Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Հոկտեմբեր 1965)

Հոկտեմբեր 5, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խաչատուրեանի Վիճակը
Գոհացուցիչ Է

Երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեանին վիճակը կայուն է, կը հաղորդէ Ժընեւի հիւանդանոցը: Երգահանը առանձին է իր սենեակին մէջ: Այցելութիւնները արգիլուած են` բացի ընտանեկան պարագաներէն եւ բարեկամներէ:

Ժընեւի խորհրդային առաքելութեան կեդրոնը կը հաղորդէ, որ խորհրդահայ երգահան Արամ Խաչատուրեանի առողջական վիճակը գոհացուցիչ է: Դարմանող բժիշկները այսօր նոր քննութեան մը պիտի ենթարկեն հիւանդը` զայն վտանգէ զերծ յայտարարելու համար: Արամ Խաչատուրեան 62 տարեկան է:

 

Արամ Խաչատուրեան
Աշխարհահռչակ Երգահանը

 Ի՞նչ Կը Գրէ Ֆրանսական
Գործակալութիւնը «Գայեանէ»-ի
Հեղինակին Մասին

Արամ Խաչատուրեան, որ սրտի տագնապ մը ունեցաւ, ազնուադրոշմ դիմագիծ մը ունի. սուր աչքեր, թաւ յօնքերու ներքեւ, արեւելեան գիծեր, կարճ քիթով, արծաթափայլ մազեր: Խորհրդային մայրաքաղաքին մէջ յաճախ ներկայ կ՛ըլլար դիւանագիտական ընդունելութիւններու: Մոսկուայի աշխարհիկ շրջանակներուն ծանօթ դէմք մը:

Իշխանութեան կողմէ պատւուած (չորս ստալինեան մրցանակ, մէկ` լենինեան) եւ ժողովուրդին պաշտամունքին առարկայ` 1948-ին սակայն ենթարկուեցաւ շնորհազրկման կարճատեւ շրջանի մը, իր «արհեստապաշտութեան» եւ շռնդալից ազդեցութիւններու որոնումին պատճառով, որոնք չափազանցուած կը նկատուէին:

Զաւակը թիֆլիսցի բանուոր-կազմարարի մը` Վրաստան ծնած այս հայը հաւատարիմ աշակերտն է ռուս երգահաններու դասական աւանդութեան, միանալով Մուսորկոքիի մը կամ Կլինքայի մը` իր երաժշտութեան էապէս նկարագրական եւ ֆոլքլորիք բնոյթով: Այդ երաժշտութեան ամէնէն հռչակաւոր նմուշներէն մէկն է «Սուրերու պարը»` առնուած իր «Գայեանէ» պարանուագէն (1942):

Այսուհանդերձ, երբ 20 տարեկան էր, երիտասարդ Խաչատուրեան 1923-ին ներկայացաւ Մոսկուայի «Թեքնիքում միւզիքալ»-ը մտնելու համար թաւջութակի դասարանը, մեծ դժուարութիւններ ունեցաւ ընդունուելու համար: Այդ շրջանին նոյնիսկ ի վիճակի չէր երաժշտական նոթեր կարդալու:

Փառքի տիրացաւ 1934-ին` իր «Առաջին համանուագ»-ով, որուն 1936-ին հետեւեցաւ «քոնչերթօ դաշնակի եւ երգչախումբի համար», որ վերջնականապէս հաստատեց իր համբաւը:

Պաշտօնական երգահան` Խաչատուրեան 1938-ին ստեղծեց «Պոէմ Ստալին»-ին եւ հեղինակն է Հայաստանի խորհրդային հանրապետութեան քայլերգին:

Դասական երգահան` հեղինակն է համայն աշխարհի մէջ ծանօթ երաժշտութեան մը, «Գայեանէ» եւ «Սփարթաքիւս»-ի նման պարանուագներու:

Ժողովրդային երգահան վերջապէս` գրած է «Օթելլօ» խորհրդային ժապաւէնին երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ պարանուագներ, սիրերգներ եւ այլ եղանակներ, որոնք բոլորին շրթներուն վրայ են:

Խաչատուրեան նաեւ մեծ ճամբորդ մըն է:  Յաճախ իր գործերը վարած է արտասահմանի մէջ եւ այս գետնին վրայ կը հանդիսանայ իր երկրին «մշակութային դեսպանը»:

 

Շթորայի Կազդուրման Կայանը

1965 սեպտեմբեր 1: Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան առջեւ մարդատար հսկայ ինքնաշարժի մը շուրջ մեծ եռուզեռ կայ: Մայրեր, իրենց սրտահատորներուն ձեռքէն բռնած, ծրարներով եւ պայուսակներով ուրախ զուարթ կը փութան դէպի օթոպիւսները:

Հետաքրքրութենէս մղուած` կը հարցնեմ փոքրիկներուն.

– Ո՞ւր կ՛երթաք:

– Շթորայի կազդուրման կայանը,- կը պատասխանեն 5 – 12 տարեկան տղաք:

Ամէն ոք իր տեղը գրաւած է:

Շարժավարը կ՛աշխատցնէ մեքենան, փոքրիկներուն ուրախ բացագանչութիւնները կը յամենան մեր ականջներուն մէջ: Մայրերուն արցունքներն ալ կը հետեւին սուրացող կառքին:

Այս ուրախալի երեւոյթը 12 տարիներէ ի վեր կը շարունակուի եղեր: Շատեր գաղափար չունին, թէ մեր մանուկները որո՞նց կը յանձնուին, ի՞նչ կ՛ուտեն եւ ինչպէ՞ս կ՛անցընեն ամառուան երեք ամիսները:

Իրազեկ դառնալու համար, այցելութիւն մը տուի Շթորայի «Աղբալեան» սրահը: Բակին մէջ ամայութիւն է, մինչդեռ կը յուսայի երեխաներուն ճռուողիւնը լսել. հանգիստի պահն է, խոհանոց կը մտնեմ: Տեսայ, որ աշխատաւորները մեղուաջան աշխատանքով կերակուր կը պատրաստեն տեսչուհիին հսկողութեան տակ:

Մեծ եղաւ ուրախութիւնս, երբ նկատեցի, որ վարժուհին մեզի հինէն ծանօթ, փորձառու կրթական մշակ մըն է: Իր պաշտօնին արժանի մանկապարտիզպանուհի Մարի Յ. Քէշիշեանն է: Այս բարեդէպ առիթէն օգտուելով` մօտեցայ մահճակալներուն, որոնք մաքուր եւ լաւ շտկուած են: Փոքրիկներ` մշիկ-մշիկ կը քնանան, ուրիշներ` կէս քուն-կէս արթուն: Ոմանք ալ մեղմիւ իրարու հեքիաթներ կը պատմեն:

Իսկ պատասխանատու ուսուցչուհին կը շրջի ննջարանին մէջ: Ան, որ տկար է եւ որեւէ բանի պէտք ունի, անմիջապէս օգնութեան կը հասնի: Եթէ մէկը բաց պառկած է, վրան կը գոցէ, որ չմսի: Կը կազմակերպէ հանդէսներ, հաւաքոյթներ, որոնց մէջ կը խօսի աշխարհագրութեան, տնտեսագիտութեան, կրօնի, հայրենիքի մասին, հնազանդութիւն կը յանձնարարէ հօր, մօր եւ մեծերուն, նաեւ յարգանք: Պտոյտի երթալու ատեն «գառնուկ»-ները կը համրէ: Առաւօտուն կ՛արթննան, կը լուացուին: Իւրաքանչիւրը իրեն յատկցուած անձեռոցով կը սրբուի: Շաբաթը մէկ անգամ բոլորը անխտիր կը լոգնան:

Սեպտեմբեր 12, Խաչվերացի օր: Պատարագ կը մատուցուի: Պատարագիչն էր Սահակ քհնյ. Պալեան: Բոլոր աշակերտները յոտնկայս ու երկիւղած կը հետեւին արարողութեան:

Սեպտեմբեր 19-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոս իր Այնճար երթի ճամբուն վրայ կանգ առաւ Շթորայի կազդուրման կայանը: Մեծ հիւրին համար պատրաստուած էր յաղթական կամարներ: Աշակերտութիւնը մաքուր հագուած` փութաց զայն արժանապէս ընդունելու: Եղան երգեր, ուղերձներ` աշակերտութեան եւ տեսչութեան կողմէ: Թռցուեցան աղաւնիներ: Վեհափառէն սկսեալ, բոլոր հետեւորդները գնահատանքով խօսեցան տարուած աշխատանքին մասին:

Կայան եկած տկար աշակերտներուն թիւը ամսական 45 էր: Հիմա 82-ի բարձրացած է: Այս հանգստեան տունը ամրան ամսական 2000 փոքրիկներ կրնայ ընդունիլ, պայմանաւ որ նոյնքան ալ մահճակալներ տրամադրուին եւ երկրորդ յարկն ալ բարձրանայ:

Ուրեմն գործի սկսելու ատենն է: Հարուստը իր ունեցածէն առատօրէն, սիրայօժար, աղքատն ալ իր լուման պէտք է տայ այս վսեմ ու ազգապարծան նպատակը իրագործելու համար:

Շթորայի չոր ու առողջարար օդէն մեր փոքրիկները կազդուրուած` մեզի կը վերադարձուին, որովհետեւ հոն պաշտօն վերցնողները անձուիրաբար կ՛աշխատին:

Իբրեւ ծնող` այցի եկանք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի կազդուրման կայանը: Գոհ մնացինք փոքրիկներու տրուած խնամքներէն: Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, խաչուհիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք հայ մանկան հոգեկան, բարոյական ու մարմնական խնամքին համար ճիգ չեն խնայեր:

ԾՆՈՂ ՄԸ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կեդրոնականցի Արմենակ Եւ Երկիրներու Պարտքերը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?