Խորէն Ա.-ի Կոնդակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան Կանոնագրութեան Մասին
Խորէն ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի եւ անհասանելի կամօքն Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ ազգիս եպիսկոպոսպետ եւ կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմակալ առաջնորդաց, արքեպիսկոպոսաց եւ եպիսկոպոսաց, վարդապետաց եւ քահանայից, ազգային ընդհանուր ժողովոյ եւ կեդրոնական վարչութեան, երեսփոխանական, պատգամաւորական, գաւառական եւ թեմական ժողովոյ եւ համօրէն հաւատացեալ հարազատից Հայաստանեայցս եկեղեցւոյ. քրիստոսաւանդ սիրոյ եւ հայրապետական ողջոյն ի մէնջ եւ օրհնութիւն յաջոյ սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին, խաղաղութիւն Հօր Աստուծոյ, սէր Որդւոյ Միածնի եւ շնորհք Հոգւոյն Սրբոյ եղիցին ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ. ամէն:
Քրիստոնէական սուրբ եկեղեցին, որ հաւատացեալներու միութիւնն է ի Քրիստոս Յիսուս, կ՛ապրի իր կեանքը եւ կ՛իրագործէ իր առաքելութիւնը կարգի, կանոնի եւ օրէնքի սկզբունքներով եւ յատկանիշներով:
Հայաստանեայց սուրբ եկեղեցին, իր անցեալի կեանքին մէջ միշտ բարձր պահած է կարգի եւ օրէնքի արժէքը: Մեր ժողովուրդի մտքին մէջ հիմնական տեղ գրաւած է օրէնքով գործելու, օրէնքին հնազանդելու եւ օրէնք ու կարգ-կանոն յարգելու ոգին: Մեր եկեղեցական պատմութեան էջերը լուսազարդուած են բազմերախտ հայրապետներու հաստատած կանոններով, սահմանած օրէնքներով եւ բանաձեւած սկզբունքներով, «Վասն շինութեան եւ բարեկարգութեան սրբոյ եկեղեցւոյ»: Օրէնքի եւ կարգ ու կանոնի բծախնդիր եւ արդար գործադրութեամբ միշտ չքացած են անկարգութիւններն ու կամայականութիւնները եւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ստացած է նոր թափ եւ ներդաշնակ ընթացք:
Կանոնագրութիւնը, հայ կեանքէն ներս, կը ճշդէ հիմքերը եկեղեցականութեան եւ ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցչութեան գործակցութեան:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Սուրբ Աթոռը Անթիլիասի գեղածիծաղ այս ափերուն վրայ հաստատուելէ ետք, հաւատարիմ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ժողովրդավարական նկարագրին, առաջնորդուեցաւ 1863-էն ի վեր որպէս օրէնք ճանչցուած եւ գործադրութեան դրուած Ազգային սահմանադրութեան ոգիով եւ հիմնական սկզբունքներով, որոնք հետագային հիմք ծառայեցին 1941-ին մշակուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան:
Շուրջ քսան եւ հինգ տարիներու գործադրութեան եւ փորձարկութեան շրջանէ մը ետք, Ազգային ընդհանուր ժողովը, Մեր նախագահութեան ներքեւ, 1965 յունիս 2-5 իր նստաշրջանին մէջ յօդուած առ յօդուած քննեց եւ վերամշակեց 1941-ի կանոնագրութիւնը` սփիւռքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին յառաջ բերած նոր կացութիւններու եւ պայմաններու լոյսին տակ:
Այսու մեր հայրապետական կոնդակաւ կը վաւերացնենք Ազգային ընդհանուր ժողովոյ կողմէ վերամշակուած եւ քառասուն յօդուածներէ բաղկացեալ ներկայ կանոնագրութիւնը, եւ զայն կը հռչակենք ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՈՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ու կը հրահանգենք անոր անթերի գործադրութիւնը:
Սիրելի եւ հաւատացեալ ժողովուրդ հայոց,
Քաջատեղեակ էք բոլորդ անխտիր, թէ Մեր ազգային-եկեղեցական գործունէութեան ամբողջ տեւողութեան, միշտ ջանադիր եւ ջատագով եղած ենք օրէնքի, կարգի եւ կանոնի անխախտ պահպանման, առողջ հասկացողութեան եւ լիակատար գործադրութեան: Գիտակից եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը ամէնէն վաւերական եւ ամէնէն գեղեցիկ յատկանիշներէն մէկն է օրէնքի գիտակցութիւնն ու յարգանքը: Մեծ են այն ժողովուրդները, որոնք օրէնք յարգել գիտեն եւ օրէնքով կը վարեն իրենց համայնական կեանքը: Ուր օրէնք կայ, հոն կը տիրեն կարգապահութիւն, ներդաշնակութիւն եւ յառաջդիմութիւն. ուր օրէնքը կը բացակայի, հոն կը յառաջանան անիշխանութիւն եւ քաոս, եւ կը խափանուի ընկերութեան բարօրութիւնն ու զարգացումը: Անհատական քմահաճոյքներէ եւ խմբակցական նեղ հաշիւներէ ու շահերէ վեր պէտք է ճանչնալ օրէնքը եւ գիտնալ հպատակիլ անոր:
Մեր խոր համոզումն է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութիւնը առաւել եւս պիտի ամրացնէ եւ սերտացնէ մեր ժողովուրդին սիրոյ եւ նուիրումի կապերը Ս. Աթոռիս հետ եւ պիտի հանդիսանայ մղիչ նոր ոյժ մեր հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ կրթական կեանքին ու գործին մէջ: Արդարեւ, որքան առողջ եւ զօրաւոր ըլլայ սիրտը, այնքան առողջ եւ տոկուն կ՛ըլլան մարմնոյն անդամները. այնպէս ալ, որքան կազմակերպուած, զօրացած եւ բարգաւաճ ըլլայ կեդրոնը` Ս. Աթոռը Անթիլիասի մէջ, այնքան շէն ու բարեկարգ կ՛ըլլան մեր թեմերը:
Ի խորոց սրտի մեր մաղթանքն է, որ Ս. Աթոռոյս կանոնագրութեան գործադրութեամբ, խորանայ եւ ընդհանրանայ օրէնքի եւ կարգի ու կանոնի գիտակցութիւնը եւ իշխանութեան յարգանքի առաքինութիւնը մեր հաւատացեալ ժողովուրդի սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Կ՛աղօթենք, որ Զօրագլուխն Հաւատոյ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս, անփորձ եւ անխռով պահէ ու պահպանէ Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցին, անոր նուիրապետական Ս. Աթոռները եւ բարեպաշտ հայ ժողովուրդը ի խնամս մարդասիրութեան Իւրոյ:
Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Տեառնէ եւ ի Մէնջ. Ամէն:
ԽՈՐԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Տուաւ Կոնդակս ի Կաթողիկոսարանիս
Որ յԱնթիլիաս – Լիբանան
Ի Դուռն Մայր Տաճարիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի
Ի 12ն Սեպտեմբերի 1965 Թուին Քրիստոսի
Ի Տօնին Վերացման Սրբոյ Խաչին
Ի Թուին Հայոց ՌՆԺԴ եւ
Ընդ համարաւ Վ/ԺԸ