Հայաստան
Թատրոնի Նոր Շէնք
Աշխատանքներ կը տարուին թատրոնի նոր շէնքի մը շինութեան ուղղութեամբ:
Առաջին բեմադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 1966 յունուարին: Պիտի բեմադրուի «Պեպօ»-ն:
Թատրոնի նոր շէնքը պիտի ունենայ բոլոր յարմարութիւնները: Փորձասրահներու մէջ փորձեր կրնան կատարել երեք խումբեր, որոնցմէ երկուքը միաժամանակ ներկայացումներ կրնան տալ շէնքին երկու դահլիճներուն մէջ: Գլխաւոր թատերասրահը ունի 1150 աթոռ, երկրորդը` 450:
Ճեմասրահներու եւ հանդիսասրահի ճարտարապետական ձեւաւորումին մէջ օգտագործուած են հայկական գրեթէ բոլոր լաւագոյն քարատեսակները` տուֆէն մինչեւ մարմար: Գլխաւոր ճեմասրահին պատին վրայ պիտի զետեղուի Մարտիրոս Սարեանի Հայաստանի բնաշխարհը պատկերացնող մեծ պաստառը, զոր յօրինած է յատկապէս թատրոնին համար:
Թատրոնը պիտի ունենայ` յարմարաւէտ զարդասենեակներ, լոգարաններ, հանգիստի անկիւններ, ձմեռնային պարտէզ` իր փոքրիկ սրճարանով:
Ներկայացումները, շնորհիւ հաստատուած սարքերուն, կարելի է ունկնդրել եօթը օտար լեզուներով:
Ռատիօ-Աստղագիտական Գործիք Մը
Պիտի Կառուցուի Բիւրականի Մէջ
Մօտ օրէն Բիւրականի դիտարանին մէջ պիտի հիմնուի երկու հայելիով խոշոր ալեհաւաք մը, զոր հայ գիտնականներ յղացած են: Նոր ռատիօ-հեռադիտակին գերզգայուն ալեհաւաքին սիստեմը, որ շատ տկար ազդանշաններ կրնայ ստանալ եւ ճշգրտօրէն «ուղղուիլ» դէպի այդ ազդանշանները, կարելիութիւն պիտի տայ գիտնականներուն, որ տիեզերքի չխուզարկուած խորութիւններէն ներս թափանցեն եւ Ծիրկաթինի բնագիտական բարդ երեւոյթներուն գաղտնիքները հասկնան: Յատկապէս պիտի ուսումնասիրուի միջմոլորակային ջրածինը, եւ մինչեւ ռատիօ-ճառագայթումի «ռատիօ-աստղերուն» տիեզերական աղբիւրները հասնող հեռաւորութիւնը պիտի ճշդուի:
Ինչպէս ծանօթ է, հետզհետէ աւելի մեծ թիւով գիտնականներ կ՛ենթադրեն, թէ խորհող էակներ կ՛ապրին ուրիշ մոլորակներու վրայ: Հայ աստղագէտները պիտի ջանան նոր ռատիօ-հեռադիտակը օգտագործել` Երկրին մօտ գտնուող մոլորակի մը բնակիչներուն հետ կապ հաստատելու համար:
Գոյութիւն ունեցող եւ շրջուն հայելիով օժտուած սիստեմներու հակառակ, 100 մեթր տրամագիծ ունեցող նոր ռատիօ-հեռադիտակին գլխաւոր ցոլացուցիչը կայուն պիտի ըլլայ, բայց երկրորդ հայելին, որ ութ մեթր տրամագիծ ունի, եւ որ գլխաւոր հայելիին վերեւ հաստատուած է, ճօճուող պիտի ըլլայ: Հեռադիտակին ցոլացուցած ճառագայթները հաւաքելով` զանոնք դէպի ընկալուչ պիտի ուղղէ: Փոքր հայելիին մէկ մասնաւոր ձեւը բացարձակապէս կ՛անհետացնէ պատկերներու պղտորումը, ինչ որ գնդաձեւ հայելիներուն յատկանիշը կը կազմէ:
Ապագայ երկհայելի ռատիօ-հեռադիտակին մէկ փոքր նմուշը արդէն յաջողութեամբ կը գործէ Բիւրականի շրջանին մէջ:
Հայ Կեանք
Արաբ Ղեկավարներ Գոհունակութիւն
Կը Յայտնեն Հայ Ժողովուրդի Մասին
Կը Յայտնեն Հայ Ժողովուրդի Մասին
Մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան օրին կը գրէ Քազապլանքայէն, Մարոք.
12 արաբ թագաւորներ եւ նախագահներ շաբաթ մը կարեւոր ժողովներ գումարեցին: Արդիւնքը ընդհանրապէս գաղտնի կը մնայ: Որոշած են շարունակել Պաղեստինի ազատագրման պայքարը: Համաձայնութիւն մը գոյացած է, որ շատ յստակօրէն կը ճշդէ իւրաքանչիւր արաբ պետութեան անկախութիւնը:
Հրաւիրուած էի այս ժողովին` իբրեւ հիւրը Մարոքի Հասան Բ. թագաւորին, որ կը փափաքէր դիւրացնել ծանօթութիւնս արաբ թագաւորներուն եւ նախագահներուն հետ:
Այս բարձր դէմքերէն շատերուն հարցուցի իրենց երկիրներու հայ գաղութներու մասին, եւ ամէնքն ալ շեշտեցին, թէ հայերը հաւատարիմ ու լաւ քաղաքացիներ են, կարեւոր մէկ տարրը` արաբ երկիրներու յառաջդիմութեան:
Նախագահ Նասըրի շրջանակէն տեղեկացայ, թէ Խ. Միութեան նախագահ Անաստաս Միկոյեան Եգիպտոս պիտի այցելէ` իբրեւ փոխադարձութիւն նախագահ Նասըրի այցելութեան:
Ակնարկ
Պապը Նիւ Եորքի Մէջ
Այս օրերուն միջազգային մամուլը լայնօրէն կը զբաղի Պօղոս Զ. պապին` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան տուած այցելութեամբ: Այդ մեկնաբանութիւններուն մէջ ամէնէն յատկանշականը եւ ուշագրաւներէն մէկը կը հանդիսանայ ֆրանսական «Լ՛էքսփրես» շաբաթաթերթին յօդուածը, որ կը կրէ «2000 թուականին պապը» խորագիրը:
Ծանօթ լրագրող Ժորժ Սիւֆեր, որ թերթին Ֆրանսայի բաժնին խմբագիրն է, տալէ ետք Ս. քահանայապետին ճամբորդութեան կազմակերպման մանրամասնութիւնները, կը թուէ այս բացառիկ այցելութեան պատճառները:
Նախ կը յայտնէ, թէ պապին Նիւ Եորք ճամբորդութեան որոշումը տրուած է հակառակ իր կարգ մը խորհրդականներուն ընդդիմութեան: Անոնք ընդգծած են, թէ նախորդ երկու այցելութիւնները` Երուսաղէմ եւ Պոմպէյ, զուտ կրօնական հանգամանք ունէին, մինչդեռ Նիւ Եորք այցելութիւնը պիտի ունենայ էապէս քաղաքական նկարագիր, եւ եկեղեցին պիտի մխրճէ քաղաքական խնդիրներու լաբիւրինթոսին մէջ, որմէ հազիւ ձերբազատած էր հարիւր տարի առաջ:
Հակառակ ասոր` պապը որոշեց Նիւ Եորք այցելել: Ֆրանսական թերթը կը թուէ չորս պատճառ, որոնցմէ վերջինը ամէնէն ուշագրաւն է եւ պէտք է շեշտուի: Պապը շատ մտահոգուած է ու յոռետես` յառաջիկայ 35 տարիներու ընթացքին ազգամիջեան յարաբերութիւններու հոլովոյթով:
Պօղոս Զ. կը վախնայ, որ պատերազմ ծագի: 1950-ին շատեր պատերազմը մօտալուտ կը կարծէին: 1965-ին ոչ ոք կը հաւատայ: Միջին քաղաքացին կը խորհի, թէ ռուսերն ու ամերիկացիները զիրար լաւ հասկցած են, եւ երկու մեծերուն իմաստութիւնն ու ուժը կը հանդուրժեն միայն տեղական փոքր պատերազմներ, գրեթէ անհետեւանք:
«Այդպէս չի մտածեր սակայն Պօղոս Զ.», կը գրէ «Լ՛էքսփրես»: Ըստ անոր, համաշխարհային հոլովոյթին տիրական գիծը ազգայնականութեան զօրացումն է` հիւլէական զէնքի տարածումով:
Յառաջիկայ երեսունհինգ տարիներու ընթացքին մինչեւ 2000 թուական, աշխարհ ենթակայ պիտի ըլլայ իշխանութեան պետի մը խենթութեան կամ ժողովուրդի մը հաւաքական գինովութեան, եթէ այժմէն իսկ աշխատանք չթափուի կարգի դնելու համար ազգամիջեան յարաբերութիւնները:
Ա՛յս է պապին ճամբորդութեան հիմնական պատճառը: Ու եթէ ճիշդ է, որ եկեղեցին քաղաքական կեանքի խնդիրներու մէջ վերստին մխրճուելով վտանգաւոր քայլ մը կ՛առնէ, այդ վտանգը կը նսեմանայ այն միւս վտանգին առջեւ, որ կը սպառնայ մեր մոլորակին:
Հակառակ շատերու թերահաւատութեան` Պօղոս Զ. կը հաւատայ, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը կարելի միակ հաստատութիւնն է ազգամիջեան յարաբերութիւններու ներդաշնակման համար:
X