Չարագուշակ Լուրը
Ամիներէ ի վեր շրջան ընող խոցող լուրը վերջապէս կը հաստատուի ահա:
Աղբիւրը Մոսկուան է:
Խորհրդային Ռուսիոյ նոր վարչապետը` Ալեքսէյ Քոսիկին, օտար մամուլի մէկ թղթակիցին յայտարարած է, որ առաջարկած է Անգարայի ոչ յարձակողական դաշինք մը կնքել:
Աւելի՛ն. Մոլոթովէն եւ Խրուշչովէն ետք, Քոսիկին եւս հրապարակով կը յայտարարէ, թէ Մոսկուա հողային ոչ մէկ պահանջ ունի Թուրքիայէն:
Ընդհակառակն, կ՛ուզէ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակել Թուրքիոյ հետ, ինչպէս ըրաւ ատենին Լենին:
Այդ բարեկամական յարաբերութիւնները շարունակուեցան մինչեւ 1945, երբ Ստալին պահանջեց Կարսը եւ Արտահանը վերադարձնել Ռուսիոյ: Այս շրջանը 1878-ի պատերազմով մաս կը կազմէր ռուսական կայսրութեան, իսկ Նեղուցներուն վրայ կը պահանջուէր հաստատել ռուսական հակակշիռ:
Թուրքերը ատենին բուռն կերպով ետ մղեցին այս պահանջները: Այդ թուականէն սկսեալ Անգարա ունեցաւ թեքում դէպի Ամերիկա: Վերջինը քսան տարի միլիոնաւոր տոլարներ եւ զէնք հասցուց Թուրքիոյ, որուն աշխարհագրական դիրքը կարեւոր էր պատերազմի մը պարագային. տոլարները տրուեցան այդ նպատակով:
Շուրջ տարի մըն է, որ Ամերիկա աննպատակ կը համարէ նիւթապէս օգնել այլեւս Թուրքիոյ, որովհետեւ իր նոր տեսակի զէնքերով կրնայ աւելի հեռաւոր դիրքերէ խոցել թշնամին:
Մոսկուա, որ արգոսեան աչքերով կը հետեւի աշխարհի քաղաքական իրադարձութեանց, վայրկեանը բարեդէպ համարեց` մերձենալու եւ օգնութեան ձեռք երկարելու համար Անգարայի:
Ռուսեւթուրք վերջին սիրաբանութիւնը ատկէ կը սկսի:
Թուրքը, որ կ՛ատէ ռուսը, որմէ ընդունած է շարունակ շշմեցուցիչ հարուածներ, ցնծութեան մէջ է: Ցնծութեան մէջ է, որովհետեւ կը տեսնէ, որ նոր առիթ մը կը ներկայանայ իրեն` ժամանակ մը եւս իր կրունկներուն տակ պահելու համար կայսրութեան արեւելեան այն մասը, որ Հայաստան կը կոչուի:
Բայց որովհետեւ Լոպանովէն սկսեալ մինչեւ Չիչերին, մինչեւ Մոլոթով, Խրուշչով եւ Քոսիկին, կը շարունակուի հետապնդել ռուս պետութեան աշխարհակալութեան կամ տիրակալութեան քաղաքականութիւնը, եկող գացող բոլոր պատասխանատու դէմքերը եւ ներկայիս ալ համայնավար վերին մարմինը կը մնան ցարերու քաղաքականութեան հաւատարիմ դիրքի վրայ:
Բարեկամանալ թուրքերուն հետ, օրօրել զանոնք, ուրանալ Հայկական հարցը եւ անկախ Հայաստանի մը իրաւունքները, սպասել յարմարագոյն վայրկեանին` ունենալու համար այն հողամասերը, որոնց վրայ յաւակնութիւններ ունին հայերը, ահա՛ իրենց նպատակը:
Այժմ նման խօսքեր չ՛ըներ Քոսիկին, ինչպէս չըրին իրմէ առաջ այլ կարմիր իշխանաւորներ, բացառութեամբ Ստալինի, որ պահանջեց Կարսը եւ Արտահանը, բայց ոչ թէ հայերուն տրուելու համար, այլ` վրացիներուն:
Հայ եղեռնի յիսնամեակը նոր վերջացաւ եւ ահա աշխարհիկ խղճմտանքին առջեւ Մոսկուա իր վարչապետին բերնով անգամ մըն ալ կու գայ ժխտելու` Թուրքիայէն պահանջներ ունենալու հարցը:
Անշուշտ Մոսկուա Հայաստան չէ, բայց լաւ գիտէ, որ առանց իր հրամանին` Հայաստան չի կրնար թիզ մը հող ուզել Թուրքիայէն, ոչ ալ կրնայ այդ նպատակով գործօն քայլեր առնել:
Երեւան, եթէ ունենար այդքան իրաւասութիւն ու ուժ, նախ կը պահանջէր ներքին սահմաններու փոփոխութիւնն ու սրբագրութիւնը:
Մաքիաւելեան դպրոցին մէջ թրծուած Մոսկուայի երիտասարդ դիւանագէտները գիտեն այս բոլորը, եւ երբ ի հեճուկս Երեւանի եւ սփիւռքի հայերուն` հրապարակով Թուրքիոյ կը յայտարարեն, թէ հողային պահանջներ չունին, անուղղակի կերպով ըսած կ՛ըլլան Անգարայի «Ականջ մի՛ կախէք հայերու ցոյցերուն եւ աղաղակներուն. մենք ձեր կողքին ենք, բարեկամ ձեզի եւ, եթէ պէտք ըլլայ, դաշնակից ալ»:
Անգարա իր հերթին քիթին տակէն կը խնդայ Մոսկուայի այդ բարեկամութեան եւ յայտարարութեանց վրայ, բայց ժամանակ կը շահի: Ան առայժմ հանգիստ է, որ անգամ մըն ալ բախտը կը ժպտի իրեն ու կրնայ վիժեցնել Հայ դատը:
Այս պատկերով կը ներկայանայ ռուսեւթուրք նոր բարեկամութեան մը հարցը մեզի եւ աշխարհի, թէպէտ կան հայութեան մէջ հոսանքներ ալ, որ կը կարծեն, թէ ռուսեւթուրք բարեկամութենէ մը ամէնէն աւելի օգտուողը մենք պիտի ըլլանք:
Վերջիններուն միամիտ լաւատեսութիւնը մոռցած` շարունակենք մեր պահանջներուն եւ մեր Դատին հետապնդումը: Լռել եւ ձեռնածալ նստիլ, գէթ այս անգամ, ներելի չէ այլեւս բոլորիս ալ:
ԽՄԲ.- «ԱՐՄԵՆԻԱ»-Ի
Մարզական
Հեծելարշաւ
Արա Էլմաճեան Շահեցաւ
Մեթնի Շրջավազքը
Լիբանանեան հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած Հիւսիսային Մեթնի շրջավազքը շահեցաւ երկրորդ դասակարգի հեծելանուորդ «Սեւան»-ական Արա Էլմաճեան: Ան երկրորդ յաղթանակն է, որ կը տանի այս եղանակին առաջին կարգի քշողներուն վրայ:
Մանսուրէի առաջին վերելքներուն Արա ետ մնաց, բայց կամաց-կամաց կրցաւ հասնիլ Սուատին եւ Պիքֆայայի մէջ զօրաւոր յարձակողականով մը ետ ձգեց իր բոլոր հակառակորդները եւ մէկ ու կէս վայրկեան կանուխ` առանձին մտաւ Տհուր Շուէր: Երկրորդ ելաւ Անթուան Աուատ:
Խմբական դասաւորման մէջ «Սեւան» շահեցաւ առաջին տեղը, իսկ «Անդրանիկ» երկրորդ:
* * *
Լիբանանցի հեծելանւորդ Թարեք Ապու Շահապ, որ Ֆրանսա կը գտնուէր, ժամանած է Պէյրութ` ազգային խումբին հետ Գահիրէ մեկնելու եւ մասնակցելու համար համարաբական խաղերուն:
* * *
Ֆրանսայի 1965-ի շրջավազքի ախոյեան Ֆելիս Ժիմուտի, անկումի մը պատճառով վիրաւորուած ըլլալով, 45 օր դատապարտուած է գաճի մէջ անշարժանալու` այնպէս որ, պիտի չկարենայ մասնակցիլ աշխարհի ախոյեանական մրցումներուն: