Ակնարկ
Մեծ Ծրագիրներ
Վերջին տասը տարիներու ընթացքին ՊԷյրութի մէջ կատարուած շինարարական աշխատանքները անճանաչելի դարձուցած են մայրաքաղաքին կարգ մը թաղամասերը: Բայց իննսուն տոկոսով այդ փոփոխութիւնները արդիւնք են անհատական նախաձեռնութիւններու: Հանրային մարզը նոյն չափով չհետեւեցաւ դժբախտաբար շինարարութեան թափին:
Բազմաթիւ ծրագիրներ եկան պատկան մարմիններու սեղանին վրայ: Անոնցմէ ոմանք որդեգրուեցան, ուրիշները մոռացութեան գիրկը նետուեցան: Ոմանց մասին կը խօսուի երբեմն` խանդավառելով այս երկրի, գլխաւորաբար Պէյրութի քաղաքաշինական աշխատանքներուն հետեւողները, բայց` միայն այդքան:
Առաջին հերթին, հանրային ծրագիրներու գործադրութիւնը ծայրայեղ դանդաղութեամբ մը կը յատկանշուի: Ճամբու մը բացումը կ՛որոշուի: Սեփականազրկումի գործողութիւնները կը տեւեն ամիսներ, չըսելու համար` տարիներ: Այդ ձեւակերպութիւններու իրագործումէն ետք եւս հարցը չի փակուիր: Աշխատանքները առաջ կը տարուին մահացու դանդաղութեամբ մը, որմէ եթէ քանի մը օգտուողներ կ՛ըլլան, տուժողը կ՛ըլլայ, սակայն, հասարակութիւնը:
ՍԵփականազրկումի ձեւակերպութիւններէն ետք քանդումի աշխատանքները եւս կ՛աւարտին, ճամբան կը բացուի, բայց կը մնայ անգործածելի վիճակի մէջ: Պլոքաժի եւ կպրապատումի պարզ գործողութիւն մը, շրջագայութեան ահաւոր դժուարութիւններու այս օրերուն, ամիսներու կը կարօտի:
Վրայ կը հասնի անձրեւը, ու մօտակայ բոլոր փողոցները ցեխակոյտի կը վերածուին:
Անցեալ տարի խօսուեցաւ Պէյրութի երկու «բորոտ թաղերը»` Ղալղուլի շրջանը (Ռիատ Սոլհ հրապարակին մօտ) եւ Պուրճի հրապարակին արեւելեան կողմի շէնքերը քանդելու եւ արդիական բնակարաններ, գրասենեակներ ու հանրօգուտ հաստատութիւններ կառուցելու մասին: Ամբողջ ծրագիրը պիտի աւարտի տասը տարիէն: Բայց ե՞րբ պիտի սկսի եւ սկսելէ ետք, ե՞րբ պիտի վերջանայ: Աստուա՛ծ գիտէ:
Այժմ ալ սեղանի վրայ եկած է Պէյրութի ծովեզերքին մէկ մասը, սինեմա Պիպլոսէն մինչեւ ամերիկեան դեսպանատուն, ծովային ճամբով նոր յարդարումի ենթարկելու մասին: Նոյնիսկ մրցում մըն ալ կազմակերպուած է, մրցանակով: Բայց վստահ կարելի է ըլլալ, որ տարիներ պիտի անցնին, մինչեւ որ աշխատանքները սկսին ու վերջանան:
Քաղաքաշինական աշխատանքները կը կարօտին կտրուկ միջոցներու: Ձգձգումներն ու ձեւակերպութիւններու ձանձրացուցիչ դանդաղութիւնները արդարանալի չեն երբեք: Եթէ կ՛ուզուի Պէյրութը վերածել արդիական մայրաքաղաքի մը, համապատասխան ընթացք պէտք է տրուի գործերուն:
Առնուազն, հանրային նախաձեռնութիւնները պէտք է քայլ յարմարցնեն անհատական նախաձեռնութիւններուն:
X
Մարզական
Հայաստանի Պասքեթպոլիստները
Պէյրութի Մէջ
Երէկ Դամասկոսի ճամբով Պէյրութ ժամանեցին Հայաստանի մանչերու պասքեթպոլի խառն խումբին մարզիկները: Երեկոյեան, ի պատիւ մարզիկներուն, կազմակերպուած էր մամլոյ ասուլիս մը: Բարի գալուստի խօսքերէ ետք, խումբի պատասխանատուն` Կոստանդին Մալխասեան, ներկայ լրագրողներուն ծանօթացուց հայաստանցի մարզիկները, որոնց ֆիզիքական կազմը խոր տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն վրայ: Խումբէն երկու մարզիկներ 2,5 հասակ ունին: Իսկ խումբին մաս կը կազմէ միջազգային խաղցող, Խորհրդային Միութեան խառն խումբի լաւագոյն հինգ խաղացողներէն Արմենակ Աքաչաճեան, որ այժմ կը խաղայ Խորհրդային Միութեան բանակի խառն խումբէն, որ Խորհրդային Միութեան ախոյեանն է:
Այսօր երեկոյեան Հայաստանի խումբը կը մրցի «Անդրանիկ»-ի դէմ: Վաղը «Քլիւպ սփորթիֆ»-ի դէմ: Իսկ կիրակի օր հայաստանցիք պիտի մրցին ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ նախքան մանչերու մրցումը, ժամը 6:30-ին ՀՄԸՄ-ի աղջիկներու խումբը պիտի մրցի Էօ. Էն. Պէ.-ի դէմ:
ՀՄԸՄ Ընդդէմ Սալամի
Կիրակի, 17 հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Սալամի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-Սալամ ֆութպոլի բարեկամական հանդիպումը, որ նաեւ ՀՄԸՄ-ի եղանակի պաշտօնական բացումն է:
ՀՄԸՄ-ի խումբը, որ աւելի քան ամիս մը կանոնաւորաբար կը մարզուի Ժ. Նալպանտեանի հսկողութեան տակ, բոլորովին բարեփոխուած ձեւով պիտի ներկայանայ մարզասէր հասարակութեան: Հին խաղացողներու կողքին նոր տարրեր` Հրայր Տէր Թորոսեան եւ Գօգօ Սեւտալեան պիտի զօրացնեն խումբը, իսկ բոլորովին երիտասարդ խաղացողներէն Պետրոս Հայրապետեան (ձախ ծայր) առաջին անգամ դաշտ պիտի իջնէ: Լեւոն Ալթունեան (խմբապետ), որ անհանգստութեան պատճառով անցեալ եղանակին իրմէ սպասուած արդիւնքը չտուաւ, այս տարի բոլորովին առողջացած է եւ լաւագոյն կազմի մէջ կը գտնուի:
Էշրեֆիէի Սկաուտ-Արծուիկները
Այս Ամառ
Սաննին լերան ստորոտն ենք: Յանկարծ խմբապետը կը հրահանգէ բարձրանալ գագաթը:
Կարճ ժամանակի մը մէջ Սաննին կը գտնուի մեր դրօշին տակ:
Սկաուտ-արծուիկ կը նշանակէ` բնութիւն: Կը նշանակէ` շարժում, եռանդ, մաքրութիւն: Կը նշանակէ` ընկերասիրութիւն եւ զուարթութիւն:
Հաւաքական կեանքը կը սկսի բնաւորութիւն դառնալ մեր մօտ` մեզ պատրաստելով ընկերային առողջ կեանքի:
Ահա՛ 1965-ի ամառը եւ ահա՛ ՀՄԸՄ-ի Բ. խումբը (Էշրեֆիէ):
Չորս խմբային եւ մէկ աստիճանաւորական բանակում, երկու դպրոց-բանակումներ, այցելութիւն մը Ժիպէյլի որբանոցը ու չորս ծովարշաւ:
Պրումանա, Ատոնիս, Ղոստա, Զմմառու վանք, Հարիսա, Պոլոնիա, Սաննին, Քլէյաթ ու այս գեղեցիկ վայրերուն մէջ` խարոյկահանդէս, մարզական ցուցադրութիւններ, սկաուտական գիտելիքներ, աստիճանի բարձրացում, երգ, երգ, երգ:
1965-ի ամառ եւ ԼՕԽ-ի արծուիկներ (Էշրեֆիէ):
Շաբաթական հաւաքոյթներ, վեց արշաւ, այցելութիւններ Անթիլիաս, թանգարան, որբանոց, բանակավայրեր, հինգ օրուան բանակում` Այնճարի մէջ, 5 ծովարշաւ:
Լիբանանի այս գեղեցիկ լեռներուն ստորոտը ըլլալ ու չըլլա՜լ արծուիկ-սկաուտ:
Չոր զեկուցում մըն է այս, բայց շարժումներուն մասնակիցները գիտեն, թէ ի՜նչ անջնջելի յիշատակներով հարստացան հոգեպէս:
Մեր ոչ սկաուտ-արծուիկ քոյր եղբայրներուն կ՛ըսենք.
Հպարտ ենք ու երջանիկ մեր տարազին տակ:
Շղթան լայնցնենք, դառնանք բնութեան առոյգ զաւակները` պայծառ ճակատով, շէն բնաւորութեամբ եւ առողջ նկարագրով:
ՀՈՒՐՀԵՐ