Ճատրակի Աշխարհէն
Տիգրան Պետրոսեան
Աշխարհի Ախոյեան
Պելճիքացի ճատրակի մեծ վարպետ Օ՛Քելլի 1964-ին հրատարակած է «Տիգրան Պետրոսեան` աշխարհի ախոյեան» խորագրով 145 էջերէ բաղկացած գիրք մը:
Տիգրան Պետրոսեան ծնած է Թիֆլիս, հայ ծնողքէ, 17 յունիս 1929-ին: Փոքր տարիքին աչքի զարկաւ իր ուշիմութեամբ: Ան 16 տարեկանին կը շահի Վրաստանի ճատրակի ախոյեանութիւնը:
1946-ին կը փոխադրուի Երեւան, ուր պարտութեան կը մատնէ ճատրակի վարպետ Գասպարեանը (հոս պելճիքացի հեղինակը կ՛ըսէ նաեւ. «Երեւանը նոյնքան պատմական հին քաղաք մըն է, որքան Հռոմը, հիմնուած` 670-ին, (Ն. Ք.)):
Հայաստանի ճատրակի ախոյեանը` Տիգրան, որ կը կոչուի նաեւ «Ճատրակի վագրը», 1947-ին կը մասնակցի Խ. Միութեան ախոյեանական մրցումներուն: Թէեւ սկիզբները կը ձախողի, բայց հետագային (1950) կը ստանայ «Ճատրակի մեծ վարպետ» տիտղոսը: Այսպիսով, Պետրոսեան կը հաստատուի Մոսկուա` հնարաւորութիւն ունենալով շարունակ խաղալու միջազգային անունի տիրացած ճատրակի մեծ վարպետներուն հետ:
Պելճիքացի Օ՛Քելլի կը վերլուծէ աշխարհի ախոյեանին խաղարկութեան ոճն ու ռազմավարութիւնը` երեսուն կարեւոր խաղերու հիման վրայ: Հեղինակը կու տայ քանի մը մանրավէպեր` մատնանշելով յատկապէս Պետրոսեանի հայազգի ծագումը:
Այսպէս, 1951-ին, Խ. Միութեան ախոյեանութեան շրջանին, Պետրոսեան կորսնցուց առաջին երկու խաղերը: Հեռաձայնով զինք ուզեցին: Անծանօթ ձայն մը հայերէնով ըսաւ. «Ձեզի ո՞վ իրաւունք տուաւ պարտուելու»: Պետրոսեան շատ ազդուեցաւ եւ որոշեց այլեւս յուսախաբ չընել իր հայրենակիցները: Երկար պայքարներէ ետք, երկրորդ հանդիսացաւ ախոյեանութեան պայքարին մէջ: Անշուշտ որոշումը արժէք պտի չունենար, եթէ Տիգրանին պակսէր տաղանդը:
1954-ին խորհրդային ճատրակի խումբը շրջապտոյտի մէջ էր Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Հարաւային Ամերիկա: Տիգրան Պետրոսեան մաս կը կազմէր այդ խումբին: Օդանաւը, որ Նիւ Եորքէն Պուէնոս Այրես կը մեկնէր, քանի մը ժամուան համար էջք պիտի կատարէր Մոնթեվիտիոյի օդակայանը: Որքան մեծ եղաւ ճամբորդներուն զարմանքը, երբ հարիւրաւոր հայեր «Պետրոսեա՛ն, Պետրոսեա՛ն» կը պոռային օդանաւին շուրջ: Մոնթեվիտիոյի հայ գաղութն էր, որ եկած էր դիմաւորելու իր հայրենակիցը: Պետրոսեան շատ ազդուեցաւ այս անակնկալ եւ հայրենասիրական արտայայտութիւններէն եւ խոստացաւ Արժանթինէն վերադարձին երկու օր անոնց հետ անցընել:
Պուէնոս Այրեսի հայերուն ընդունելութիւնը եղաւ նոյնպէս շատ խանդավառ: Երբ հայ մը կասկածեցաւ Պետրոսեանի մայրենի լեզուի մասին, անմիջապէս հայերէն նախադասութիւններ գրեց եւ յայտարարեց, թէ ճատրակի սկզբնական ուսումը առած է հայերէն գիրքերէ:
Քանի մը օր ետք, ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Մոնթեվիտիոյի մէջ Պետրոսեան հայերէն երգեր երգեց ընդունելութեան մը ընթացքին:
Տիգրան Պետրոսեան երկու անգամ շահած է Խ. Միութեան ախոյեանութիւնը (1959 եւ 1961) եւ առաջին հանդիսացած միջազգային ճատրակի մրցաշարքերուն: Ան աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը ստացաւ Մոսկուայի մէջ, 1963 մայիս 22-ին, պարտութեան մատնելով ռուս Պոթվինիքը, երկու ամսուան պայքարէ ետք:
Շատ խանդավառ ընդունելութեան արժանացաւ յաղթանակէն ետք, երբ Պետրոսեան Երեւան հրաւիրուեցաւ: Հայաստանի մայրաքաղաքին ամբողջ բնակչութիւնը «պատերազմը շահող աշխարհակալ»-ի մը պէս ընդունեց զինք: Նախապէս Պետրոսեանի նկարները հազարներով ծախուած էին Երեւանի մէջ, կարծէք` շարժանկարի նշանաւոր աստղերէն մէկը եղած ըլլար:
Պելճիքացի հեղինակ Օ՛Քելլի, նշելէ ետք աշխարհի ախոյեանին տաղանդն ու բացառիկ յատկութիւնները, ցոյց կու տայ անոր գլխաւոր տկարութիւնները եւ կը գրէ. «Պետրոսեանի տկարութիւնը կը կայանայ իր թուլութեան եւ եռանդի ու մարտնչելու ոգիի տկարութեան մէջ: Ճիշդ այս պատճառով բազմաթիւ յաղթանակներ կորսնցուցած է: Օրինակ, Եուկոսլաւիոյ միջազգային մրցաշարքին (1965 յունիս), նոյն պատճառներով Պետրոսեան պարտուեցաւ հունգարացի Փորթիշէն եւ երրորդ հանդիսացաւ: Նոյնպէս, այս տարուան Եւրոպայի ճատրակի ողիմպիականին տասը խաղի վրայ ապահովեց միայն երկու յաղթանակ եւ ութ հաւասարութիւն:
Վերջացնելէ ետք իր վերլուծումները, Օ՛Քելլի կը գրէ, թէ Պետրոսեան եթէ լուրջ կերպով պայքարի իր տկարութեան դէմ, բաւական ատեն կրնայ պահել աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը:
Ներկայիս տեղի կ՛ունենան ճատրակի մրցումներ աշխարհի ութ զօրաւորագոյն խաղացողներուն միջեւ` որոշելու համար աւարտական մրցակիցը Պետրոսեանի դէմ: Այս երկուքին միջեւ, 1966-ի գարնան, տեղի պիտի ունենայ 24 խաղերէ բաղկացած մրցում մը` աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու համար:
Յ. Ս.