Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Հոկտեմբեր 1965)

Հոկտեմբեր 14, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքեան Թերթ Մը Կը Ձաղկէ
Համայնավարներու Գործած Ոճիրները

 «Անոնք Զազրելի Արարքներու Մէջ Գտնուեցան
Ամէն Տեղ», Կը Գրէ «Սաութ Արապ»

Իրաքեան գլխաւոր թերթերէն մէկը` «Սաութ Արապ» կը համեմատէ Ինտոնեզիոյ մէջ համայնավարներուն կատարած վայրագութիւնները Իրաքի մէջ կատարուածին հետ, Քասըմի իշխանութեան ժամանակ:

«Համայնավարները նոյնն են, ո՛ւր որ ալ ըլլան եւ ի՛նչ ժամանակի մէջ ալ գործեն», կը գրէ «Սաութ Արապ»:

Օրաթերթը Ինտոնեզիոյ սպանութիւնները կը համեմատէ 1959-ին համայնավարներուն կողմէ կազմակերպուած Մուսուլի եւ Քերքուքի վայրագութիւններուն հետ:

«Ինտոնեզիոյ սեպտեմբեր 30-ի դէպքերը սարսափելի ոճիրներու եւ սպանութիւններու: Այնպիսի սարսափելի ոճիրներու, որոնք կրնան գործուիլ միայն այնպիսի մարդոց կողմէ, որոնց սիրտը քարի նման կարծրացած է»:

«Սեպտեմբեր 30-ի ոճրագործները սպաննեցին ծերեր, կիներ եւ երեխաներ…

«Ժողովուրդը ամէն տեղ սկսաւ հետաքրքրուիլ ոճրագործներուն ինքնութեամբ: Այնպէս դուրս եկաւ, որ անոնք համայնավարներ էին եւ կը գործէին «ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ խաղաղ գոյակցութիւն» անուններուն տակ…

«Ամէն մարդ կը յիշէ, թէ ի՛նչ վայրագութիւններ գործեցին այս գազանները մեր սիրելի երկրին մէջ…

«Նման ոճիրներ պատմութիւնը տակաւին չէր արձանագրած: Մուսուլի եւ Քերքուքի հերոսական քաղաքներուն մէջ պատահեցան սպանութիւններ, մարմիններու քաշուըրտուք, խաչելութիւններ, ելեկտրական ցիցերու վրայ սպանութիւններ, հրկիզումներ, քանդումներ եւ փճացումներ: Ոչ մէկ խնայում կատարուեցաւ: Սպաննուեցան երեխաներ, մանուկներ, ծերեր, հիւանդներ: Ամբողջ ընտանիքներ ջնջուեցան: Քերքուքի եւ Մուսուլի կանաչ դաշտերը կարմիր արեամբ ներկուեցան:

«Նոյն բանը անոնք կատարեցին հնդկական խաղաղ Քերալա նահանգին մէջ: Պուլկարիոյ մէջ 1944-ին համայնավարները սպաննեցին հազարաւորներ:

«Նոյն բանը պատահեցաւ նաեւ Քուպայի եւ բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր կրցան տարածել իրենց թաթը:

«Այսօր դարձեալ կը տեսնենք զանոնք Ինտոնեզիոյ մէջ. այն երկրին, որ ապստամբելու վրայ է ընդդէմ կայսերապաշտութեան, աղքատութեան եւ յետամնացութեան: Անոնք գործեցին այս զազրելի արարքը եւ սպաննեցին հերոսական հինգ զօրավար, որոնք ժամանակին գործած էին նախագահ Սոքարնոյի կողքին` երկրի անկախութիւնը ձեռքձգելու համար: Անոնք սպաննած են պաշտպանութեան նախարար զօրավար Նազուսիոնի հինգ տարեկան աղջնակը, ինչպէս նաեւ` զօրավարի մը կինն ու հինգ երեխաները:

«Եթէ չըլլար Աստուծոյ օգնութիւնը, այս վայրենիները Ինտոնեզիան աւերակի պիտի վերածէին:

«Այժմ, երբ շարժումը ձախողած է, քաղցկեղը իր արմատէն պէտք է ջնջուի, եւ Ինտոնեզիոյ ժողովուրդը պէտք է մաքրուի եւ կարենայ գործել ի շահ հայրենիքի եւ մարդկութեան»:

 

Հոկտեմբերը Անձրեւի Ամիս
Պէյրութի Համար

Այս տարի հոկտեմբերը կ՛երեւի անձրեւներու ամիս պիտի ըլլայ: Երեքշաբթի գիշերուան եւ երէկ առտուան անձրեւները ողողեցին մայրաքաղաքը:

Կարգ մը վայրերու մէջ ջուրը հասաւ կէս մեթր բարձրութեան մէջ, յատկապէս` նաւահանգիստի փողոցին, Ավընիւ տէ Ֆրանսէ, Զէյթունէի եւ Նահրի պողոտային վրայ: Բազմաթիւ ինքնաշարժներ խանգարուեցան եւ խճողում յառաջ եկաւ: Ընկոյզի մեծութեամբ կարկուտ տեղաց Ռաս Պէյրութի մէջ, 33.9 միլլիմեթր անձրեւ տեղաց երեքշաբթի գիշեր, ինչ որ 95,5 միլլիմեթր կը բարձրացնէ սեպտեմբեր 1-էն ի վեր տեղացած անձրեւին քանակը: Անցեալ տարի, նոյն շրջանին միայն, 2-1 միլլիմեթր տեղացած էր: Միջինն է 17,1 միլլիմեթր:

Այսօրուան համար օդաչափը կը նախատեսէ անկայուն օդ` փոթորիկի կարելիութիւններով:

 

Վասն Հայ Գրականութեան

Նոր սահմաններ…

Այս ընդարձակ խօսքով սկսաւ իր քաղաքական ասպարէզը գաղափարականօրէն յանդուգն ամերիկացի մը, եղերաբախտ Ճոն Ֆիթճերըլտ Քենետին: Ամերիկացիի մը մտաւորական տրամադրութեան արժանավայել յանդգնութիւն մըն էր ասիկա: Եւ երկիր մը կ՛ապրի եւ կը հզօրանայ համաշխարհային բեմին վրայ նման յանդուգն արտայայտութիւններով, այլ մանաւանդ այդ արտայայտութեանց կենսագործումով:

Մենք ալ փոքր ազգ չենք: Մեծ ենք: Մե՛ծ` մանաւանդ մեր մեծ իտէալներով, մեծ հորիզոններով, մեծ յոյսերով: Փոքր չենք երբեք, քանի որ մեծ խօսքեր ըսած ենք եւ` մեծ գործեր կատարած: Պէտք է մեծ երազի ու մեծ նուիրումներու մեր աւանդութիւնը շարունակենք: Պէտք է զայն շարունակեն մանաւանդ գիրի ու գրականութեան մեր մշակները, իրական ու գաղափարական ի՛նչ կայքի վրայ ալ որ ըլլան:

Բացառիկ տարեթիւի մը մէջ ենք, ատենն է հիմա, Հայաստանի թէ արտահայաստանի գրողներուն համար, մտածելու գրական ու արուեստի նոր սահմաններու մասին: Մեր մեծագոյն Եղեռնի յիսնամեակը եւ այդ առիթով կատարուած չտեսնուած տօնախմբութիւնները, երկրին մէջ թէ երկրէն դուրս, հայ գրողը պէտք է մղեն ինքզինք նկատելու մեր պատմութեան ու գոյութեան համար բացառիկ անկիւնադարձի մը առջեւ:

Հայ միտքը, գրական եւ արուեստի մարզին մէջ, պէտք է լրջօրէն պատրաստէ ինքզինք նոր հորիզոնի, նոր սահմաններու, նոր յանդգնութեանց: Տեղ մը, գոնէ տեղ մը հարկ է, որ լռելեայն համաձայնութիւն մը գոյանայ միասնակա՛ն ապրում մը ունենալու, միասնական խռո՛վք մը, կամք մը:

Այդ կամքը պէտք է որ գրականութեան համար թարմութեան եւ նոր որոնումներու կամք մը ըլլայ: Նոր փայլի, նոր խորութեան եւ նոր բովանդակութիւններու խռովք մը: Արդիական արտայայտութեան կերպերու եզակի ճիգ մը:

Հիւլէական քաղաքակրթութեան մը առջեւ անընդունելի հնութիւն մը եւ գրականօրէն ապուշութիւն պիտի ըլլար Հայաստանի թէ արտասահմանի գրողին համար մնալ անզգայ, թեթեւ, ծոյլ:

«Բագին» ամսագիրը, որ այսօր արդարօրէն համահայկական գրական բարձր վարկի մը տիրացած է, անհրաժեշտ է որ կեդրոնը դառնայ գրական նոր սահմաններու որոնումին: Պէտք է անոր շուրջ համախմբուին սփիւռքի գրականութեան բոլոր ուժերը, հին թէ նոր: Անիմաստ է ցրուիլը, մանաւանդ` մտաւորականօրէն մեկուսանալը, հին դափնիներու վրայ հիւծիլ-մեռնիլը: Հայ գրողը, Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, պէտք է մտածէ ամբողջ հայութեան ուղղել իր խօսքը եւ ոչ թէ ֆրանսահայ թեմի մը կամ ենթաթեմի մը, արժանթինահայ թեմի մը կամ ենթաթեմի մը, պարսկահայ թեմի մը եւ ենթաթեմի մը: Ամօթ է այսինչ թաղը կամ այսինչ կուսակցութիւնն ու յարանուանութիւնը ունենալ միայն իրեն ունկնդիր: Որքան փոքրութիւն կայ նման ապրումի մը մէջ, որքա՜ն չքաւորութիւն, որքա՜ն սնանկութիւն:

Գալով գրական Հայաստանին` ան եւս պէտք է շարժի: Բաւ ու բարձր չհամարէ շարունակ հայ ժողովուրդին համար գրական միօրինակ սիրունութիւններն ու դիւրին աշուղականութիւնը:

ԵԴ. ՊՈՅԱՃԵԱՆ

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Օդանաւային Ռմբակոծումներ` Արեւմտեան Պէյրութի Եւ Պեքաայի Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?