Հայ Ծնողներուն
Դպրոցական Վերամուտ
Մերձաւոր Արեւելքի թէեւ փոքր, բայց ամէնէն գեղեցիկ ու յառաջադէմ երկիրը` Լիբանան, իր համբաւաւոր համալսարաններով, բազմաթիւ երկրորդական վարժարաններով եւ բազմահարիւր նախակրթարաններով նախանձելի դիրք մը կը գրաւէ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ:
Հակառակ անոր որ ուսումը պարտադիր չէ Լիբանանի մէջ, լիբանանցին ուսումնատենչ ու ընթերցասէր ժողովուրդ է:
Դպրոցական տարեմուտին լայնօրէն կը բացուին դուռերը դպրոցներուն` մանկապարտէզ, նախակրթարան, քոլեճ ու համալսարան, արձանագրելու եւ ընդունելու համար իրենց հին ու նոր աշակերտները:
Արտակարգ եռուզեռ մը կը սկսի դպրոցներու եւ գրախանութներու մէջ:
Մեծ հաճոյք է դիտել խիտ շարքերը աշակերտ-աշակերտուհիներու, որոնք իրենց ծնողներուն հետ կամ առանձինն կու գան արձանագրուելու կամ գիրք ու գրենական պիտոյքներ գնելու գրախանութներէն:
Սակայն երկար չի տեւեր այս եռուզեռը: Քանի մը շաբաթ միայն: Խճողումները տակաւ կը կանոնաւորուին, եւ ուսանողները շնորհալի տեսք կը ստանան իրենց դպրոցական տարազներով, երբ բոլոր դպրոցները, նոր եռանդով, առանց կաշկանդումի, ուսումնական լայն ազատութեամբ կը սկսին իրենց կանոնաւոր դասաւանդութիւնները:
* * *
Վերամուտ է նաեւ լիբանանահայ ազգային, յարանուանական եւ բոլոր հոսանքներուն պատկանող 64 կրթական հաստատութիւններու համար, մանկապարտէզէն մինչեւ բարձրագոյն վարժարան:
Ուսումնատենչ լիբանանահայութեան տասնեակ հազարաւոր զաւակները, այս տարի եւս, Լիբանանի ազատ երկնակամարին տակ, լոյսի ու գիտութեան ազգային մեր հաստատութիւններուն մէջ պիտի դաստիարակուին եւ պիտի բանան իրենց հոգիին ու մտքին հորիզոնները:
Վերջին քանի մը տարիներուն, մեր բոլոր վարժարաններու հոգատար մարմինները ոչ մէկ ջանք խնայեցին, որպէսզի մեր վարժարանները ետ չմնան Լիբանանի օտար կրթական հաստատութիւններէն:
Յատկապէս լիբանանահայ Ազգային իշխանութեանց մտահոգութեան գլխաւոր առարկան դարձաւ կրթական գործը, որպէսզի մեր ազգային վարժարանները լաւագոյն պայմաններու մէջ ծառայեն իրենց սրբազան առաքելութեան:
Շնորհիւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նպաստներուն եւ ազնուասիրտ նուիրատուներու` ունեցանք արդիական պայմանները լրացնող գեղակերտ շէնքեր:
Մեր դպրոցներուն մէջ դասերը կ՛աւանդուին պետական ու պաշտօնական ծրագրով: Օտար վարժարաններու մակարդակով կը դասաւանդուին արաբերէնն ու անգլերէնը: Կարգ մը դպրոցներու մէջ` նաեւ ֆրանսերէնը:
Մեր դպրոցներուն մակարդակին մասին վկայող լաւագոյն փաստը արձանագրուած այն փայլուն յաջողութիւնները եղան, որ մեր աշակերտները ձեռք բերին անցեալ տարեշրջանին` պետական քննութեանց մէջ: Թերթերը օրերով արձագանգ հանդիսացան այս յաջողութիւններուն:
Տակաւի՛ն. մեր դպրոցները, հայեցի, քրիստոնէական եւ ազգայնաշունչ դաստիարակութեամբ, բարոյական անմրցելի կեցուածքով ու բծախնդրութեամբ անբաղդատելի են:
Աւելի՛ն. իր կոչումին գիտակից, բարոյական սկզբունքներու տէր հայ ուսուցիչը պարզ պաշտօնեայ չէ՛ մեր դպրոցներուն մէջ: Իր ամբողջ հոգիով նուիրուած է մեր ապագայ յոյսին` նոր սերունդի դաստիարակութեան:
Լիբանանահայ 64 կրթական հաստատութիւնները այս տարի եւս, ուսումնական ու դաստիարակչական յաջող տարի մը բոլորելու խոր հաւատքով, բացած են իրենց դռները եւ շուտով պիտի սկսին կանոնաւոր աշխատանքներուն:
Մեր ծնողները այլեւս պատճառ չունին դժգոհելու: Մեր ազգային գոյատեւման նախանձախնդիր ամէն ծնող, իր զաւկին իմացական կարողութեան զարգացման հետ, անոր հոգեկան դաստիարակութեան, նկարագրի կերտումին բծախնդիր պահանջով, անվարան առաջնորդելու է իր զաւակը դէպի հա՛յ կրթարան:
Ոչ մէկ իմաստ ունի զաւակը ուղարկել օտար վարժարան:
Նիւթապէս բարեկեցիկ դարձած մեր ծնողները պէտք է վճարեն նաեւ դիւրութեամբ, ինչպէս կը վճարեն օտար վարժարաններուն: Արդէն իսկ կրթանպաստ միութիւններ ու հայրենակցականներ կը հասնին դժուարութիւն ունեցողներուն:
Մեր ծնողները այլեւս ոչ մէկ զոհողութիւն խնայելու են դիւրացնելու եւ օգտակար ըլլալու համար ամէն գուրգուրանքի առարկայ, ազատ պայմաններու մէջ հայապահպանման ծառայող մեր կրթական հաստատութիւններուն:
Վստահ ենք, առաւել եւս այս տարեշրջանին, թէ մեր կրթական հաստատութիւններուն մէջ ամէնօրեայ ճիգ ու յարատեւ աշխատանք պիտի կատարուի թէ՛ վարիչ մարմիններու, թէ՛ տնօրէնութեանց եւ թէ՛ ուսուցչական կազմերու զոհողութիւններով, եւ մեր ծնողները եւս պիտի գիտնան արժեցնել իրենց կոչումը` ուղարկելով իրենց զաւակը հա՛յ վարժարան:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Ամերիկայի Մէջ Բացուեցաւ
Ապագայի Վարժարանը
Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ ապագայի վարժարանը: Ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր կրթութիւնը մեծ ու փոքր երկիրներու կառավարութեանց թիւ մէկ խնդիրն է, ամերիկացիք սկսան փորձի մը, որ եթէ յաջողի, Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլորովին պիտի փոխուի կրթական դրութիւնը:
Ֆլորիտայի մէջ հաստատեցին վարժարան մը, որ թէեւ կանոնաւոր կերպով կը գործէ, բայց դեռ շատ կանուխ է անոր մասին կարծիք յայտնելու համար:
Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այս վարժարանի նորութիւնը: Նախ եւ առաջ` այն իրողութեան մէջ, որ ամբողջական կրթութիւն պիտի տայ: Մանուկը պիտի առնէ նախադպրոցական տարիքէն` երեք տարեկանէն եւ ժամանակակից կրթական բոլոր միջոցները պիտի տրամադրէ անոր: Պիտի ապահովէ ուսման շարունակականութիւնը եւ ամէն կարելիութիւն պիտի ընծայէ անոր` իր տաղանդն ու կարողութիւնները զարգացնելու համար: Եթէ վարժարանը աւարտէ, խոհեմ մարդ պիտի ըլլայ, վկայականով ու սիստեմաթիկ կատարեալ կրթութեամբ: Պէտք պիտի չունենայ ուրիշ վարժարաններու մէջ ուսանելու` իր կրթութիւնը ամբողջացնելու համար:
Այս վարժարանը քանի մը օր առաջ սկսաւ գործել Ֆլորիտայի Ֆորթ Լոնտրտէյլի մէջ: Շէնքերը գերարդիական են: Կան բազմաթիւ գրադարաններ, սրահներ, ուր տղաքը կրնան երաժշտութիւն մտիկ ընել կամ շարժապատկեր դիտել: Մարմնամարզի հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն չկայ:
Վարժարանի ներկայացուցիչը յայտարարեց. «Հոս մէկ վարդապետութիւն ի զօրու է: Ուսուցիչները կ՛ուսուցանեն եւ ուսանողները կը սորվին: «Նովա» կոչուող մեր վարժարանին նպատակն է պատրաստել իրական գիտնականներ, որոնք կը սիրեն իրենց գործը եւ կարենան կատարել իրենց պարտականութիւնը: Վստահելի վարժարաններէն մէկն է մեր վարժարանը: Ամէն մեծ ընկերութիւն, ձեռնարկ կամ կազմակերպութիւն պիտի գիտնայ, թէ միայն մեր վարժարանին կողմէ գիտականօրէն ու մեթոտիկ կերպով պատրաստուած պիտի ըլլան իր փնտռած ուժերը: Եւ անհրաժեշտ է, որ գոյութիւն ունենան այս տեսակ ոչ թէ մէկ, այլ բազմաթիւ վարժարաններ, որ «ուղեղներ» ապահովեն ճարտարարուեստական եւ արհեստագիտական լրիւ զարգացման մէջ գտնուող ամէն երկրի:
Աշակերտին ամբողջական կրթութիւն ապահովող վարժարան մը հիմնելու գաղափարը յղացաւ համալսարանի նախագահը` տոքթ. Ուորրըն Ուինսթետ:
Այս ուղղութեամբ սկսաւ աշխատիլ 1939-ին, բայց պէտք եղաւ, որ շատ ճիգ թափէ եւ շատ մը խոչընդոտներ յաղթահարէ, որովհետեւ այս վարժարանին հիմնադրութիւնը անպայման վերիվայրում առաջացնէր Միացեալ Նահանգներու կրթական սիստեմին մէջ:
Բայց նաեւ` անոր համար, որ մեծ գումարներ պէտք պիտի ըլլային` զայն արդիական անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով օժտուած մասնաւոր շէնքերու մէջ հաստատելու համար:
Կրթութեան ու դաստիարակութեան հարցերու մասնագէտները իւրացուցին այս դրութիւնը, որովհետեւ միայն այս ձեւով կարելի պիտի ըլլար իրական գիտնականներ պատրաստել: Բայց վախցան, որ հաւանաբար տղաքը ձանձրացնէ տարիներով միշտ նոյն վայրին մէջ, մնալու միօրինակութիւնը:
Մինչեւ հիմա նման բան մը չնկատուեցաւ ճիշդ անոր համար, որ տղաքը կ՛ապրին զարգացումի եւ ուսուցումի աշխարհի մը մէջ եւ ապագայի մասին ունին ընդհանուր հեռանկար մը: Գիտեն, թէ ո՛ւր պիտի հասնին եւ ի՛նչ փուլերէ պիտի անցնին: Վաղուան համար ոչ մէկ մտահոգութիւն ունին: Մանաւանդ գիտեն, որ երբ վարժարանը աւարտեն, գոհացուցիչ թոշակով գործ պիտի գտնեն իրենց ապրուստի հարցը լուծելու համար:
Թարգմ. ՎԷՆ