Հայաստան
Ազգագրական Թանգարան
Պատմութեան թանգարանը Հայաստանի մշակութային կարեւոր օճախներէն մէկն է. իր հարուստ նիւթերով եւ լայն ցուցադրութեամբ ամէնէն մեծն է Հայաստանի մէջ:
Այժմ ազգագրական բաժինը ունի մօտ քսան հազար առարկայ. ամէնէն հինը նախշազարդ, հայերէն արձանագրութեամբ պղինձէ մեծ սկուտեղ մըն է` պատրաստուած` 1477-ին, ապա` շուրջառ մը, պատրաստուած` 1601-ին: Թանգարանին պղինձէ իրերը` սկուտեղներ, ափսէներ, թասեր, սափորներ, կաղամարներ եւ այլն պատրաստուած են ընդհանրապէս ԺԸ.-ԺԹ. դարերուն` Երեւանի, Էջմիածնի, Թոքատի, Էրզրումի, Վանի մէջ: Պղինձէ առարկաներուն վրայ սովորաբար փորագրուած են բուսական, յատկապէս նշաձեւ եւ տերեւաձեւ, կենդանական նախշեր, զարդարուած` երկրաչափական գծանախշերով: Պղինձէ իրերուն հարուստ հաւաքածոները ցոյց կու տան, որ այդ մետաղը շատ տարածուած էր Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ: Պղինձէ առարկաները աղջկան օժիտին անհրաժեշտ մասը կազմած են:
Ոսկերչութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ տարածուած հնագոյն արհեստներէն մէկն է: Հին դամբարաններու եւ բնակավայրերու մէջ գտնուած են ոսկիէ բարձրարուեստ առարկաներ: Ոսկերչութեան զարգացման համար Հայաստան ունէր մեծ հնարաւորութիւններ, քանի որ ունէր ոսկիի հանքեր: Այս արհեստը մեծ զարգացման հասաւ Թ. – Զ. դարերուն Ուրարտուի, յատկապէս Տոսպի (Վան) մէջ, իսկ միջնադարուն կատարելութեան հասաւ նախ Դուինի եւ Անիի` Թ. – ԺԳ. դարերուն, իսկ յետոյ` Էրզրումի եւ Վանի մէջ:
Թանգարանին մէջ ոսկիէ եւ արծաթէ իրերը ցոյց կու տան, որ ԺԸ. – Ի. դարերուն հայ ոսկերիչները, շարունակելով աշխատիլ հին եղանակներով եւ գործադրելով աւանդական զարդամոթիւները` ստեղծած են եւ դեռ կը շարունակեն ստեղծել սքանչելի գործեր:
Թանգարանը հարուստ է արհեստներու տարբեր տեսակներու գործիքներով եւ անոնցմով պատրաստուած իրերով: Հայաստանի մէջ հին դարերուն իսկ զարգացած էր կաւագործութիւնը: Զարգացած էին նաեւ զինագործութիւնը, դարբնութիւնը, ջուլհակութիւնը եւ ուրիշ բազմաթիւ արհեստներ: Թանգարանին մէջ ի պահ դրուած են զինագործի, ոսկերիչի, պղնձագործի, դարբինի, բրուտի, շալագործի, թամրագործի, ջուլհակի գործիքներ, կտաւ գործելու, գորգագործական հորեր: Պահուած են նաեւ արհեստակցական միութիւններու (համքարութիւններու) դրօշակներ, գրաւոր նիւթեր:
Ընդհանուր առմամբ, հայ ժողովուրդին տարազը երկու հատուածի կը բաժնուի, արեւելահայ եւ արեւմտահայ, բայց իւրաքանչիւր հատուածը ունի իր տարբեր ազգագրական շրջանները, հետեւաբար նաեւ` տարազի տարբեր ձեւեր:
Թանգարանին ունեցած հին զգեստներուն մէջ կան նաեւ նուրբ մետաքսէ գլխաշորեր եւ հաստ, ասեղնագործ չամբարներ, գուլպայ, տրեխ եւ այլն: Կարեւոր թիւ մը կը ներկայացնեն գորգերը, խուրջինները, անկողնակալները, ձիու թամբերու ծածկոցները: Գորգագործութիւնը, իր կարգին, հին պատմութիւն ունի: Միջին դարերուն մեծ հռչակ վայելած են Դուինի գորգերը: Հայկական ամէնէն հին գորգը (1202) ներկայիս կը գտնուի Վիեննայի մէջ: Ասեղնագործութեան եւ ժանեկագործութեան բաժիններուն մէջ կան բարձի, վերմակի երեսներ, ծածկոցներ (եկեղեցական եւ աշխարհիկ), սփռոցներ, անձեռոց սրբիչներ, գոգնոց, շալվար եւ այլն: Ասեղնագործութեան համար օգտագործուած են բուրդէ, մետաքսէ, բամպակէ գունաւոր թելեր, գոյնզգոյն ուլունքներ:
Փայտէ իրերու հաւաքածոն համեմատաբար փոքր է: Այսուհանդերձ, կան բաւական թիւով լուսամուտի ցանցեր, բազկաթոռներ, օրօրոցներ, սխտործեծիկներ, դգալ-շերեփներ, տուփեր եւ այլն, ինչպէս նաեւ երաժշտական գործիքներու տեսակներ` պատրաստուած կաղնիի, ընկուզենիի, ծիրանի եւ այլ տեսակի փայտերէ: Ասոնց մեծ մասը փորագրազարդ է, հայկ. ճարտարապետութեան յատուկ աշխարհիկ մոթիւներով:
Իր բազմազանութեամբ հարուստ է գիւղատնտեսական գործիքներու հաւաքածոն (գութան, թի, բրիչներ, մանգաղներ եւ այլն): Զուարթնոցի տաճարի պեղումներուն ժամանակ երեւան հանուած է խոփ մը, որ կը պատկանի Ժ. դարուն:
Ազգագրական ճիւղը կը հարստացնեն խեցեղէնն ու յախճապակիէ նուրբ անօթները: Ասոնց մէջ շատ հետաքրքրական են աղամանները` անասունի կամ մարդու կերպարանքներով: Ինչպէս ծանօթ է, աղամաններու ձեւերը աւելի հին շրջանին կապուած էին կենդանապաշտութեան հետ, իսկ վերջին դարաշրջաններուն նոր կերպարանք ստացած են ու նոր իմաստ: Ըստ ազգագրագէտ Վ. Բգոյեանի, հայկական մարդակերպ եւ կենդանակերպ աղամանները եղած են նախ կուռքեր, ապա Անահիտ մայրաստուածութեան արձաններ: Աղը պաշտամունքի առարկայ եղած է հինէն ի վեր, որով, նոյն հեղինակին կարծիքով, զետեղուած է կուռք-արձանիկներու մէջ: Աղամանները երբեմն կը պատկերացնեն մայրը իր զաւակներուն հետ, որովհետեւ աղամանը մօր խորհրդանշանն է, իսկ աղը` որդիածնութեան պաշտպան ոգին, այդ պատճառով ալ դարեր շարունակ նորածինին վրայ աղ ցանած են, որպէսզի երեխան առողջ մնայ:
Թանգարանը ունի նաեւ բազմաթիւ ազգագրական քարտէսներ, լուսանկարներ եւ այլն:
Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ