ՀՄԸՄ-ի 4-րդ Միջմասնաճիւղային
Մարզահանդէսը Պաղտատի Մէջ
1961-ին Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած առաջին միջմասնաճիւղային մարզահանդէսի ստեղծած խանդավառութիւնը եւ ձեռք բերուած մեծ յաջողութիւնը առիթ տուին Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի վարիչներուն` որոշելու ամէն տարի կազմակերպել միջմասնաճիւղային մրցումներ:
ՀՄԸՄ-ի վարիչները ամէն տարի կազմակերպեցին միջմասնաճիւղային մարզահանդէսը` հետզհետէ աւելի մեծ նուաճումներ արձանագրելով:
1965 սեպտեմբեր 17, 18, 19 տօնական օրեր էին գաղութին հայ հասարակութեան համար: Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի Դ. միջմասնաճիւղային մարզահանդէսն էր:
Ակումբը զարդարուած էր գոյնզգոյն լոյսերով եւ ժապաւէններով: Իրաքեան եւ ՀՄԸՄ-ի զոյգ դրօշակները խորհրդաւոր գոյներով կը ծածանէին խաղավայրի բարձունքին վրայ: Զանազան շրջաններէ ինքնաշարժները իրարու ետեւէ կանգ կ՛առնէին ՀՄԸՄ-ի ակումբին առջեւ: Մօտ 5000 հանդիսականներ անհամբեր կը սպասէին մարզահանդէսի բացումին:
ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը իր արդիական գործիքներով պատրաստ կը սպասէ բացման ազդանշանին: Եղբ. Նորայր Աւագեան, ՀՄԸՄ-ի մարզական վարիչը, կու տայ բացման նշանը: Եւ փողերախումբը կը կատարէ բացումը «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով:
Կը տողանցէ սկաուտներու եւ մարզիկներու թափօրը: Տողանցքը կ՛առաջնորդուէր իրաքեան եւ ՀՄԸՄ-ի զոյգ դրօշակներով:
Տողանցքին կը մասնակցէին` գայլիկներ, արծուիկներ, արենուշներ` իրենց կակուղ թաթիկներով. ապա սկաուտները` Պաղտատէն, Քերքուքէն եւ Մուսուլէն: Տողանցքը կը տեւէ կէս ժամ եւ կը վերջանայ փայլուն յաջողութեամբ:
Եղբ. Հայկ Պոսթանեանի բացման խօսքէն ետք Մուսուլի, Պաղտատի եւ Քերքուքի մարզիկ-մարզիկուհիները խաղավայր կ՛իջնեն: Իսկ սկաուտները կը ստանձնեն կարգապահութեան հսկելու պարտականութիւնը: Կը սկսին մրցումները:
Բոլոր մրցումները տեղի ունեցան կանոնաւոր կերպով: Մրցումներուն մէջ Պաղտատ կը պահէր իր կայուն դիրքը. Քերքուք թէեւ պարտուած էր, սակայն կը շարունակէր իր խանդավառ մասնակցութիւնը: Պաղտատի եւ Քերքուքի զոյգ խումբերն ալ իրենց հոյակապ միջամտութիւններով ներկաներու խոր գնահատանքին արժանացան:
Քերքուքի յառաջդիմութիւնը մեծ գնահատանքի արժանի էր: Գալով Մուսուլի շրջանին, դժբախտաբար, երեք լաւագոյն մարզիկները կամքէ անկախ պատճառներով բացակայ էին եւ շրջանը կորսնցուց ապահովուած կարգ մը խաղերու ախոյեանութիւնը:
Սկաուտները իւրաքանչիւր մրցումէ ետք կը ներկայացնէին այլազան խաղեր` ղեկավարութեամբ Երջանիկ Պապայեանի, որոնք խոր տպաւորութիւն թողուցին ներկաներուն վրայ:
Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ կիրակի, 19-9-65, կէս գիշերուան ժամը 12:30-ին կը վերջանար մարզահանդէսը` արձանագրելով հետեւեալ արդիւնքները:
Պաղտատի շրջանը կը տիրանայ ախոյեանութեան բաժակին, Քերքուք կը հանդիսանայ երկրորդ, իսկ Մուսուլ` երրորդ:
Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի Դ. միջմասնաճիւղային մարզահանդէսը փակուեցաւ փառաւոր յաջողութեամբ:
ՆԺԴԵՀ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Պաղտատ
20-9-1965