Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Հոկտեմբեր 1965)

Հոկտեմբեր 8, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Անուղղակի Տուրք

Լիբանանի ելեւմտական նախարարութիւնը քանի մը օր առաջ որոշեց աւելցնել շարժանկարային եւ թատերական ներկայացումներու տուրքերը, որոնք արդէն իսկ բաւական բարձր են:

Կառավարութեան այս որոշումը քննադատուեցաւ մամուլին կողմէ, որ այս առթիւ, աւելի ընդհանուր մօտեցումով մը, քննութեան տակ առաւ Լիբանանի հարկային քաղաքականութիւնը` զայն բաղդատելով ճարտարարուեստական զարգացած երկիրներու քաղաքականութեան հետ:

Անմիջապէս յայտնենք, թէ անուղղակի տուրքի դրութիւնը, որ չափազանցեալ կերպով կը գործադրուի Լիբանանի մէջ, չի համապատասխաներ ընկերային յառաջդիմութեան ներկայ պայմաններուն: Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի նման երկիրներու մէջ պետութեան գանձարանը կը լեցուի գլխաւորաբար շահատուրքերէ, որոնց սակը կը բարձրանայ համաձայն ենթակային կամ ընկերութիւններու ապահոված հասոյթին: Օրինակ, տարին մէկ միլիոն շահողը եթէ իր շահին 90 առ հարիւրը կը վճարէ պետութեան, 100 կամ 50 հազար շահողը` հազիւ 40 կամ 30 առ հարիւրը:

Լիբանանի մէջ եւս շահատուրքի դրութիւն կայ, բայց` շատ անկազմակերպ վիճակի մէջ եւ ենթակայ քմայքներու:

Պետութիւնը որդեգրած է անուղղակի տուրքի դրութիւնը, որովհետեւ գանձումները աւելի դիւրին են եւ ապահով: Բայց այդպիսով մեծ անարդարութիւն մը կը գործուի, որովհետեւ ապրանքի մը արժէքը յարաբերական է, կախում ունի գնողին նիւթական կարողութենէն: Եթէ հարուստի մը համար տուփ մը սիկարեթին գինը իր օրուան շահին մէկ հարիւրերորդը կը ներկայացնէ, նոյն սիկարեթի տուփը պաշտօնեայի մը շահին տասը առ հարիւրին կը բարձրանայ:

Նման է պարագան շարժանկարին, որ մեր երկրին մէջ, ուր թատրոններ չկան, դարձած է միջին կամ համեստ դասակարգին զբօսման միակ վայրը:

Պետութիւնը մեծ գումարներու պէտք ունի` մեծ ծրագիրներու իրագործման եւ իր պիւտճէին հաւասարակշռութեան համար: Կարելի չէ ուրանալ այս պարագան: Բայց իւրաքանչիւր քաղաքացիի նիւթական կարողութեան համապատասխան եղող հարկային դրութիւն մը թէ՛ աւելի արդար պիտի ըլլար եւ թէ՛ աւելի հասութաբեր:

Ժամանակն է, որ Լիբանանի հարկային դրութիւնը ընդհանուր վերաքննութեան մը ենթարկուի եւ արմատական փոփոխութիւններ կրէ զարգացած երկիրներու օրինակով:

x

 

Փոթորիկը Երկու Միլիոն Ոսկիի
Վնաս Հասցուց Լիբանանի

Աննախընթաց երեւոյթ Լիբանանի մէջ: Փոթորիկ` աշնան սկիզբը, հոկտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին: Ձմեռուան պէս, անձրեւը հեղեղի պէս իջաւ` քանի մը վայրկեանէն ողողելով փողոցներն ու մայթերը: Խալտէի օդակայանին մէջ հովին արագութիւնը ժամական 135 քմ-ի հասաւ: Ամէնէն աւելի վնասուեցան Ասորիներու թաղը, Քանթարի, Ռաս Պէյրութ, Սապրա, Այն Պայրա՛ա, Շոճիներու անտառին շրջանը եւ Ուաթուաթ: Ուատի Ապու Ժեմիլի մէջ ջուրը ամբողջովին ողողեց գործարան մը: Համրայի մէջ երեք տուներ փլելու վտանգին տակ են: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները ընդհատուած են Լիբանանի եւ Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Յորդանանի միջեւ:

Ամէնէն աւելի վնասուած է, սակայն, Ժիպէյլի շրջանը: Կ՛ըսուի, թէ նիւթական վնասները կը հասնին 2 միլիոն լ. ոսկիի:

 

Հայաստան

Նամակադրոշմ Մ. Աբեղեանի
Ծննդեան 100-Ամեակին Առիթով

Հայ նշանաւոր գիտնական Մանուկ Աբեղեանի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ Խորհրդային Միութեան կապի նախարարութիւնը հրապարակ հանած է բազմագոյն նամակադրոշմ մը:

Մանուկ Աբեղեան անդամ էր Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիային եւ փրոֆեսէօր` Երեւանի համալսարանի: Հրատարակած էր հայկական ֆոլքլորին, գրականութեան ու քերականութեան նուիրուած քանի մը տասնեակ գործեր:

Նամակադրոշմին վրայ գիտնականի դիմանկարին տակ կայ հետեւեալ մակագրութիւնը. «Գրագէտ, լեզուաբան Մանուկ Աբեղեան, 1865-1944»: Նամակադրոշմին վրայ կան նաեւ Արարատ լեռը եւ ազգային զարդաքանդակի կտոր մը:

Նամակադրոշմը գծած է ռուս նկարիչ Նիկոլա Կալիտայ:

Չեխ Բարեկամներու Նուէրը

Քանի մը ամիս առաջ, Հայաստանի հիւր եղած են Չեխոսլովաքիոյ հրատարակչութեան աշխատողները: Շրջած են Հայաստանի մէջ եւ ծանօթացած են հայ ժողովուրդի մշակոյթին եւ արուեստին:

Չեխ հրատարակիչներուն վրայ մեծ տպաւորութիւն գործած են Հայաստանի Պետական պատկերասրահը եւ հայ նկարիչներու գործերը:

Վերջերս չեխ հրատարակիչները Հայաստանի Մամուլի կոմիտէին ղրկած են արժէքաւոր  նուէր մը` չեխ նկարիչներու ստեղծագործութիւններու 41 գեղարուեստական վերարտադրութիւններ, որոնք պիտի դրուին Հայաստանի Պետական պատկերասրահին մէջ: Այս վերարտադրութեանց մէջ կը գտնուին` Ատոլֆ Կոսոտեկի «Չեխական բնանկար»-ը, Եոզեֆ Մանեսի «Յունիս»-ը եւ «Սիրերգ», Կարել Պուրկինէի «Դարբին Էխը» եւ «Դաշտավայրում», Եակուպ Շիկանատերի «Տխուր վերադարձը», Եըն Սլաւիչեկի «Փրակա»-ն, Միլոզ Իրանեկի, Եոզեֆ Փրոժէի, Կարել Սոուչեկի, Էմիլ Ֆիլլայի, Եուլիուս Մարժակի եւ այլ նկարիչներու գործերը:

Շրջուն Ցուցահանդէս

Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը եւ Նկարիչներու տունը կազմակերպած են հայ նկարիչներու ստեղծագործութեանց շրջուն ցուցահանդէս մը:

Ցուցահանդէսը արդէն դիտած են Ալավերդիի, Օձունի, Վանաձորի, Սպիտակի, Արթիկի եւ Թալինի մշակոյթի տուներուն մէջ:

Ցուցադրուած նկարներուն մէջ կը գտնուին Մարտիրոս Սարեանի «Զուարթնոց»-ը, Յովհաննէս Զարդարեանի «Անահիտ»-ը, «Ճանապարհ դէպի Էջմիածին»-ը եւ Խաչատուր Եսայեանի «Գարուն»-ն ու «Ծիրանի ծառեր» գործերը: Նմանապէս նաեւ` Հմայեակ Աւետիսեանի, Եփրեմ Սաւայեանի, Բաբգէն Գոլոզեանի, Ռուբէն Պետրոսեանի, Գրիգոր Խանճեանի եւ 31 այլ նկարիչներու գործերը, ինչպէս նաեւ` Սերգէյ Բաղդասարեանի եւ Սամուէլ Մանասեանի քանդակները:

Ամառնային Թատերաշրջանը` Աւարտած

Հայաստանի միջշրջանային թատրոնները աւարտած են իրենց ամառնային թատերաշրջանը:

Ամառը Արտաշատի տրամաթիկ թատրոնը շրջագայութեան ելած է Հիւսիսային Կովկասի կարգ մը հայաբնակ քաղաքներն ու շրջանները:

Կիրովականի «Յովհաննէս Աբելեան» տրամաթիկ թատրոնի խումբը յաջողութեամբ աւարտած է իր ամառնային շրջագայութիւնը Պաքուի, Թիֆլիսի, Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ:

Կամոյի «Լեւոն Գալանդար» միջշրջանային թատրոնի խումբը Թալինի եւ շրջակայ գիւղերուն` Ակունքի, Մաստարայի եւ Աշնակի մէջ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցած է Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները», Միքայէլեանի «Վարազդատ»-ը եւ ուրիշ գործեր:

Թատերախումբը ներկայացումներ տուած է նաեւ Ախալքալաքի մէջ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հնարամիտ Գաղափարներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?