Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Հոկտեմբեր 1965)

Հոկտեմբեր 22, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատմութեան Դասը

(Հաճընի Հերոսամարտի 45-րդ Տարեդարձին Առթիւ)

Մեր ժողովուրդի վեց հարիւր տարուան ստրկական շրջանի մթասքող պատմութեան մէջ լուսաւոր կէտերէն մէկն է Հաճընի հերոսամարտը, որ մղուեցաւ քառասունհինգ տարի առաջ:

Ափ մը հայութիւն, կառչած իր հայրենի լեռներուն, առնական խիզախութեամբ ցցուեցաւ անհամեմատօրէն զօրաւոր թշնամի հորդաներու դէմ եւ որոշեց մեռնիլ իր ընտանեկան բոյներուն մէջ, քան` ձեռք առնել տարագրութեան անարգ ցուպը:

Ութ ամիս շարունակ, գիշեր-ցերեկ հայ մարտիկին համազարկը արձագանգեց Հաճնոյ լեռներուն վրայ եւ ձորերուն մէջ` թշնամին գամուած պահելով իր դիրքերուն վրայ եւ յաճախ կրնկակոխ նահանջի մատնելով զայն:

Ճիշդ է` ի վերջոյ ինկաւ Հաճընը: Բայց ինկաւ կռուելով եւ հերոսական գուպարներով: Ինկաւ` անմահութեան դափնին իր ճակտին:

Այսօր, քառասունհինգ տարի ետք, գուցէ գտնուին «իմաստուններ» եւ «ուշացած մարգարէ»-ներ, որոնք աւելորդ արկածախնդրութիւն նկատեն հայկական արծուեբոյնին այս խիզախ ելոյթը:

Սակայն այդպիսիները պէտք է գիտնան, թէ Հաճընի հերոսամարտը, եթէ նոյն իսկ զուրկ էր ազգային ընդհանրական նպատակէ ու կանխապէս դատապարտուած` արեան ճապաղիքներու մէջ խեղդուելու, ունեցաւ գերագոյն նպատակ մը, մեզի համար` նպատակներուն սրբազնագոյնը. կռուիլ` հայրենի հողին վրայ եւ մեռնիլ:

Խոստովանինք, որ դարերու ստրկութիւնը բթացուցած է մեր ժողովուրդի կռուելու ընդունակութիւնը: Իբրեւ ազգ ինքզինք պարտադրելու կարողութիւնը: Եւ վտանգներու պարագային, ան միշտ հակամէտ եղած է լքելու իր օճախն ու հայրենի հողը` բռնելու համար տարաշխարհի ճամբան: «Գնում է հայը…»: Ու գացած է զանգուածներով` դէպի օտար հորիզոններ, հոն մեռնելու եւ կորսուելու համար իբրեւ հաւաքականութիւն, իբրեւ ազգ:

Խոստովանինք նաեւ, որ վերջին եօթանասունհինգամեակի յեղափոխական շարժումներն էին միայն, որ կրցան մասամբ ցնցել պայքարի թմրած ջիղերն ու խթանել իբրեւ ազատ ազգ ապրելու հայուն կամքը:

Անխուսափելի բնաջնջումի եւ մահուան սպառնալիքին տակ գտնուող ժողովուրդի մը համար աննպատակ կռիւն անգամ նպատակ մըն է եւ իմաստութիւն, քան` թշնամիին գութին ապաւինելու կամ հայրենի հողը լքելու ու հեռանալու «խոհեմութիւնը»:

Ազգ եւ պետականութիւն կրնան կազմել միայն ա՛յն ժողովուրդները, որոնք գիտեն կռուիլ եւ զոհուիլ` ապրելու համար: Ընտանեկան օճախին եւ հայրենի՛ հողին համար: Ազատութեա՛ն համար: Պատուի եւ բարոյականի՛ համար:

Եւ հաճընցին ո՛չ միայն գիտցաւ մեռնիլ, այլեւ գիտցաւ մեռցնել: Մեռցնել` մեռցնողը, զարնել` զարնողը, հարուածել` հարուածողը: Ամփոփ, հաճընցին, առողջ բնազդով մը, ըմբռնեց փոխադարձութեան սկզբունքը, որ անսասան հիմնաքարը կը կազմէ ազատութեան եւ անկաշկանդ կեանքի տենչացող ժողովուրդի մը գոյութեան:

Դժբախտաբար, մեր ժողովուրդը, իր ամբողջութեան մէջ, շատ սուղ վճարեց տիրանալու համար, իբրեւ ազգ, ապրելու եւ պետականութիւն ստեղծելու գաղտնիքին: Միլիոնի մը արիւնը պէտք էր թափուէր, որպէսզի մնացորդացը թօթափէր դարերու թմբիրը եւ իրագործէր Սարդարապատ-Ղարաքիլիսաներու հրաշքը:

Ապահովաբար, այսօր մեր օրացոյցներուն վրայ արձանագրուած չէր ըլլար ապրիլեան սգատօնը, եթէ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը դառնար Վասպուրական մը, Շապին Գարահիսար մը, Եդեսիա մը կամ Հաճըն մը:

Ուշացած մարգարէութիւն մըն ալ այս` գուցէ:

Բայց եթէ ընդունինք, որ պատմութիւնը կրկնութիւն է, այդ պարագային պատմական դաս մը պէտք է նկատուի հերոսամարտը Հաճընի, ուր թեւածող ազատութեան ոգին ջլապնդեց բազուկները հայ տղամարդուն եւ մղեց զայն ճակատ առ ճակատ բախելու թշնամիին հետ:

Այդ հերոսամարտը մէկ արտայայտութիւնն էր մեր ժողովուրդի ազգային եւ քաղաքացիական գիտակցութեան զարթօնքին: Կը մնայ` ուշի ուշով սերտել անոր պատմութիւնը, վերլուծել մօտիկ անցեալի դէպքերը` պատմութեան լոյսին տակ, խորհրդածել իւրաքանչիւր դրուագի վրայ եւ յանգիլ որոշ եզրակացութիւններու:

Եզրակացութիւններ, որոնք կրնան ուղեցոյցներ ըլլալ մեզի` գալիք օրերուն համար:

Ազգային եւ քաղաքական հաւատամքի մը սպասարկու հայ երիտասարդութեան համար մեր հերոսամարտերու պատմութիւնը պէտք է ըլլայ Աւետարան մը, որուն իւրաքանչիւր էջին վրայ պէտք է կանգ առնէ երկարօրէն` հոնկէ քաղելու համար պատմութեան մեծ դասը, որ գրուած է մեր հերոսներու արիւնով:

Այլապէս իրենց նշանակութենէն շատ բան կը կորսնցնեն տարեդարձներու տօնակատարութիւնները, եթէ պիտի սարքուին միայն «յարգելու համար յիշատակը մեր անմոռաց նահատակներուն»:

Ա.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Սվեթլանա Ալեքսիեւիչ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?