` երջանկացա՞ծ են…

– Մարդուս մեծութիւնն է մտածելը:

– Ուզողը իրեն կրնայ պահել այդ մեծութիւնը` չդիմելով մեքենայի:

– Հարամ ըլլայ ապագայ կեանքը ինծի: Չեմ փափաքիր ապրիլ:

– Բայց ապրողն է, որ կը տեսնէ: Քի վիվրա, վերա:

– Ի՛նչ կայ, որ ի՛նչ տեսնէ: Մինչեւ օրս ապրեցայ ի՞նչ տեսայ: Բռնութիւն, աքսոր, անապատ, ջարդ, սով, որբանոց, պանդխտութիւն, թշուառութիւններ, դժբախտութիւններ, արեւմտեան դաւադրութիւններ, այլասերում, սպիտակ ջարդ, կարմիր սարսափ, դեղին վտանգ, տակաւին` սեւ երեսները սպիտակամորթներուն խառնարանը խափշիկներուն… Ասկէ ետք ի՞նչ կրնամ տեսնել… Մեքենա՞յ… Համը առինք… մարդիկ արդէն եղած են մամոնայապաշտ, մեքենապաշտ, այսինքն` անօրէն, անխիղճ, անաստուած:

– Իսկ եթէ քեզ վստահեցնեմ, որ մօտաւոր ապագային պիտի տեսնենք Հայաստանը ազատ, անկախ, միացեալ, դարձեա՞լ պիտի չուզէիր ապրիլ…

– Ա՜հ, այդ օրը կ՛ուզեմ տեսնել… Այդ օրը տեսնեմ ու մեռնիմ…

– Յիմա՛ր, պիտի չ՛ուզէիր ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի մէջ ապրիլ…

– Է՜, շիտակը տասը-քսան տարի մը ապրիլ պիտի փափաքէի… եթէ չապրիմ ալ, հոգս չէ… Միայն թէ տեսնեմ Հայաստանս Հայաստան եղած, այսինքն` ազատ, անկախ ու միացեալ… Յայնժամ թո՛ղ մեռնիմ` երանութեան ժպիտը ծաղկած հոգիիս մէջ ու դիակիս դէմքին դրոշմուած…

Եւ այսպէս վերջացաւ այս աստուածաշնչական ասուլիսը:

Ն. ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Հանրայայտ Բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?