Ակնարկ
Մղձաւանջ

Պէյրութի շրջագայութեան պատասխանատուները սարսափով կը սպասեն հոկտեմբերի վերամուտին, երբ ամառնային երեք ամիսներու ընթացքին յաճախ լեռնային ճամբաներու վրայ երթեւեկող անձնական եւ հանրային ինքնաշարժները մէկ անգամէն քաղաք պիտի խուժեն` կատարեալ քաոս մը ստեղծելով կեդրոնի փողոցներուն մէջ:
Այս սարսափը մղձաւանջ դարձած է նաեւ ինքնաշարժ ունեցողներուն, որոնք այս տարի պիտի ստիպուին իրենց կառքերը անշարժացնել իրենց բնակարաններուն առջեւ, որովհետեւ ցերեկը գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ քանի մը մեթր տեղ գտնել փողոցներու մէջ:
Պատասխանատուները, որոնք ամէն միջոցի դիմեցին կարգ ու կանոն մտցնելու համար, հիմա անճրկած են եւ կը խոստովանին իրենց անզօրութիւնը: Երբ քաղաքապետ պարոն Էմիլ Եաննի կը յայտարարէ, թէ «Կարելի չէ մէկ լիթր ջուր պարունակելու կոչուած շիշի մը մէջ երկու լիթր ջուր լեցնել», շատ պատկերաւոր կերպով տուած կ՛ըլլայ այդ անզօրութեան չափը:
Անշուշտ ուրիշ երկիրներ եւս ունին շրջագայութեան խնդիր մը, բայց կրցած են զայն լուծել, գոնէ մասամբ, յարմար միջոցներու որդեգրումով: Մինչդեռ Պէյրութի մէջ խնդիրը հետզհետէ կը ծանրանայ եւ օրէ օր լուրջ համեմատութիւններու կը հասնի: Այս ընթացքով պիտի գայ օր մը, երբ որեւէ ինքնաշարժ պիտի չկրնայ տեղէն շարժիլ Պէյրութի փողոցներուն մէջ:
Ո՞վ է պատասխանատուն: Ոմանք կ՛առաջարկեն դիւրին միջոց մը. արգիլել նոր ինքնաշարժներու ներածումը: Առեւտրական հիմունք ունեցող երկրի մը համար, ուր կը կիրարկուի ազատական տնտեսութեան քաղաքականութիւն մը, նման միջոցառում անըմբռնելի է: Ուրիշներ կ՛առաջարկեն հին ինքնաշարժներու երթեւեկը արգիլել: Դարձեալ անըմբռնելի, որովհետեւ ի՞նչ պիտի ընէ հին ինքնաշարժ ունեցողը, որ այդպիսով մեծ կորուստ պիտի ունենայ նոր մը գնելով: Կան նաեւ զոյգի եւ անզոյգի դրութեան վերահաստատումը պահանջողներ: Այսինքն` վերադարձ պատերազմի շրջանին, երբ պենզինի տագնապը նման միջոցառում մը պարտադրած էր:
Շրջագայութեան խնդիրը արմատական լուծումի կը կարօտի: Կիսամիջոցներով կարելի չէ տեղ հասնիլ: Նախ հանրային իշխանութիւնները պէտք է յարգեն իրենց տուած որոշումները: Պէյրութի մէջ արգիլուած է առանց ստորերկրեայ յարկի տուն շինել, որպէսզի կարելի ըլլայ կառատունի վերածել զանոնք: Քաղաքապետութեան այս օրէնքը կը յարգուի, բայց այդ յարկերը կը վարձուին իբրեւ մթերանոց:
Քաղաքապետութիւնը նոր ճամբաներ բանալու որոշում կու տայ: Տարիներ ու ամիսներ տեւող աշխատանքներէ ետք ճամբան կը բացուի, բայց ասֆալթապատումի համար հարկ կ՛ըլլայ ամիսներ եւս սպասել (Քանթարիէն Թապարիս տանող Ֆուատ Շեհապ փողոցը իրողութեան պերճախօս ապացոյցն է):
Եթէ ասոր վրայ աւելցնենք նաեւ կարգապահութեան պակասը, որ լիբանանցիներու ընդհանուր գիծն է, կը ստացուի այն քաոսը, որ այսօրուան Պէյրութն է` իր յարաճուն բնակչութեամբ եւ օրէ օր ծանրացող կարիքներով:
Ա՜խ, Սա Թերթերը…
Առաջին Ընդհանուր պատերազմի ատեն դարբնուող սուտերէն նմուշ մըն է հետեւեալը, զոր գտանք անգլերէն հին պարբերաթերթի մը մէջ: Այս օրինակէն կը հասկցուի, թէ լուր մը թերթէ թերթ արտատպուելու ատեն ի՜նչ փուլերէ կ՛անցնի:
Լուրը առաջին անգամ լոյս տեսած է «Կազեթ տը Քոլոնեը»-ի մէջ, հետեւեալ ձեւով. «Երբ Անվերսի գրաւման լուրը տարածուեցաւ քաղաքիս մէջ (Քոլոնեը), բոլոր եկեղեցիներուն զանգակները ղօղանջեցին»:
«Մաթեն» (Փարիզ).- «Կազեթ տը Քոլոնեը»-ի համաձայն, Անվերսի եկեղեցականները, այդ քաղաքի անկումէն ետք, բոլոր եկեղեցիներուն զանգակները հնչեցուցած են:
«Թայմզ» (Լոնտոն).- «Մաթեն» Քոլոնեըէն կ՛իմանայ, որ Պելճիքայի եկեղեցականները, քաղաքը գերմաններուն կողմէ գրաւուելէ ետք, եկեղեցիներու զանգակները հնչեցնել մերժած ըլլալով` խիստ հետապնդումի ենթարկուած են:
«Քորիերէ Տելլա Սերա» (Հռոմ).- «Թայմզ» Քոլոնեըի ճամբով Փարիզէն կ՛իմանայ, թէ քաղաքի գրաւման առթիւ եկեղեցիներու զանգակները հնչեցնել մերժած դժբախտ եկեղեցականները ցկեանս թիապարտութեան դատապարտուած.
«Մաթեն» (Փարիզ).- «Քորիերէ Տելլա Սերա» Լոնտոնի ճամբով կ՛իմանայ, որ գրաւման բանակին դէմ ըմբոստացող պելճիքացի եկեղեցականները մահուան դատապարտուած են եւ իրենց ոտքերէն կախուած են զանգակատուններու կատարներէն` բարբարոս գերմաններուն կողմէ:
***
1815-ին, Նափոլէոն Էլպա կղզիի աքսորավայրէն փախած եւ Փարիզ երթալով, իշխանութիւնը ձեռք առած էր: Այդ փախուստին լուրը տուող հետեւեալ խորագրերը առնուած են «Մոնիթոր»-էն, որ այն ատեն կը հրատարակուէր Փարիզի մէջ:
Մարտ 9.- Հրէշը փախած է իր աքսորավայրէն:
Մարտ 10.- Քորսիքացի ճիւաղը Քափ Ժուանի մէջ ցամաք ելած է:
Մարտ 11.- Վագրը երեւցած է Քափի մէջ: Զինուորներ ամէն կողմէ կը յառաջանան կասեցնելու համար անոր յառաջխաղացումը: Իր թշուառ արկածախնդրութիւնը ան պիտի վերջացնէ լեռներուն մէջ թափառելով:
Մարտ 12.- Հրէշը ներկայիս յառաջացած է մինչեւ Կրընոպլ:
Մարտ 13.- Իր երեւոյթէն ամէն մարդ սարսափի մատնուած է:
Մարտ 18.- Յափշտակիչը աներես քաջութիւնը կ՛ունենայ 60 ժամուան ճամբայ քալելով` մօտենալու մայրաքաղաքին:
Մարտ 19.- Պոնափարթ կը յառաջանայ դժուարութեամբ: Անկարելի է, որ հասնի Փարիզ:
Մարտ 20.- Նափոլէոն վաղը կը հասնի քաղաքի պատերուն տակ:
Մարտ 21.- Նափոլէոն կայսրը Ֆոնթենըպլօ է:
Մարտ 22.- Նորին վեհափառութիւն կայսրը երէկ ըրաւ իր փառաւոր մուտքը եւ հասաւ Թիւյըլիի պալատը: Ոչինչ կրնայ գերազանցել տիեզերական ուրախութիւնը: