Յայտարարութիւն Հայ Ժողովուրդին
Եօթանասունհինգ տարի առաջ, 1890-ին, հայ ժողովուրդին ուղղած իր առաջին մանիֆեստին մէջ նորակազմ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը յայտարարէր.
«Հայը, որ դեռ երէկ շլինքը ծռած, Եւրոպայից օգնութիւն էր աղերսում, այսօր համոզուելով, որ օտարի վրայ դրած յոյսը ցնորք է, վճռել է իր ձեռքերով պաշտպանել իր իրաւունքը, իր կայքը, պատիւը, ընտանիքը…
………………………………………………………..
«Այդ ժողովուրդը հասկացել է, որ իր ուժը իր մէջ է: Երէկուայ ստրուկ, համբերող հայաստանցին այսօր յեղափոխական է դարձել:
…………………………………………………………
«Միանանք ամէնքս ժողովուրդի հետ, որ բարձրացրել է ազատութեան դրօշակը: Նա ով այսօր երեսը կը դարձնի ժողովուրդից եւ չի հետեւի նրան, նա այդ ժողովուրդի հակառակորդն է, նրա թշնամին է…
«Ուրեմն եղբայրներ, միանանք յանուն սուրբ գործի, ընդհանուր թշնամիին դէմ»:
Այս յայտարարութեան անխախտ հաւատացողը եղաւ ՀՅԴ-ն 75 տարի շարունակ ու ծառայողը` այդ նպատակին:
Անկէ ետք, ահա եօթանասունհինգ տարի է, չկայ հայ ժողովուրդի կեանքին հետ կապուած երեւոյթ մը, դէպք մը, որուն հետ կապուած չըլլայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որուն հասած չըլլայ, որուն համար զոհաբերած չըլլայ ան, տեւաբար, անսակարկ նուիրումով:
Իր հիմնադրութեան իսկ օրէն, Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ հոս ու հոն ցրուած կամքերուն վճռական, կեդրոնաձիգ քաղաքական ուժը կը դառնար ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որուն շարքերը արագօրէն կ՛ուռճանային, երբ այն օրերուն Դաշնակցութեան ուխտաւոր դառնալը միայն ստոյգ մահը աչք առնել կը նշանակէր:
Ճիշդ ա՛յդ էր առինքնողը, հմայողը, մագնիսի նման իրեն քաշողը: Իր ժողովուրդին համար գերագոյն զոհաբերութեամբ ծառայելու կարելիութիւնն էր, մահուան գնով ժողովուրդի դէպի ազատութիւն առաջնորդելու կարելիութիւնն էր, սեփական արիւնով երկրի հողն ու հայ ժողովուրդի սրտերը տաքցնելու կարելիութիւնը, որ գունդ առ գունդ Դաշնակցութեան շարքերը կ՛առաջնորդէր հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընտրանին:
Ու իր ընտրեալներուն զոհաբերումով ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան բերաւ հոգեկան կորովի, վսեմ նուիրումի անսպառ հարստութիւն մը, ճշմարիտ գանձ մը:
Խիզախում մըն էր ծնունդը ՀՅ Դաշնակցութեան, եօթանասունհինգ տարի առաջ:
Խիզախում մը եղաւ իր կեանքը, իր շարքերուն ամբողջական նուիրումովը կարելի:
Յաճախ յաղթեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը, երբեմն ալ պարտուեցաւ: Պարտութիւնները իր վրայ առաւ ու յաղթանակները վերադարձուց իրենց արժանի տիրոջ` իրեն ծնունդ տուող հայ ժողովուրդին:
Կարելի է մեղադրել ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս կամ այն պարտութեան համար, այս կամ այն վրիպումին համար: Կարելի չէ սակայն ամբաստանել զայն հայ ժողովուրդին համար զոհաբերելէ խուսափած ըլլալու մեղադրանքով: Ամէն անգամ որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը զինք հանած է ճակատագրական րոպէներու դիմաց, միշտ եւ ամէնուրեք ներկայ եղած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը, մի՛շտ առաջին գծի վրայ, մի՛շտ զոհուելու, զոհաբերելու պատրաստ:
Այս իրողութեան գիտակցեցաւ հայ ժողովուրդը ու լայն բացաւ իր հոգին ՀՅ Դաշնակցութեան առջեւ:
Այս իրողութեան գիտակցեցան նաեւ բոլոր անոնք, որ հայ ժողովուրդը հարուածել կ՛ուզէին, հայ ժողովուրդին հայրենի հողերուն բռնագրաւումը կը ծրագրէին. ու իրենց առաջին հարուածը, տեւական հալածանքը վերապահեցին հայ ժողովուրդի ազատութեան, անկախութեան եւ հողերու ամբողջացման իտէալը մարմնաւորող ու այդ իտէալի իրականացման համար ամբողջական զոհաբերութեան պատրաստ միակ կուսակցութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան:
Ո՛րքան հալածեցին, դատեցին, դատապարտեցին զայն, ա՛յնքան ան արմատացաւ ժողովուրդի լայն խաւերուն մէջ:
Ո՛րքան պայքարեցան ազատութեան ու անկախութեան դէմ, ա՛յնքան ան դարձաւ հիմնական պահանջը հայ ժողովուրդին:
Որքան խլած պահեցին հայ հայրենիքէն իր անբաժանելի մասը եղող հողամասերը, այնքան մտասեւեռում դարձաւ գերեալ հողերու ազատագրման պահանջը:
Անցնող եօթանասունհինգամեակի փոթորկոտ, մահուամբ ու յարութեամբ հարուստ կեանքը հայ ժողովուրդին` բիւրեղացած իտէալի մը վերածած է արդէն ՄԻԱՑԵԱԼ, ԱԶԱՏ ԵՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋԸ:
Եթէ պատմական անհրաժեշտութիւն մը կայ, այդ ալ Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանն է, ոչ միայն հայութեան համար, այլ նաեւ` իր երկիրը շրջապատող բոլոր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն համար:
Եթէ պատմական անխուսափելի հոլովոյթ մը կայ, այդ ալ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի իրականացումն է, որ հիմնական ձգտումն է համայն հայ ժողովուրդին:
Եթէ խաղաղութեան ճանապարհ մը կայ Հայաստանը շրջապատող երկիրներուն ու ժողովուրդներուն համար, այդ ճանապարհը կ՛անցնի Հայաստանի ամբողջականութեան իրականացումէն, ազատութենէն ու անկախութենէն:
Ո՛չ ոք, ո՛չ մէկ ուժ կրնայ ջնջել պատմութենէն հայ ժողովուրդի թափած ծով արիւնը ի խնդիր իր գոյութեան, ազատութեան, անկախութեան:
Ո՛չ ոք, ո՛չ մէկ ուժ կրնայ ընդմիշտ լռութեան դատապարտել միջազգային խղճի ձայնը, որուն պարտաւորութիւնն է քաղաքակրթութեան ծառայող այս ժողովուրդին ամբողջական իրաւունքները վերադարձնել, ինչպէս իրաւունքներ կը ստանան բազմաթիւ այլ ժողովուրդներ, ազգեր, երկիրներ:
Ոչ մէկ ուժ կրնայ ընդմիշտ ու յաւիտեանս սրբել պատմութենէն Սեւրի դաշնագիրը, որ արդիւնք էր պատմական անջնջելի իրողութեանց, կենսական պահանջներու, եւ առանց որուն ոչ մէկ հաւասարակշռութիւն եւ ոչ մէկ մնայուն խաղաղութիւն գոյութիւն պիտի ունենայ մեր հայրենի երկրի եւ անոր շրջապատին մէջ:
Կա՛յ այսօր արդար ու անկապտելի դատ մը` ժամանակաւորապէս մոռացութեան տրուած միջազգային ատեաններուն կողմէ:
Կա՛յ աշխարհացրիւ ժողովուրդը հայոց, որ Հայաստանի մէջ թէ այլուր, պահանջատէրն է հայ հողերու ազատագրումին, մայր հայրենիքի ազատութեան, անկախութեան:
Կա՛յ նաեւ հայ ժողովուրդի կամքի ազատ արտայայտիչը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ կանգնած է գաղափարական նո՛յն գետնին վրայ, ինչ որ եօթանասունհինգ տարի առաջ. որ կը հաւատայ նաեւ այսօր, թէ հայ ժողովուրդի փրկութիւնը իր սեփական ուժին մէջ է. որ կը պահանջէ բոլորին միակամ կանգնիլ հայ ժողովուրդի իտէալի իրականացման պահանջի կողքին եւ գործել, զոհաբերել այդ իտէալի իրականացման համար:
«Ոչ մի բռնութիւն, ոչ մի հալածանք, ոչ մի սահման չի կարող բաժնել մի ժողովուրդ, եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուելու անսասան վճռականութիւն, եւ կապուած է, միացած է դարերով սնուած ընդհանուր բնազդների ու զգացումների առողջ զարկով», կը գրէր Դաշնակցութեան հիմնադիր առաքեալներէն Քրիստափոր:
Այսօր եւս ճշմարտութիւններ են այդ խօսքերը եւ պէտք է դառնան առաջնորդող հայ ժողովուրդին, Հայաստանի մէջ ըլլայ ան, թէ ցրուած ի սփիւռս աշխարհի:
Այսօր, ՀՅ Դաշնակցութեան եօթանասունհինգամեակի այս հանդիսաւոր պահուն, մեր ողջոյնի խօսքը կ՛ուղղենք համայն հայ ժողովուրդին, ո՛ւր ալ որ գտնուի ան, ինչ յարանուանութեան եւ քաղաքական ինչ մտածողութեան ալ որ պատկանի ան: Կ՛ողջունենք իր մէջ տոկունը, մնայունը, վճռականը, զոհաբերողը, գաղափարականը, նուիրուածը, հայոց պատմութեան դարաւոր նկարագրին ու սրբութեանց:
Այսօր, Դաշնակցութեան եօթանասունհինգամեակի հանգրուանին, մենք մեր գլուխը կը խոնարհենք յիշատակին առջեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անթիւ ու անհամար, յայտնի եւ անյայտ նահատակներուն, իրենց մահուամբ սրբացածներուն, անմահ, առաքեալներուն, որոնք կերտեցին ՀՅ Դաշնակցութեան նկարագիրը, բարոյական դիմագիծը ու պողպատացուցին հայ ժողովուրդի կամքը:
Այսօր, ՀՅ Դաշնակցութեան կեանքի այս մէկ նոր հանգրուանին, մենք կ՛ողջունենք նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր մարմինները, բոլոր շարքերը իրենց անխոնջ աշխատանքին ու նուիրումին համար ու կը պահանջենք բոլորէն իրենց մտասեւեռումը դարձնել ծառայելը հայ ժողովուրդին, անոր արդար Դատին, արդար իտէալի իրականացման:
Կարենալ ծառայելու համար հայ ժողովուրդին` պէտք է մարմնաւորել անոր բարձր բարոյականը, բարձր գաղափարականութիւնը, ինչպէս մարմնաւորեցին եօթանասունհինգ տարի առաջ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրողները եւ անոնց հետեւորդները: Կը պահանջենք ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերներէն ու մարմիններէն տեւաբար, իբրեւ մտապատկեր, մտասեւեռում ունենալ Դաշնակցութեան անմահներուն կեանքն ու գործը եւ տեւաբար ձգտիլ հասնելու համար անոնց անանձնական նուիրումին:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:
Կեցցէ՛ Միացեալ, Ազատ, Անկախ Հայաստանը:
Կեցցէ՛ ՀՅ Դաշնակցութիւնը:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
18 հոկտեմբեր 1965